Նախագահ Ժոզէֆ Աունի գլխաւորութեամբ երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարուեցաւ կառավարութեան հերթական նիստը, որուն ընթացքին կատարուեցան շարք մը նշանակումներ եւ վաւերացուեցան կարեւոր որոշումներ: Նախարարները նախ որոշեցին աշխատանքէ վտարուած համարել 2019 թուականէն սկսեալ իրենց ծառայութենէն փախուստ տուած ապահովական ուժերու աշխատակիցները: Կառավարութիւնը Էլիսար Նատտաֆ Ժաաժահը նշանակեց որպէս Լիբանանի հանրային հեռատեսիլի կայանի ընդհանուր տնօրէն: Ինչ կը վերաբերի Կեդրոնական դրամատան, ապա Ուասիմ Մանսուրի եւ Սալիմ Շահին պահած են փոխկառավարիչի իրենց պաշտօնները, անոնց միացած են նաեւ Կէպի Շինոզեանն ու Մաքրամ Պու Նասսարը: Տեղեկատուութեան նախարար Փօլ Մարքոս յայտնեց, թէ Կիպրոսի նախագահը Աունի հետ տեսակցութեան ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնած է ելեկտրամատակարարումի ծովային կապ հաստատելու Լիբանանի հետ:

