Ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաք լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց ըլլալու շրջահայեաց եւ օգտուելու առիթէն, որովհետեւ տարածաշրջանը կ’ապրի փոփոխութիւններու ալիք մը: «Սակայն եթէ փոփոխութեան միտում չունիք, տեղեկացուցէք, որ չմիջամտենք», ըսաւ ան՝ զգուշացնելով, թէ ապօրինի զէնքին հարցով Լիբանանին հետ ոչ ոք պիտի բանակցի մինչեւ յառաջիկայ տարի, «որովհետեւ Թրամփ յանդուգն է եւ կեդրոնացած, սակայն համբերութիւն չունի»: Խօսելով Հըզպալլայի ապազինումի անհրաժեշտութեան մասին, Պարրաք LBCI կայանին յայտնեց, թէ այդ շատ պարզ եւ յստակ իրականութիւն մըն է, յիշեցնելով որ նախագահն ու արտաքին գործերու նախարարը միշտ շեշտած են «մէկ երկիր, մէկ ժողովուրդ, մէկ բանակ» հասկացութիւնը:

