Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՎԱ՜Յ ՄԵԶԻ, ԵԹԷ ՈՏՆԱՀԱՐԵՆՔ ՈՒ ԱՐՀԱՄԱՐՀԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ»

ՏԽՐՈՒՆԻ ՈՒՍ. ԵՐԻՏ. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ

July 10, 2025
in Այլազան
0
«ՎԱ՜Յ ՄԵԶԻ, ԵԹԷ ՈՏՆԱՀԱՐԵՆՔ ՈՒ ԱՐՀԱՄԱՐՀԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ»

Փարամազի ու անոր 19 ընկերներու յեղափոխական սկզբունքները եւ ուղեգիծը կը մնան այժմէական, որովհետեւ այսօր ալ մենք որպէս հնչակեան երիտասարդութիւն  կառչած կը մնանք մեր ազգը զօրացնող արժանիքներուն եւ ազգային արժանապուութեան:

Հնչակեան 20 անմահներուն յիշատակը ոգեկոչել կը նշանակէ Փարամազի եւ իր 19 ընկերներու խիզախ դիրքորոշումներուն ամրապնդում, հնչակեան 20 անմահ հերոսներու  ազգային գաղափարախօսութեան հաւատարմութիւն, եւ ուխտադրում՝ շարունակելու այդ գաղափարախօսութիւնը ի խնդիր անկախ Հայաստանի:

15 Յունիս 1915-ին, Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ 20 հերոսներ իրենց կեանքը զոհեցին յանուն ազատասիրութեան եւ արդարութեան: 20 առաքեալներ իրենց կեանքը նուիրեցին հայ ազգի գոյատեւման եւ դարձան  կերտիչները այսօրուան Հայրեինիքին:

Հնչակեան քսանները կ’ապրին եւ պիտի ապրին մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ, դառնալով սկզբունք՝ անշահախնդրօրէն ծառայելու մեր Սուրբ Հայրենիքին, հայ ժողովուրդին, եւ պատշպանելու մեր ազգային սրբութիւնները

Փարամազի եւ անոր 19 ընկերներու յեղափոխական սկզբունքները եւ ուղեգիծը կը մնան այժմէական, որովհետեւ այսօր եւս կառչած կը մնանք հայ ազգը զօրացնող եւ  ազգային արժանապատուութիւնը բարձր պահող բոլոր առաքինութեանց:

Քսաններուն կեանքի զոհողութիւնը արտայայտութիւնն է համայն  մարդկութեան բարօր կեանքի կերտումին:

Այսօր անգամ մը եւս հնչակեան երիտասարդներս կը վերանորոգենք մեր ուխտը, կ’ամրամպնդենք մեր սէրն ու նուիրուածութիւնը մարդկութեան եւ Հայրենիքին հանդէպ, անխախտօրէն կառչած կը մնանք քսաններու Սուրբ պատգամին, կ’ուխտենք հաւատարիմ մնալ հնչակեան գաղափարախօսութեան վեհ սկզբունքին:

Սիրենք եւ պաշտպանենք Հայրենիքը ոչ թէ խօսքով, այլ՝ գործով:

Վա՜յ մեզի, եթէ ոտնահարենք ու արհամարհենք մեր Հայրենիքը, ուրանանք մեր պատկանելիութիւնը եւ անտեսենք Հայրենիքին հանդէպ մեր ունեցած հաւատքը:

Թող Քսանները մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ըլլան յուշարարներ՝ զոհուելու, նուիրուելու եւ կառչած մնալու ընկերվարական գաղափարախօսութեան, կերտելու համար բոլորիս երազած Հայրենիքը:

Վերջապէս, մէջբերելով հնչակեան քսան նուիրեալներու դատավարութեան մէջ Փարամազի  արտայայտութիւններէն մին, որ ցոյց կու տայ  անոր համամարդկային եւ գաղափարական բարձրագոյն արժէքը եւ ազնուականութիւնը.

«Դուք զայրացաք, երբ մենք Արեւելքի մէջ Արեւմուտքի քաղաքակրթութեան սերմերն ուզեցինք աճեցնել՝ մեր եւ ձեր ապագան երաշխաւորելու մտօք: Դուք մեզ ջարդել սկսաք, երբ օրին մէկը վճռեցինք մեր արժանապատուութեան համապատասխան դիրքի վրայ բարձրանալ: Թուրքիոյ բաղկացուցիչ տարրերուն մէջ ամէնէն աւելի անձնուէր ու շինող տարրն եղանք, եւ սակայն ամէնէն աւելի մեզ տուժել տուիք…»:

Ահա այս էր Փարամազի եւ իր 19 ընկերներուն տեսլականը. խոնարհի՛նք անոնց յիշատակին առջեւ…

Փա՜ռք Փարամազին, տոքթ.Պէննէին, Վանիկին, Բանուորին, Արամին, Հրանդին եւ իրենց բոլոր գաղափարակից ընկերներուն:

Կեցցէ՛ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը:

Կեցցէ՛ ազատ, անկախ Հայաստանը:

 

Share66Tweet41
Previous Post

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀՍԿԱՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ 

Next Post

ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (5) ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ. ՊԱՅՔԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՑՆՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Next Post
ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (5)     ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ. ՊԱՅՔԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՑՆՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (5) ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ. ՊԱՅՔԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՑՆՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.