Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ օդուժին ուղղաթիռները ապահով վերադարձած են հիւսիսային Քլէյաաթի օդային խարիսխ, մասնակցելէ ետք Սուրիոյ Լաթաքիա գաւառի անտառային շրջաններուն մէջ անցնող օրերուն բռնկած մեծ հրդեհները մարելու աշխատանքին: Ըստ բանակի յայտարարութեան, լիբանանեան ուղղաթիռները բոցերուն դէմ պայքարած են 7-13 Յուլիսին, երբ կարելի եղած է կանխել բոցերուն տարածումը եւ վերջնականապէս մարել հրդեհին բոլոր օճախները: Սուրիական օդուժին հրամանատարը ընդունած է այս գործողութեան մասնակցած լիբանանեան օդուժի սպաները, գնահատած անոնց նուիրուած ծառայութիւնը եւ դրուատած հրդեհին դէմ պայքարած զանազան կողմերուն միջեւ համադրումն ու համագործակցութիւնը: Յիշեցնենք, որ Լաթաքիոյ շրջանին մէջ բռնկած հրդհները անցեալ շաբաթ մօտեցած էին նաեւ Քեսապին ու անոր հայաշատ գիւղերուն:

