Քուէյթի ներքին գործերու նախարար շէյխ Ֆահըտ Եուսէֆ Սաուտ Ալ Սուպահ աւետեց, թէ «լիբանանցիները շուտով դրական լուր պիտի լսեն իրենց նախագահէն, ոչ թէ ինձմէ»: Հանրապետութեան երեք պետերուն հետ ունեցած տեսակցութիւններէն ետք, քուէյթցի նախարարը վերահաստատեց իր երկրին աջակցութիւնը Լիբանանին ու եղբայրական այլ պետութիւններուն: «Քուէյթեան բարգաւաճումի հիմնադրամէն պատրաստ ենք գումարներ յատկացնելու եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ խոստացաւ փոխանցել Լիբանանի անհրաժեշտ կարիքները», ըսաւ նախարարը:

