Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, թէ «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը բռնագրաւուած է ապազգային խմբակի մը կողմէ եւ պէտք է ազատագրուի: Ես պիտի առաջնորդեմ այդ ազատագրումը»: Վարչապետին համաձայն, վերջին շրջանին ապացուցուեցաւ, թէ Կտրիճ Ներսիսեանը (Գարեգին Բ. Կաթողիկոս), Վազգէն Գալստանեանը (Բագրատ սրբազան), եւ Գէորգ Աջապահեանը (Միքայէլ սրբազան) եւ ուրիշներ որեւէ կապ չունին Քրիստոսի եւ անոր վարդապետութեան հետ:
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի խօսնակը հերքեց Մայր Աթոռի մէջ քննչական գործողութիւններ կատարելու հաւանականութեան մասին տարածուած տեղեկութիւնները:

