Փոխելով ռուս-ուքրանական պատերազմէն այսուհետեւ հեռու մնալու իր նախկին որոշումը, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց յաւելեալ ծանր զէնքեր Ուքրանիա ուղարկելու որոշումին մասին, շեշտելով հանդերձ, թէ Ուաշինկթըն պիտի չվճարէ անոնց գինը: Ըստ ամերիկեան լրատուամիջոցներուն, նախագահը որոշած է «Փաթրիըթ» տիպի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ուղարկել Ուքրանիա, անոր օդը պաշտպանելու ռուսական օդանաւերէն, անօդաչու սարքերէն եւ հրթիռներէն: ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռոթէի հետ տեսակցութեան ընթացքին, Թրամփ մեծ վրդովմունք յայտնեց Ռուսիոյ նկատմամբ եւ ըսաւ, որ հիասթափուած է իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինէն, մինչ Ռոթէ կարեւորեց ամերիկեան մատակարարումները: Թրամփ յայտնեց նաեւ, թէ 50 օրուան ընթացքին շատ ծանր պատժամիջոցներ պիտի սահմանէ Մոսկուայի նկատմամբ, եթէ Ռուսիա զինադադար չկնքէ Ուքրանիոյ հետ:

