Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀՍԿԱՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ 

ԱՆԻ ԹՈՐԱՆԵԱՆ Երեւան

July 10, 2025
in Յօդուածներ
0
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀՍԿԱՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ 

 

 

Եթէ փորձենք վերլուծել Հայաստանի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, կարեւոր է տեսնել ոչ միայն արտաքին մարտահրաւէրները, այլեւ հասկնալ մեր ուժերն ու բազում խոցելի կողմերը։

Պատերազմը, այնուհետեւ տեղի ունեցող գործընթացները փաստ են, որ մեր շրջապատի քաղաքական կշիռները արագ կը փոխուին, հետեւաբար պարտաւոր ենք հետեւողականօրէն վերաիմաստաւորել մեր դաշնակցային եւ ռազմավարական մօտեցումները։

Նախ ընդունինք, որ այլեւս անկարելի է անվտանգութիւն ապահովել ներգրաւուած ըլլալով մէկ դաշնակցային կառոյցի մէջ (եւ ի՜նչ կառոյց…)։ Ժամանակն է առանց արտաքին կախուածութեան որդեգրել ռազմավարական բազմակողմանիութիւն, ինչպէս նաեւ, որ աւելի էական է,  արագ քայլերով հասնիլ դիւանագիտութեան եւ սեփական ուժերու կառուցման։

Խիստ անհրաժեշտ է մեր քաղաքական ու տնտեսական զարգացման ռազմավարութիւնը համադրել արտաքին քաղաքական ոյժերու հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ ստեղծել ա’յն կայուն հասարակութիւնը, որը ի զօրու կ’ըլլայ դիմադրելու եւ դիմանալու ճգնաժամերուն։ Իսկ այս կը նշանակէ՝ կրթութեան, գիտութեան, երիտասարդութեան ծրագրերու, ինչպէս նաեւ համահայկական ներդրումներու խթանում…։

Յուսահատութիւնը հեռու է լաւ խորհրդատու ըլլալէ, մենք ապագային պէտք է նայինք գիտակցելով, որ յաճախ գերտէրութիւնները փոքր երկիրները կը դիտարկեն որպէս շահերու դաշտ, սակայն պատմութիւնը լաւագոյն ցուցիչն է այն բանին, որ մեր ոյժին չափանիշը չեն կրանր ըլլալ ո՛չ պատերազմները, ո՛չ ալ պարտութիւնները։

Այս պահուս, երբ աշխարհաքաղաքական քարտէզը կը վերաձեւուի, Հայաստանը կանգնած է նոր կարելիութիւններու եւ մարտահրաւէրներու դէմ-յանդիման։

Փաստօրէն, մենք ոչ միայն պէտք է արձագանգենք փոփոխութիւններուն, այլեւ պարտաւոր ենք ըլլալ նախաձեռնող, ունենալով յստակ տեսլական եւ համախմբուածութիւն։

Այսօր աշխարհը կ’ապրի ժամանակահատուած մը, երբ համաշխարհային կայուն կարգը՝ ձեւաւորուած Պաղ պատերազմի աւարտէն  ետք, կը փլուզուի։ Ամերիկեան գերիշխանութեան շրջանին հաստատուած կանոնները կը խախտուին՝ ռազմաքաղաքական նոր կեդրոններու, շահերու բախման եւ մեծ պետութիւններու մրցակցութեան պատճառով։ Իսկ այս գործընթացներուն կեդրոնը, լուռ ու միայնակ, մեր երկիրն է՝ Հայաստանը։ Իր չափերով պզտիկ, ան գոյութեան արդար իրաւունքով յայտնուած է տարածաշրջանային եւ համաշխարհային շահերու խաչմերուկին վրայ։

Հայաստանը չի փոխեր աշխարհի կշիռը, բայց աշխարհի կշիռը անդադար կը փոխէ Հայաստանը։

Երբ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ կը բռնկին պատերազմներ՝ Ուքրանիա, Մերձաւոր Արեւելք, Ափրիկէ, երբ նոր տնտեսական եւ էներգետիկ դաշինքներ կը ձեւաւորուին, փոքր պետութիւնները յաճախ կը մնան մինակ՝ գոյատեւելու, կողմնորոշուելու եւ արժանապատուութիւնը պահելու բարդ ընտրութեան դիմաց։ Հայաստանը բացառութիւն չէ։

Մեր երկիրը գօտիի մը մէջ է, ուր առկայ են մէկ քանի ազդեցիկ ոյժերու շահեր՝ Ռուսաստան, Թուրքիա, Իրան, Արեւմուտք։ Իւրաքանչիւր ոյժ, ամէն մէկը իր ձեւով, Հայաստանը կը դիտէ որպէս գործիք, ելլելով իր իսկ ռազմավարական օրակարգէն։ Բայց մենք պէտք չէ մոռնանք, թէ ինչ է ինքնիշխանութիւն ունենալը։ Այդ կը նշանակէ, թէ մերն է որոշումը ինչպէս ապրիլ, ով ընտրել որպէս բարեկամ եւ ինչ ճամբայով քալել։

2020 թուականի պատերազմէն ետք ակնյայտ դարձաւ ճշմարտութիւն մը, որուն մասին երկար ատեն լուռ մնացինք. աւանդական «դաշնակից» Ռուսաստանը այլեւս պատրաստ չէ պաշտպանելու Հայաստանի շահերը։ 2023-ի Սեպտեմբերին, երբ Արցախը բախեցաւ իր տխուր ճակատագրին, շատ աւելի յստակ դարձաւ Հայաստանի մեկուսացումը։ Հայ հասարակութիւնը սկսաւ մտածել ոչ միայն անվտանգութեան, այլեւ աշխարհաքաղաքական պատկանելութեան մասին։ Ո՞ւր է մեր տեղը… Ռուսական ազդեցութեան գօտիի՞ն, թէ՞ Արեւմուտքի ժողովրդավարական համակարգին մէջ։ Թէ՞ մեր ապագան պէտք է կառուցենք շատ աւելի բարդ ու ճկուն հաւասարակշռութեամբ…։

Յետպատերազմեան հոգեբանական ծանր հետեւանքներ, ընկերային լարուածութիւն, արդարութեան պակասի զգացում՝ այս բոլորը կը համադրուին սահմանային սպառնալիքներու, Ատրպէյճանի կողմէ չդադրող ճնշումներու եւ Թուրքիոյ երկիմաստ վարքագիծին հետ։ Հիասթափութիւնը օղակ-օղակ կ’աճի եւ անընդմէջ վկան կը դառնանք արտագաղթ կոչուած հիւծող երեւոյթին։

Սակայն ըսենք, որ այս բոլորին առընթեր, պետութիւնը իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ կը փորձէ նոր ուղիներ գտնել՝ աշխոյժացնելով կապերը Եւրամիութեան, ԱՄՆ-ի, Հնդկաստանի եւ Իրանի հետ։

Դեռեւս չկայ այն գործընկերը, որ պատրաստ է Հայաստանի համար անվտանգութեան իրական պարտաւորութիւններ ստանձնելու։ Միւս կողմէ, սակայն,  Հայաստանի ուղերձը յստակ է՝ մենք կը ձգտինք խաղաղութեան, եւ  չենք խնդրեր զայն որպէս ողորմութիւն, այլ կը պահանջենք որպես ազգ, որ արժանի է իր հողին վրայ ապրելու անվտանգ եւ արժանապատիւ։

Դարերով հայ ժողովուրդը գերտէրութիւններու միջեւ ապրած է որպէս կամուրջ եւ որպէս զոհ։ Մեր պատմական յիշողութիւնը լի է թէ՛ փշրուած յոյսերով, թէ՛’ հպարտառիթ պահերով։ Այսօր, ի տարբերութիւն անցեալի, մենք կարելիութիւն ունինք գոնէ որոշ չափով ազդելու մեր ճակատագրին վրայ։ Բայց ատոր համար մեզմէ կը պահանջուի սթափութիւն։

Կուրօրէն կարելի չէ վստահիլ որեւէ կողմի։ Հայկական մտածողութիւնը պէտք է առաջնորդուի ռազմավարական բազմակողմանիութեամբ, կառուցուած ոչ միայն բարոյականութեան, այլ մանաւանդ՝ շահի վրայ։

Մեր երկրին ոյժը մեր մէջ է՝ մեր կրթուած երիտասարդութեան, ստեղծագործ միտքի, ձեռներէցութեան, մշակոյթի եւ աշխարհասփիւռ համերաշխութեան։ Աւելի քան երբեք, բոլոր տեսակի ճնշումներուն դիմակայելու համար մենք պէտք ունինք ոչ միայն դաշնակիցներու, այլ նաեւ ներքին ամրութեան։

Հայաստանը պատերազմած, վիրաւորուած, բայց ապրող՝ կենդանի երկիր է։ Մեր ժողովուրդը կը շարունակէ ապրիլ հողի, մշակոյթի, պատմութեան եւ վաղուայ օրուան հանդէպ պատասխանատուութեամբ։ Երբ աշխարհաքաղաքական ոյժերը կը շեղին եւ անհաւատալի արագութեամբ կը փոփոխուին առաջնահերթութիւնները, յիշենք, որ  մեր գոյութիւնը մաս չի կազմեր օտարի օրակարգին։ Մենք մեր օրակարգը պէտք է ունենանք։

Հեռո՜ւ մեծ խաղացողներուն խաղաքարտը դառնալու տխուր վիճակէն։ Ի գին ամէն ինչի պարտաւոր ենք ըլլալ ազատ եւ մրցունակ, առանց մոռնալու, թէ ինչ գին վճարած ենք հոս հասնելու համար։

Մինչ աշխարհը կը շարունակէ փոխուիլ, մենք պիտի  չզիջինք այն՝ ինչին համար զոհուեցան մեր տղաքը՝ սեփական հողի վրայ արժանապատուօրէն ու խաղաղ ապրելու իրաւունքը։

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

  ԱՄՕ՛Թ, ՀԱԶԱ՜Ր ԱՄՕԹ

Next Post

«ՎԱ՜Յ ՄԵԶԻ, ԵԹԷ ՈՏՆԱՀԱՐԵՆՔ ՈՒ ԱՐՀԱՄԱՐՀԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ»

Next Post
«ՎԱ՜Յ ՄԵԶԻ, ԵԹԷ ՈՏՆԱՀԱՐԵՆՔ ՈՒ ԱՐՀԱՄԱՐՀԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ»

«ՎԱ՜Յ ՄԵԶԻ, ԵԹԷ ՈՏՆԱՀԱՐԵՆՔ ՈՒ ԱՐՀԱՄԱՐՀԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.