Իսրայէլեան անօդաչու սարքերը անցնող երկու օրերուն շարք մը թիրախներ հարուածեցին լիբանանեան հարաւային շրջաններու մէջ: Նմէյրիէ եւ Շարքիէ գիւղերուն միջեւ ինքնաշարժի մը չորս հրթիռով ռմբակոծումէն մահացաւ մարդ մը, վիրաւորուեցան հինգ ուրիշներ: Իսկ Խիամ քաղաքը ենթարկուեցաւ հրետանային հարուածներու:

