Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ԿՈՉԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ՈՒ ԱՐՏԵՐԿՐԷՆ

July 17, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
  ԿՈՉԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ՈՒ ԱՐՏԵՐԿՐԷՆ

 

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաք խստիւ դատապարտեց Սուէյտայի քաղաքայիներուն նկատմամբ կատարուած ոտնձգութիւնները, բոլոր կողմերէն պահանջելով հանդարտիլ ու երկխօսութիւն կատարել՝ ամրացնելու համար երկարատեւ զինադադար մը եւ պատժելու յանցագործները: Ամերիկացի արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիօ մտահոգութիւն յայտնեց իսրայէլեան հարուածներէն, կոչ ուղղելով ինքնազսպումի:

  Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն դատապարտեց Սուէյտայի իսրայէլեան հարուածները, շեշտելով թէ այդ տարածաշրջանային վիճակը կրնայ մատնել վտանգաւոր անկումի: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտարարութեամբ մը դատապարտեց Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան հարուածները, տեղի ունեցածը համարելով Սուրիոյ գերիշխանութեան բացայայտ խախտում: Սալամի համաձայն, կարելի չէ ընդունիլ հրթիռային նամակները:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահ Ուալիտ Ճոմպլաթ մեկնաբանեց Սուրիոյ հարցերուն Իսրայէլի միջամտութիւնը եւ դիտել տուաւ, որ Իսրայէլ տիւրզիները չի պաշտպաներ, այլ կը շահագործէ զանոնք: Իսկ նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, թէ Իսրայէլի տիւրզիները պիտի սկսին շարժիլ, լիբանանացիներէն ալ պահանջելով մասնակցութիւն Սուէյտայի մէջ տեղի ունեցածէն բողոքող շարժումներուն:

Լիբանանի մէջ տիւրզիներու հոգեւոր առաջնորդ Սամի Ապի էլ-Մունա կարծիք յայտնեց, որ տիւրզիները հեռացնելու ծրագիր գոյութիւն չունի, այլ կան կարգ մը աւազակախումբեր եւ որոշ ծայրայեղական ուժեր: «Մտավախութիւն ունինք, որ Սուրիոյ մէջ պատահածը փոխանցուի Լիբանան, ուստի կը պահանջենք անյապաղ լուծում գտնել այս խնդիրին», ըսաւ ան:

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՍՈՒԷՅՏԱՅԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ ԵՒ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ

Next Post

ՔՍԱՆ ՏԱՐԻ ԵՏՔ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ

Next Post
ՔՍԱՆ ՏԱՐԻ ԵՏՔ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ

ՔՍԱՆ ՏԱՐԻ ԵՏՔ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.