Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԷՐԼԻ-ՌՈԶԻ ԵԼՈՅԹԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՎԵՐՋԻՆ ԴԱՍ

July 10, 2025
in Գաղութային
0
ՍԷՐԼԻ-ՌՈԶԻ ԵԼՈՅԹԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՎԵՐՋԻՆ ԴԱՍ

 

Սփիւռքի հայկական կրթական օճախներուն մէջ ձեւաւորուած է գեղեցիկ աւանդութիւն մը, որ տարիներու ընթացքին դարձած է մեր հոգեմտաւոր դաստիարակութեան եզակի արտայայտութիւնը։ Ամավերջի գեղարուեստական յայտագրին եւ «Հուսկ բանք»-ին միջեւ, վարժարանի լաւագոյն շրջանաւարտներէն ոմանք կը ներկայանան ուղերձներով՝ հայերէնով, արաբերէնով, անգլերէնով, երբեմն ալ ֆրանսերէնով, ներկայացնելով աւարտական դասարանի երախտագիտութեան ձայնը։

Ուղերձին բովանդակութիւնը գրեթէ միշտ կը ձեւուի ազատ ոճով, աշակերտի հայեցողութեամբ եւ խոր զգացումներու թելադրանքով։ Կրթական պատասխանատուները՝ տնօրէնը, դաստիարակը կամ լեզուի ուսուցիչը, կը փորձեն սահմանափակուիլ ուղղումներով եւ ոճական թելադրութիւններով՝ միշտ հաւատարիմ մնալով սրտի անկեղծ արտայայտութեան։

Ե՛ւ որպէս նախկին տնօրէն, ե՛ւ որպէս հանդիսատես, տարիներու ընթացքին բազմիցս ունկնդրած եմ նման ելոյթներ տարբեր վարժարաններու բեմերէն։ Սակայն այն ուղերձը, որ ստորեւ կը ներկայացնենք, բացառիկ հնչողութիւն մը ունեցաւ։ Հեղինակը՝ Հայ Աւետարանական գոլէճի աւարտական սանուհի Սէրլի–Ռոզի Շահինեանն է, որ իր եւ իր դասընկերներուն ապրումներն ու երախտագիտութիւնը ամփոփեց ճաշակով, կարճ տողերու մէջ՝ հարազատօրէն։

Անոր խօսքերը այնքան խոր թափանցեցին՝ յուզելով ուսուցիչները, ծնողները, աւարտականցիները եւ ամբողջ հանդիսատեսը։ Եւ այնքան ճշմարիտ էին անոնք, յատկապէս ի՛ր ընտիր առոգանութեամբ, որ արժանի են մեր թերթին՝ «Արարատ»-ի էջերէն հնչելու եւ ազնիւ ընթերցողին սեփականութիւնը դարձնելու:

 

Ստորեւ, ՀԱԳ շրջանաւարտ դասարանի «Տիպար աշակերտ» Սէրլի-Ռոզի Շահինեանի ուղերձը (Հայոց լեզուի ուսուցիչ՝ պրն. Արմէն Իւրնէշլեան), արտասանուած դպրոցի ամավերջի հանդէսին, 28 Յունիս 2025-ին:

Նազօ Ճ.

 

Սիրելի՛ տնօրէն,

Յարգելի՛ ներկաներ,

Հայ Աւետարանական գոլէճի երէկուան աշակերտուհին այսօր պիտի դառնայ շրջանաւարտ: Այսօր պիտի փակենք 15 տարուայ՝ մօտաւորապէս 4200 օրուայ տարօրինակ եւ հիանալի պատմութիւն մը: Իւրաքանչիւրիս կեանքը գիրք մըն է. իմս սկսաւ 24 Հոկտեմբեր 2007-ին եւ այսօր՝ 28 Յունիս 2025-ին պիտի փակեմ անոր առաջին, հիմնարար գլուխը: Թէեւ ընելիքները շատ եւ օրերը երկար են, սակայն տարիները որքա՜ն արագ կը սահին. ի՜նչ հակասութիւն: Եղած են շաբաթներ, երբ Երկուշաբթիէն Ուրբաթ՝ դպրոց եւ դաս, Շաբաթ՝ գործունէութիւն, Կիրակի՝ ձեռնարկ, պաշտամունք եղած են նոյն այս վայրին մէջ:

Եկէք թերթատենք. երթանք 21 Նոյեմբեր 2011, երբ կոկոն դասարանին առաջին անգամ ըլլալով գիրքի ցուցահանդէսի գացինք: 22 Յունիս 2013-ին ծաղիկ դասարանը աւարտեցինք: Մարախ հալածեր ենք, թուղթէ ձիւնով խաղցեր ենք, crêpe եւ բանջարեղէնի շա՜տ համեղ ապուր, ֆուլ եւ պտուղի աղցան շիներ ենք, Այնճար գացած ենք մարզական փառատօնի (որ առաւելաբար պաղպաղակ ուտելու մրցում էր): 14 Բարեկենդան, Կաղանդ, Զատիկ տօներ ենք, երգեր ենք, պարեր ենք եւ Համրայի ճամբան լաւ մը չափչփեր ենք, գաղտնի նամակներ շոգեկառքի պէս ձեռքէ-ձեռք անցուցեր ենք դասապահի ընթացքին…:

Այսքան իրականութիւն դարձաւ յուշ ա՛յս դպրոցին մէջ. ի՞նչ դպրոց, տունի՛ն մէջ: Այս տարին սկսանք 23 Սեպտեմբեր 2024-ին. մեր վերջին առաջին օրն էր, երբ 5-րդ յարկի պատուհանէն կը դիտէի բակը՝ անհանգիստ հոգիով. յաջորդ օրը դպրոցը փակ էր: Շաբաթներ ետք ունեցանք երկրորդ վերամուտ: Այս վերջին անսովոր տարիները բեռ եղան մեր ուսերուն – առցանց կամ դիմակներով դասաւանդութիւն, նաւահանգիստի պայթում, տնտեսական տագնապ եւ դժբախտաբար՝ նորէն պատերազմ: Կը յիշեմ Առաջին համաշխարհային պատերազմի մասին պատմութեան  դասը, երբ ուսուցիչին բացատրութիւնը եւ թշնամի օդանաւին նեղացուցիչ ձայնը միասին կ’արձագանգէին: Ասոնք ալ եղան էջեր անցեալէն եւ հիմա այս երկվայրկեաններն ալ ՝ ուղերձ կարդալս ալ, պիտի դառնան վառ յուշեր:

Անցեալը եւ ներկան հոս էին, բայց ապագային մէջ ալ յատուկ տեղ պիտի ունենայ ի՛մ Քաղաքի հայ սքուլս: Բացատրեմ ինչու: Քանի որ ան իմ տունս է, քանի որ ուսուցիչներս կը համարեմ ծնողք, իսկ դասընկերներս՝ քոյր-եղբայր: Ակամայ վերջացաւ մեր պատմութեան գիրքին այս գլուխը: Վերջակէտ: Նոր գլուխ: Նոր վերնագիր՝ «Դէպի ապագայ»:

Սիրելի՛ դասընկերներս, եկէք թեւեր առնենք ու թռինք այս սովորական կեանքին մէջ. ըլլանք անսովոր խենթեր, որովհետեւ խենթերն են որ աշխարհը հաճելի կը դարձնեն: Ինչ որ ընենք մեր կեանքին մէջ՝ կատարենք սիրով, հոգիով եւ մեր ամբողջ էութեամբ. բարձրանանք եւ հասնինք մեր երազներուն, բայց մեր ոտքերը մնան գետին:

Այս պահը թող չըլլայ «մնաք բարով մը վերջին», այլ «ցտեսութիւն մը կրկին», թող չըլլայ անցեալ մը յիշատակներով լի, այլ՝ ապագայ մը երազանքներով լի: Յաջողութիւնը մեր միակ գործակից՝ քայլ առաջ օ՛ն, դէպի Աստուծմէ խոստացուած մեր ապագան:

Սիրելի՛ ուսուցիչներ, ձեր փաթթուկները, զբօսանքին խօսակցութիւնները, խրատները, զոհողութիւնները հոս՝ սրտիս մէջ, դրոշմուած են: Ինչ որ լեզուս արտասանէ, ոչինչ է ձեր դիմաց: Եւ որովհետեւ անցողակի է խօսքը, բայց գիրը կը մնայ, ձեզի ունիմ անակնկալ մը: Իւրաքանչիւրիդ աթոռին կռնակը կը գտնուի նամակ մը գրուած յատուկ ձեզի: Բարով կարդաք:

Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ծնողքիս եւ ըսել «Աստուած ձեզ պահէ- պաշտպանէ: Ձեր զոհողութիւնները կը տեսնեմ եւ կը խոստանամ, որ գալիք օրերը գեղեցիկ են»: Քրոջս կ’ըսեմ՝ «քեզ շատ կը սիրեմ», իսկ Աստուծոյ՝ «Ամբողջ փառք ու պատիւը Քեզի, այսօր Քու աղջիկդ աւարտեց»:

102 տարեկան Քաղաքի հայ սքու՛լս, թիւդ մեծ, բայց հոգիդ երիտասարդ է:  Կը մաղթեմ  որ շարունակես մնալ փայլուն աստղ մը հայ ազգի երկնքին մէջ, իսկ մենք՝ քու ջահակիրներդ, շարունակենք քու առաքելութիւնդ:

Կը խոստանամ  ճանաչել զիմաստութիւնն եւ զխրատն եւ իմանալ զբանս հանճարոյ:

Share70Tweet44
Previous Post

ՆԵՐՍԷՍ Դ. ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ

Next Post

  ՄԷԿ ԵՐԿԻՐ, ՄԷԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՄԷԿ ԲԱՆԱԿ

Next Post
  ՄԷԿ ԵՐԿԻՐ, ՄԷԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՄԷԿ ԲԱՆԱԿ

  ՄԷԿ ԵՐԿԻՐ, ՄԷԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՄԷԿ ԲԱՆԱԿ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.