Հայասպանութեան կենդանի զոհ ու ականատես վկայ Գրիգորիս ծ․ վրդ. Պալաքեան Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն իր տեսածներն ու ապրած կեանքը գրի առած ու հրատարակութեան պատրաստած է «Հայ Գողգոթան» խորագիրով, Բ․ հրատարակութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 2003, Անթիլիաս, երկու հատոր։
Գրիգորիս ծ․ վրդ․ Պալաքեան Ա․ Աշխարհամարտի նախօրեակին Պերլին կը գտնուէր իբրեւ աստուածաբանական գիտութեան ուսանող։ Համալսարանական ուսումի վեցերորդ տարեշրջանի վերջին օրն էր 1914-ին, երբ գերմանացի պատմութեան փրոֆ․ Հառնագ դասախօսութիւն մը կու տար։
Պատերազմ յայտարարուած էր։ Մեծ պետութիւնները ոտքի վրայ էին։ Դասախօս Հառնագ կը խօսէր ռազմաշունչ խանդավառութեամբ ու կ՛ըսէր թէ մէկ երկու օրուան մէջ անխուսափելի պատերազմը պիտի պայթի եւ թէ փիլիսոփայ Նիչէ քարոզած է թէ գութն ու կարեկցութիւնը զգացական են եւ հոգեկան հիւանդութիւններ․․․։ Հառնագ հաւատարիմ հետեւորդ մըն էր նիչէական այս վարդապետութեան եւ կ՛ուզէր գերմանացի համալսարանական ուսանողութիւնը դէպի ռազմաճակատ մղել։
Իսկ հայ ժաղովուրդը, ըլլայ Կովկասի մէջ, թէ Հայաստանի արեւմտեան հատուածի կամ արտասահման, երկունքի ահաւոր ցաւերով ու բազմադարեան պոռթկացող յոյսերու փոթորիկով կը գալարուէր․․․։
Գրիգորիս ծ․ վրդ. Պոլիս կը վերադառնայ։ Ամէն մարդ եռուզեռի մէջ էր։ Ոչ ոք հաւատք կ՛ընծայէր քաղաքական «մեծ ծրագրի» մը կարելիութեան, նկատելով որ մարդկային նախապատմական շրջաններէն ասդին, ազգերու պատմութեան մէջ նմանօրինակ պարագայ մը, «ազգերու բռնազբօսիկ տեղահանութիւն» երբեք չի յիշուիր։ Ցաւալիօրէն, վերջին երեսուն տարուան արիւնոտ փորձառութիւնը տակաւին չէր զգաստացուցած հայը ու չէր կրցած նուազ անկեղծ եւ աւելի վերապահ ընել զայն․․․։
Ա․ Համաշխարհային պատերազմի վաղորդայնին մեծ պետութիւնները ինչպէս Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Իտալիա, Աւստրօ-Հունգարիա եւ Օսմանեան Պետութիւն եւ այլն, վերապահ ընթացքի կը հետեւէին եւ կը զգուշանային կողմի մը կամ հարցի մը հանդէպ համակրանքի կամ հակակրանքի որեւէ արտայայտութիւն ընելէ, սպասելով ակնդէտ օրէ օր դէպքերու զարգացումներուն։ Իսկ մենք հայերս էինք որ միայն, փոխանակ ազդուելու տիրող այդ ընդհանուր մտահոգութենէն, տարուելով մեր զգացումներէն, աւելի ճիշդ՝ մղուած մեր ցեղային վրէժխնդրական կիրքերէն, առաջին օրէն իսկ արդէն կուրօրէն եւ ազգովին նետուած էինք գահավիժական բախտախնդրութեան մը մէջ։ Գրիգորիս ծ․ վրդ կ՛ըսէ․ «Մենք հայերս էինք միայն, որ առաջին օրէն, կործանարար անկեղծութեամբ եւ յանդգնութեամբ, սկսած էինք մեր խաղի թուղթերը բաց խաղալ․․․» (էջ 68)։ Հայերը տակաւին անկազմակերպ հայ կամաւորներու խումբերուն մասին մամուլով եւ ճառերով փութացած էին իրենց համակրանքի ու գովասանքի խօսքերը շռայլել, կ՛աւելցնէ Գրիգորիս ծ․ վրդ․ Պալաքեանը։
Հեղինակ վարդապետ Գրիգորիս Պալաքեան Պոլսոյ հայոց մասին հետեւեալը կ՛ըսէ․ «Պոլսոյ հայերը ակնյայնտ կերպով սկսած էին արտայայտել իրենց ներքին զգացումները, որ թրքական թերթերը ինչպէս «Գարակէօզ»ը հեգնօրէն կը գրէին թէ օրուան պատերազմական յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները իմանալու համար, ձեզի հանդիպող առաջին հայուն երեսը նայեցէք, եթէ ուրախ է՝ Ռուսաստանն է յաղթողը, եթէ տրտում է, ուրեմն՝ Գերմանիան (էջ 69)։
Օսմանեան մայրաքաղաքի՝ Պոլսոյ 120 հազարի հասնող հայութիւնը, առանց նկատի առնելու իր սեփական յոյժ փափուկ կացութիւնը, ու փոխանակ հետեւելու իրեն դրացի յոյներու եւ հրեաներու վերապահ ու շրջահայեաց ընթացքին, առաջինօրէն իսկ սկսած էր արդէն ինքզինք փրկուած համարել։
Զամանալի բայց իրաւ, Հայասպանութենէն քանի մը տարի առաջ միայն, հայութիւնը մեծ շուքով Կ․ Պոլսոյ մէջ նշած էր հայոց այբուբէնի գիւտը եւ Թարգմանչաց տօնը, թուրք բարձրաստիճան պատասխանատուներ հրաւիրելով եւ անոնց անհաշտ աչքերուն առջեւ հայ ազգը պանծացնելով ու հայութեան գովասանքներ սփռելով։ Այսպիսով հայութիւնը սուր կերպով թուրքերուն նախանձը գրգռած էր։ Այդ հանդիսութեան հրաւիրուած ու ներկայ էր նաեւ նոյնինքն հայոց հետագային ջարդարար Թալաաթը։
Անհրաժեշտ է որ հայը ըլլայ միշտ զգօն, շրջահայեաց, կացութեան իրազեկ եւ ճիշդ ըմբռնող, զուսպ ու վերապահ, որպէսզի իր սեփական զգացումները օտարներու առջեւ չպարզէ։