Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ

ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ՓՐԿԵՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԷՆ ՀԱՏՈՒԱԾ ՄԸ

July 8, 2025
in Այլազան
0
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ

 

Կռունկ եւ արագիլ

Հայոց աշխարհի եւ հայ պանդուխտի երկու սիրելիներն են ասոնք:

Կռո՛ւնկ, ուստի՞ կու գաս, ծառայ եմ ձայնիդ,

Կռու՛նկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս:

 

Իմ տան մօտ ապրի՛ր, բարի՛ արագիլ,

Բո՛յն հիւսիր ծառին, բարդու կատարին:

* * *

Առաջին ակնարկով հաւանաբար քիչ մը դժուար ըլլայ պատկերի վրայ զանազանել հայուն ու Հայաստանին այնքան սիրած ու երգած այս երկու թռչունները: Մինչ Հայաստան բնակող հայուն համար շատ աւելի հեշտ է, քանի ան կ’ապրի այս երկուքին հարեւանութեան, երբեմն ալ մտերմութեան մէջ:

Այսուհանդերձ փորձենք:

Կռունկին վիզը աւելի նուրբ է եւ գլուխին հետ ուղիղ անկիւն կը ձեւացնէ:

Մինչ արագիլին վիզը աւելի թաւ է եւ գլուխին հետ սուր անկիւն կը ձեւացնէ:

Կռունկին կտուցը աւելի կարճ է արագիլի կտուցէն:

Կռունկին պոչը յարաբերաբար աւելի նուրբ է, մինչ արագիլինը աւելի թաւ է:

Երկուքն ալ բարձրասրուն են (échassier, wader), արագիլին սրունքը հաւանաբար քիչ մը աւելի երկար է, քանի ան ճահիճներու մէջ արածելու հակամէտ է:

Կռունկին մէջ իշխողը սեւ գոյնն է՝ սպիտակ նախշերով, մինչ արագիլին մէջ կ’իշխէ սպիտակը՝ սեւ նախշերով: Այսուհանդերձ գոյութիւն ունին սպիտակ կռունկի տեսակն ու սեւ արագիլի տեսակը եւս:

Եւ վերջապէս կռունկը հողին վրայ կը դնէ իր բոյնը եւ կը թխսէ ձուերը, մինչ արագիլը

բարձունքներ կը փնտռէ՝ բարդի, աշտարակ, զանգակատուն, ելեկտրական սիւն, բուխերիկ ու ծխնելոյզ, երբեմն մինչեւ իսկ բարձրաբերձ սուր ժայռերը:

Արագիլը մարդամօտ է. բակիդ բարդիին կամ մօտակայ զանգակատան վրայ բոյն դրած արագիլը չի վարանիր բակդ իջնելու, փոքրիկներուն հետ խաղալու, մինչեւ սենեակները տանտիկինին հետ ելեւմուտ ընելու եւ օգտուելու անոր համեղ պատառներէն: Կռունկը այս մտերմութիւնը չունի:

Ըստ այնմ հաւանաբար ոչ մէկ երկիր ու ոչ մէկ ժողովուրդ այնքան կապուած է իր

արագիլներուն, այնքան սէր ու գուրգուրանք ցոյց կու տայ անոնց հանդէպ, որքան Հայաստանն է ու հայն է:

Երկուքն ալ գաղթող եղած են. վերջին տարիներուն Արարատեան դաշտի ձկնարաններու հայթայթած կերը կը մղէ, որ երբեմն ձմեռեն Հայաստանի մէջ:

Արագիլներուն թիւը կը պահէ որոշ կայունութիւն մը, մինչ կռունկներունը նահանջի մէջ է:

 

* * *

Չես գիտեր ինչու, հայ պանդուխտը օտարութեան մէջ շատ աւելի կռունկին վստահած է իր սրտին գաղտնիքը, կարօտն ու ցաւը: Առ այդ ալ ան կը թախանձէ կռունկէն, որ չաճապարէ, քիչ մը աւելի մնայ իր հետ ու մտիկ ընէ զինք:

Մի՛ վազեր, երամիդ շուտով կու հասնիս, Կանչէ՛, կռունկ, կանչէ՛, քանի արեւ է,

Կռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս: Աշնան կ’երթաս երկիր, եարիս բարեւէ:

Կռո՜ւնկ ջան, կռո՜ւնկ ջան, արե՜ւ է,

Ա՜խ, եարիս բարեւէ՜…

Share61Tweet38
Previous Post

«ՔՍԱՆՆԵՐԸ՝ ԱԶԳԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՅՄԷԿ ՕՃԱԽՆԵՐ»

Next Post

6 ՍԱՐԿԱՒԱԳ, 21 ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ԵՒ 82 ԴՊԻՐ…

Next Post
6 ՍԱՐԿԱՒԱԳ, 21 ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ԵՒ 82 ԴՊԻՐ…

6 ՍԱՐԿԱՒԱԳ, 21 ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ԵՒ 82 ԴՊԻՐ...

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.