Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը կոչ ուղղեց վերջ տալու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին: «Ամօ՛թ է, հազա՜ր ամօթ, մեր սիրելի հայրենիքին՝ Հայաստանի կեանքին մէջ ստեղծուած վատառողջ ու ապազգային մթնոլորտը՝ Սուրբ Էջմիածինէն ու Ազգային ժողովէն ներս: Ինծի համար եղածը խորապէս ամօթալի եւ դատապարտելի է», նշեց Վեհափառ Հայրապետը: Ան յիշեցուց, թէ կազմակերպութիւններուն մէջ սխալները կը լուծուին ներքին յատուկ հոլովոյթներով եւ հանդարտօրէն: Արամ Ա. նշեց, թէ կը մտադրէր վեց տարուայ բացակայութենէ ետք դարձեալ այցելել հայրենիք՝ օգնելու համար ստեղծուած հարցը հանդարտեցնելու, սակայն վիրաւորական յայտարարութիւնները եւ ձերբակալութիւնները չեն քաջալերած, որ քայլերը ուղղէ դէպի Հայաստան:

