Սկիզբը որոշ տարակուսանքով մը դիմաւորած էի ծանուցումը, բայց երբ հասան լուսանկարները` կասկածները ամենեւին փարատեցան ու ե՛ս ալ դարձայ երջանիկ վկայ մը այն արտակարգօրէն շքեղ ու պերճափայլ պատկերներուն, որոնք ցոլացին Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու բեմէն ու դասէն։
Հիմա, եկէ՛ք բոլորս ալ ուշադրութեամբ նայինք կցեալ երեք լուսանկարներուն։ Եկէ՛ք մի առ մի դիտենք դէմքերը այն 6 սարկաւագներուն, 21 կիսասարկաւագներուն եւ 82 դպիր-դպրուհիներուն, որոնք Շաբաթ եւ Կիրակի, 28-29 Յունիսին պահ մը ծունկի եկան իրենց հարազատ եկեղեցիին խորանին դիմաց ու իրենց ծոծրակին վերեւ զգացին երկնային թովիչ շունչ մը…։ Ապահովաբար ապրեցան մեղմ սարսուռ մը։ Յետոյ իրենց գլխահակ գագաթին զգացին հպումը ձեռնադրիչ սրբազանին ձեռաց խաչին, որով օրհնուեցա՜ն, աստուածահաճոյ առաքելութեան մը համեստ ուխտաւորնե՜րը դարձան։ Ձեռնադրուեցա՜ն։
Լուսանկարները ակնախտիղ են ու կը շոյեն մեր եկեղեցական ապրումներն ու կրօնական զգացումները։
6 սարկաւագ, 21 կիսասարկաւագ եւ 82 դպիր։
Խոստովանինք, որ մեր կեանքին մէջ առաջին անգամ է որ այսպիսի մեծ թիւով թեկնածուներու հաւաքական ձեռնադրութեան մը ականատես կամ ականջալուր կը դառնանք։ Դէպքը կամ արարողութիւնը հաստատապէս աննախընթաց է Հալէպի համար։ Մեր սիրելի քաղաքը իր պատմութեան ամէնէն «ոսկեդարեան» շրջաններուն մէջ անգամ չէր տեսած, չէր լսած նման բան։
Մինչ տարիներէ իվեր յոռետեսական զրոյցներ իրենց ոստայնները կը հիւսեն մեր շուրջ` մեր քաղաքին ապագային առնչութեամբ, եւ մինչ երիտասարդ զանգուածներ, հետզհետէ աւելի մեծ թիւերով, մեր ծոցէն հեռու` անդիմագիծ ու մոլորեցուցիչ կտուրներու տակ կը փորձեն գոհացում տալ կրօնական իրենց ապրումներուն, ահա՛ պատկեր մը, որ թերեւս պիտի գայ փոխել, շրջել կարգ մը համոզումներ։
Այն ինչ որ կատարուեցաւ կամ իրականացաւ Հալէպի մէջ, 28-29 Յունիսի ձեռնադրութեանց արարողակարգով, ԴԷՊՔ մըն է։
Ձեռնադրութիւնը եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներէն մէկն է։ Եւ իւրաքանչիւր ձեռնադրութիւն, դպրական-սարկաւագական ըլլայ ատիկա, քահանայական թէ եպիսկոպոսական, նոր արիւն կը ներարկէ եկեղեցիին, կը վերաշնչաւորէ ու քայլ մը դէպի առաջ կը մղէ զայն` իր դարաւոր երթին մէջ։
Գիտենք, թէ դպիրներն ու սարկաւագները ամէնէն խոնարհ սպասաւորներն են մեր եկեղեցիներուն։ Անոնք պաշտօնեայ չեն` քահանաներու կամ սքեմաւոր մեծ ու փոքր հովիւներու նման, այլ կամաւոր ծառայողներ են։ Եւ որովհետեւ կամաւոր ծառայողներ են, ուստի սխալ պիտի չըլլայ ըսել, թէ իրենց եկեղեցասիրութիւնը ներքին հոգեւոր պահանջի մը, աննիւթական սիրոյ մը արդիւնքն է մի՛միայն։ Անոնք թէեւ հոգեւոր ասպարէզը չեն ընդգրկած իբրեւ կեանքի ձեւ ու նպատակ, բայց անշրջանցելի նեցուկն են, անհրաժարելի յենարաններն են եկեղեցական ու ծիսական կեանքին։ Դուք կրնա՞ք պատկերացնել Ս. Պատարագ մը` առանց վերնատունէն հնչող բամբ կամ մեղմանուշ երգեցողութիւններուն, որոնք, անշուշտ, քահանաներունը կամ վարդապետներունը չեն…։ Դպրաց դա՛սն է տէրն ու տիրականը վերնատունին։ Վերցուցէ՛ք դպրաց դասերը մեր եկեղեցիներէն, այնուհետեւ նայեցէք թէ ի՞նչ կը մնայ անդին…։ Ամայութի՜ւն…։
Յետոյ չմոռնանք, որ դպիրներն ու սարկաւագները մի՛շտ ալ եղած են ու կը շարունակեն մնալ ամէնէն հաւանական թեկնածուները քահանայական ասպարէզին։ Թթխմո՛րը` ապագայ հոգեւորականութեան։ Եթէ սերտէք կամ պրպտէք ձեզի ծանօթ վախճանեալ թէ ժամանակակից քահանաներու կենսագրութիւնները, պիտի յայտնաբերէք, թէ անոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կու գայ դպրաց դասու շրջանակներէն։ Այլ խօսքով, հոգեւոր ասպարէզի եւ կոչումներու մարդուժի կաթսան հո՛ն է` դպրաց դասերուն մէջ…։
6 սարկաւագ, 21 կիսասարկաւագ եւ 82 դպիր։
Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Մակար արքեպիսկոպոս մեզ հիացուց իր կատարած այս հաւաքական ձեռնադրութեան ծրագրաւորումով ու գործադրութեամբ։ Չմոռնանք, որ ձեռնադրեալ կիսասարկաւագներն ու սարկաւագները ամիսներ առաջ հետեւեցան մասնաւոր խտացեալ դասընթացքներու, ամբողջացուցին իրենց գիտելիքները եւ «զինուեցան» այն անհրաժեշտ տուեալներով, որոնք այսուհետեւ լծակները պիտի դառնան իրենց եկեղեցական ծառայութեան։ Յետ ձեռնադրութեան, անոնք ստացան մասնաւոր վկայագրեր։
Միւս կողմէ, նուազ կարեւոր չէ այս դէպքին բերելիք հոգեկան կազդոյրը եւս` մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ընդհանուր տրամադրութեան վրայ։
Շրջանի մը մէջ, երբ եկեղեցաքանդ ուժեր իրենց երեւելի ու աներեւոյթ լծակներով կը խոցեն Հայց. Եկեղեցին` իր ամէնէն սրբազան ու նուիրական կէտէն, երբ մեր փոքրիկ ու դիւրաբեկ հանրապետութեան մէջ պառակտուած եւ երկփեղկուած է քաղաքական ու հոգեւոր վերին իշխանութեանց աւանդական միասնութիւնը` հայ եկեղեցասէր ու հայրենասէր բազմութեանց շուարուն հայեացքին տակ, Հալէպի հաւաքական ձեռնադրութիւնը ճի՛շդ ժամուն նետուած «փրկութեան լաստ»-ի մը դերը կը խաղայ ժողովրդային շրջանակներու մէջ, քանի որ կը բարձրացնէ անոնց վիրաւոր տրամադրութիւնը ու վե՛ր կը քաշէ զանոնք յուսահատութենէ եւ հիասթափութենէ…։
Այո՛, շա՜տ, շա՜տ ու շա՜տ խոցուեցաւ Հայց. Եկեղեցին սա վերջին շրջանին։ Ինչե՜ր տեսանք ու ինչե՜ր լսեցինք։ Սարսեցաւ հայ ջերմեռանդ մարդուն հաւատքը ի՛ր իսկ եկեղեցիին նկատմամբ։ Ու զարմանալին այն է, որ մեր ճակատն ու այտերը կարմրցնող ամօթալի գայթակղութեանց շարանին դիմաց` ազգովին գրեթէ անճրկած ենք, կարկամա՜ծ։ Մտաւորականութի՛ւնն անգամ լուռ է։ Մինչդեռ անդին, Մեծ Եղեռնը իրականացնող երկրին մէջ, սա օրերուն, տեղական երգիծաթերթի մը էջերուն վրայ իսլամաց Մարգարէին մէկ ծաղրանկարին հրատարակութիւնը կայծակնային բռնկումով ոտքի հանած է բովանդա՜կ ժողովուրդը, միասիրտ ու միակամ…։
Հոն, այդ երկրին մէջ, կարմիր գիծեր կան, իսկ մեր մօտ, ընդհանրապէս, գոյներու զգացողութիւնը բթացած ըլլալ կը թուի…
Նման առիթներով սովոր ենք յիշեցնել Թէքէեանի անմահ բանաստեղծութիւնը, որ կ`ըսէ.
Եկեղեցին Հայկական Հայ Հոգիին եւ Մարմնոյն
Զրահանդերձն է փայլուն` մինչ իր խաչերն են դաշոյն
Եւ զանգակներն են բոմբիւն, եւ երգն է մի՜շտ Յաղթութիւն…։