Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա Դամասկոսի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թոմ Պարրաքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Սուրիոյ նորագոյն զարգացումները, Իսրայէլի հետ բնականոնացումի հնարաւորութիւնները եւ տարածաշրջանային վիճակը: Պարրաք նախապէս յայտնած էր, թէ Ուաշինկթըն կ’ուզէ խաղաղութիւն հաստատել Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ: Պարրաք հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ քրտական Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր կազմակերպութեան ղեկավար Մազլում Ապտիի հետ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը մինչ այդ հաղորդեց, թէ յառաջիկայ օրերուն կ’ակնկալուի հազարաւոր սուրիացիներու տունդարձը՝ առ ի գործադրութիւն ՄԱԿ-ի աջակցութիւնը վայելող նմանօրինակ առաջին ծրագրին: Լիբանան ապաստանած սուրիացիներէն երկիր վերադարձող իւրաքանչիւր ընտանիք Սուրիոյ մէջ պիտի ստանայ 400 տոլարի գումար մը, պիտի ապահովուի նաեւ անոնց անվճար փոխադրութիւնը հայրենիք:

