Սուրիոյ հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թոն Պարրաք յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն չ’աճապարեր իր բոլոր ուժերը սուրիական հողերէն վերջնականապէս դուրս բերելու հարցով: Ան վստահութիւն յայտնեց Դամասկոսի նոր իշխանութեան եւ սուրիական նոր բանակին առնչութեամբ եւ կարծիք յայտնեց, թէ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր քրտական կազմակերպութիւնը պէտք է համոզուի միացեալ Սուրիոյ գաղափարով, աւելցնելով որ Դամասկոսի իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են նշեալ կազմակերպութեան անդամներուն մեծ մասը անդամագրելու սուրիական պետական հաստատութիւններուն: Սուրիական լրատուամիջոցներ իրենց կարգին հաղորդեցին, թէ բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան Սուրիոյ իշխանութիւններուն եւ քրտկան նշեալ կազմակերպութեան հետ:
Ապահովական առումով, տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ մեծ պայթում մը լսուած է Հալէպի արուարձաններէն Նէյրապի գաղթակայանէն, հաւանաբար զինամթերանոցի մը բռնկումին պատճառով:

