Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔՍԱՆ ՏԱՐԻ ԵՏՔ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ

July 17, 2025
in Հայաստան
0
ՔՍԱՆ ՏԱՐԻ ԵՏՔ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ

 

 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր երէկուայ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կեդրոնացաւ Հայաստանի տարածաշրջանային զարգացումներու եւ արտաքին յարաբերութիւններուն վրայ: Անդրադառնալով Ատրպէյճանի հետ հաղորդակցութիւններուն, Փաշինեան ցաւ յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ է վստահութեան խոր պակաս: Վարչապետը սակայն չբացառեց, որ Ապու Տապիի հայ-ատրպէյճանական հանդիպումը ունենայ դրական արդիւնքներ, սակայն մերժեց այժմ խօսիլ այդ մասին: «Ապու Տապիի մէջ չէ քննարկուած Հայաստանի մէջ ատրպէյճանցիներու բնակեցումի հարցը», ըսաւ վարչապետը: Ան դիտել տուաւ, որ հայ սահմանապահները պիտի տեղակայուին Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճանապարհին վրայ՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան շրջանակներուն մէջ: «Անոնք քաղաքացիներուն հետ անձնական շփում պիտի չունենան, որովհետեւ պիտի ստուգուին կենսաչափական անցագրերը», ըսաւ Փաշինեան: Ան շեշտեց, թէ Ատրպէյճանի հետ որեւէ խօսակցութիւն չ’ըլլար, ուր գերիներու ազատ արձակումի հարցը պատշաճօրէն չքննարկուի:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ հետ բնականոնացումի հարցին, վարչապետը այդ համարեց կարեւոր քայլ Հայաստանի պետականութեան յարատեւութեան համար:

Անդրադառնալով Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններուն, Փաշինեան կարծիք յայտնեց, որ Հայաստան 20 տարի ետք պիտի ըլլայ Եւրոմիութեան անդամ, սակայն նոյնիսկ եթէ այդ չըլլայ, ապա երկիրը պիտի բարձրանայ եւրոպական չափանիշերու մակարդակին: «Մենք կը պատրաստուինք Ֆրանսայի հետ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր կնքելու», նշեց Փաշինեան: Անոր համաձայն, Ռուսիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները այլեւս պիտի չըլլան այնպէս՝ ինչպէս եղած են անցեալին: «Ես չեմ ուզեր տեսնել ռուսական հեռատեսիլի կայաններուն փակումը Հայաստանի մէջ, սակայն Ռուսիոյ մէջ կան ուժեր, որոնք մեզ կը ստիպեն դիմել այդ քայլին», բողոքեց Փաշինեան: Անոր համաձայն, աւելի հաւանական է, որ Երեւան դուրս գայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ), քան ապասառեցնէ անդամակցութիւնը:

Share67Tweet42
Previous Post

  ԿՈՉԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ՈՒ ԱՐՏԵՐԿՐԷՆ

Next Post

  ԼԻԲԱՆԱՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԻՐԱՐ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻՆ

Next Post
  ԼԻԲԱՆԱՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԻՐԱՐ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻՆ

  ԼԻԲԱՆԱՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԻՐԱՐ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.