Ապահովական խուզարկումներու ծիրին մէջ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն ու Քննչական կոմիտէն նախանցեալ օր խուզարկումներ կատարեցին ընդդիմադիր շարք մը երեսփոխաններու եւ գործիչներու բնակարաններուն մէջ: Քննչական կոմիտէն յայտարարեց, թէ գործողութիւնները կատարուած են ահաբեկչութեան նախապատրաստութեան, զէնքի, զինամթերքի եւ այլ նիւթերու ապօրինի շրջանառութեան վերաբերեալ նախաձեռնուած քրէական գործի ծիրին մէջ: Ըստ յայտարարուածին, յայտնաբերուած եւ առգրաւուած է հեռավար միջոցներով պայթումներ կատարելու սարք, մարտական նռնակ, ռատիոկապի սարքեր եւ վտանգաւոր այլ նիւթեր: Խուզարկումներուն ընթացքին ձերբակալուած է 7 անձ, որոնց նկատմամբ յարուցուած է քրէական հետապնդում՝ ահաբեկչութեան նախապատրաստութեան ամբաստանութեամբ: Ապահովական ուժերը առգրաւեցին երեսփոխան Գեղամ Մանուկեանին բջջային հեռախօսը եւ ձերբակալեցին անոր որդին Տարօնը: Իսկ Քննչական կոմիտէն յայտարարեց, թէ խուզարկութիւն չէ կատարուած Հրանդ Մարգարեանի բնակարանին մէջ, ինչպէս յայտնած էին կարգ մը ընդդիմադիրներ: Երեւանի փողոցներուն վրայ ալ յայտնուեցան ձերբակալուածները ազատ արձակելու կոչով պաստառներ:
Կը շարունակուի նաեւ Ազգային ժողովի ձերբակալուած երեսփոխաններէն Արթիւր Սարգսեանի հետապնդումը: Փտածութեան դէմ պայքարի գլխաւոր դատախազութիւնը կը պահանջէ առգրաւել Սարգսեանի վեց անշարժ եւ երկու շարժական գոյք, որոնց ծագումը գուցէ ըլլայ ապօրինի եւ բռնագանձումի ենթակայ:
Իսկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ապու Տապիէն պատասխանեց իր նկատմամբ Ասողիկ աբեղայ Կարապետեանի անէծքին: Համացանցային գրառումով մը, Փաշինեան նշում կատարեց Մատթէոսի Աւետարանին եւ ըսաւ, թէ «Յիսուսի խաչին ներքեւ անիծողներուն յաջորդ հանգրուանը խոզերու երամակն է»:
Ամերիկացի գոնկրէսական Պրէտ Շըրմէն մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ հոգեւորականներու հետապնդումին եւ Սամուէլ Կարապետեանի կալանաւորումին համար: «Մեր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ հիմնուած են ժողովրդավարութեան նկատմամբ մեր համատեղ յանձնառութեան վրայ: Այս մտահոգութիւնները յայտնեցի Հայաստանի դեսպան Լիլիթ Մակունցին», ըսաւ Շըրմէն:

