Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՈՒՆ. «ԲԱՆԱԿԻՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է»

July 12, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՈՒՆ. «ԲԱՆԱԿԻՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն ահազանգեց հարաւային գօտիէն լիբանանեան բանակի բացակայութեան ապահովական վտանգաւոր հետեւանքներէն: Եւրոպացի դեսպաններն ու Եւրոմիութենէն պատուիրակութիւն մը Պաապտայի պալատին մէջ ընդունած ատեն Աուն պահանջեց աջակցիլ Լիբանանի կառավարութեան, որպէսզի կարենայ իր հեղինակութիւնը ամրապնդել երկրի ամբողջ տարածքին եւ պահպանել գերիշխանութիւնը: Ան նաեւ կոչ ուղղեց մշակելու լիբանանեան բանակին զօրակցելու ամբողջական նախագիծ մը եւ չեղարկելու Լիբանանի նկատմամբ սահմանուած եւրոպական որեւէ պատժամիջոց: Աուն լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւններու հետ ունեցած տեսակցութիւններուն ընթացքին շեշտեց ներքին միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը՝ դէմ դնելու համար բոլոր մարտահրաւէրներուն, որովհետեւ «պառակտուած վիճակով դիւրին պիտի չըլլայ յաղթահարել խնդիրները, որոնք ցցուած են մեր երկրին ու ժողովուրդին դիմաց»: Նախագահը ընդգծեց նաեւ ներքին անվտանգութիւնն ու լիբանանցիներուն խաղաղութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Share64Tweet40
Previous Post

«ՀԱՅ ԸԼԼԱԼԸ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆՍ ԱՆԲԱԺԱՆԵԼԻ ՄԱՍՆ Է»

Next Post

ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Next Post
ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.