Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա պաշտօնական առաջին այցելութիւնը տուաւ Պաքու, ուր տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Շարաա յայտնեց, թէ Սուրիոյ նախկին վարչակարգը վնասած էր Ատրպէյճանի եւ այլ երկիրներու հետ Դամասկոսի յարաբերութիւններուն, սակայն Սուրիա այժմ պատրաստակամութիւն ունի համագործակցելու Պաքուի հետ՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ: Ալիեւ իր կարգին նշեց, թէ երկկողմանի յարաբերութիւնները այժմ արագօրէն կը զարգանան, կարեւորելով ուժանիւթային համագործակցութիւնը, նկատի առնելով այս ոլորտին մէջ Սուրիոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Զոյգ պատուիրակութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն արդիւնքով ստորագրուեցաւ ատրպէյճանական կազը Թուրքիոյ վրայով Սուրիա փոխադրելու մասին յուշագիր, որ կը ներառէ նաեւ սուրիական մէջ ուժանիւթային հաւանական պաշարներու որոնում: Իսկ «Ֆրանս փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ, սուրիական պատուիրակութեան այցելութեան ծիրին մէջ, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է նաեւ սուրիացի պատասխանատուի մը հանդիպումը իսրայէլացի պաշտօնակիցի հետ, առանց հրապարակելու անոնց ինքնութիւնը:

