Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ԱԼԻԵՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՄԷՋ

July 12, 2025
in Հայաստան
0
ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ԱԼԻԵՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՄԷՋ

 

 

10 Յուլիսին Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցաւ հայ-ատրպէյճանական բանակցային հերթական հանդիպումը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ քննարկումները տեւեցին հինգ ժամ՝ նախ երկկողմանի առանձնազրոյցով, ապա ընդլայնուած պատուիրակութիւններու ձեւաչափով, ուր հայկական պատուիրակութեան մաս կազմեցին փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Արմէն Գրիգորեան, արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան: Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ կողմերը կարեւորած են երկկողմանի բանակցութիւնը, զայն համարելով բոլոր հարցերը լուծելու ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցը:

Աւելի ուշ, արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեան յստակացուց, որ Երեւան յանձնառու կը մնայ տարածաշրջանային հաղորդակցութեանց ուղիներու ապաշրջափակումին եւ անոր վերաբերող սկզբունքներուն՝ ներառեալ ինքնիշխանութիւն, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ազգային իրաւազօրութիւն, շեշտելով որ քննարկուելիք առաջարկները պէտք է համապատասխանեն այդ սկզբունքներուն: Հայկական կողմը կտրականապէս մերժած է երրորդ կողմերու մասնակցութեամբ հաղորդակցութեանց ուղիներու վերահսկողութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործերու նախարարութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերուն, ողջունելով հայ-ատրպէյճանական բանակցային հերթական հանդիպումը: Իսկ ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ քննարկումի հիմնական նիւթն էր խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ առկայ տարակարծութիւններու եւ հակասութիւններու լուծումը՝ պայմանագիրը մինչեւ տարեվերջ վերջապէս ստորագրելու միտումով: Ռուսիոյ նախագահութեան բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը պիտի նպաստէ տարածաշրջանային կայունութեան ամրապնդումին, շեշտելով որ Մոսկուա կ’աջակցի այդ երկկողմանի բանակցութիւններուն: Եւրոմիութիւնը եւս Հայաստանին ու Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց շուտով ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը:

Share66Tweet42
Previous Post

ՊԱՐՐԱՔ. «ՊԷՏՔ Է ՀԱՄՈԶՈՒԻԼ ՄԻԱՑԵԱԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ԳԱՂԱՓԱՐՈՎ»

Next Post

  ԽՈՒԶԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post
  ԽՈՒԶԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

  ԽՈՒԶԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.