«Global Icon Award (Music)-2025»-ը շնորհուած է «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան անսամպլի քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանին (Հայաստան):«Global Icon Awards»-ի նախագահ Փրիթ Փաթմանապհան Նամպիար նշած է. «Մեզի համար մեծ պատիւ է «Global Symbol»- «Համաշխարհային խորհրդանիշ 2025» մրցանակը շնորհել քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանին: Ասիկա Writers Capital Foundation-ի կողմէ տրուող մշակոյթի եւ երաժշտութեան ոլորտին մէջ ամենաբարձր պարգեւն է:
Ձեր նշանակալի ներդրումը՝ որպէս միջազգային ճանաչում ունեցող քանոնահարուհի, աշխարհին ճանաչելի դարձուցած է հայկական հարուստ երաժշտական ժառանգութիւնը:
Ձեր խոր յարգանքը աւանդական արուեստի նկատմամբ եւ զայն զարգացնելու ոգին, կը գերազանցէ արուեստի սահմանները՝ ձեր բարձր մակարդակի արուեստի տեխնիկական վարպետութեան եւ խոր յուզականութեան միջոցով։
Ձեր ներկայացուցած արուեստին միջոցով դուք դարձած էք Հայաստանի մշակութային դեսպան՝ ոգեշնչելով սերունդները եւ քանոնի արուեստը տարածելով ամբողջ աշխարհի մէջ։ Այս մրցանակը համեստ յարգանքի տուրք է ձեր աշխատանքին եւ այն յաւերժական գեղեցկութեան, որ դուք կ’առաջարկէք աշխարհին երաժշտութեան միջոցով»։
Մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը միաւորած էր աշխարհի տարբեր ծայրերէն ժամանած ականաւոր բժիշկներ, արուեստագետներ, գործարարներ եւ այլ մասնագէտներ։ Իւրաքանչիւր ոլորտի մէջ մրցանակներու արժանացան լաւագոյն ներկայացուցիչները։
Մարիաննա Գէորգեանը երաժշտական աշխարհէն միակ հայ ներկայացուցիչն էր, որ արժանացաւ այդ մրցանակին։
Այս մրցանակաբաշխութիւնը կը կազմակերպուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի եւ ՄԱԿ-ի կողմէ, որուն գլխաւոր քարտուղարը Իրէն Տուրա-Քավատիան է, իսկ նախագահն ու գործադիր տնօրէնը՝ Փրիթ Փաթմանապհան Նամպիարը։
Յիշեցնենք, որ Մարիաննա Գէորգեանը 2020թ համաշխարհային World folk vision մրցոյթի գլխաւոր մրցանակակիրն է, որ 115 երկրի 3950 մասնակիցի գերազանցած է ազգային նուագարան քանոնը ներկայացնելով հայ աւանդական մաքրամաքուր կատարումներով։

