Բազմաթիւ ժողովուրդներու մօտ ընդունուած երեւոյթ է՝ ոգեկոչումի հանդիսութիւններ սկսիլ վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ՝ յարգելու հանգուցեալներու յիշատակը: Սակայն, նկատի առնելով որ Քսաններուն պայքարը մինչեւ վերջին երկվայրկեան եղած է որոտացող, պիտի առաջարկեմ, որ մեր բոլորին յոտնկայս յարգանքը այսօր ըլլայ ոչ թէ լուռ, այլ ճիշդ հակառակը՝ աղաղակո՛ղ, ինքնին Քսաններուն վերջին երկու անգամ կրկնուած «Կեցցէ՛ Հայաստանը» միացեալ կանչով: ԿԵՑՑԷ՜ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ…ԿԵՑՑԷ՜ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ:
Սիրելիներ, ճիշդ է, որ հայկական պատմագրութիւնը յաճախ լուռ անցած է բազում հնչակեաններու սխրագործութիւններէն, շատեր մատնելով մոռացութեան, սակայն բարեբախտաբար չէ անտեսած Քսաններուն անհատական հերոսութիւններն ու հաւաքական զոհողութիւնը՝ յանուն հայրենիքին ու ժողովուրդին: Այսուհանդերձ, միշտ արժանիօրէն ընդգծելով երիտթուրք ոճրախումբը վնասազերծելու անոնց հիմնական ծրագիրը, յաճախ ակամայ շուքի կը մատնենք Քսաններու արժանիքներուն ու նահատակութեան խորհուրդները:
Առաջին. մինչ արդի աշխարհին պարտադրած պայմաններուն բերումով յաճախ կը տարանջատուի մեր ընկերային-հաւաքական կեանքը ու կը թուլանայ ազգային գործունէութիւնը, Քսանները այս խաւարին մէջ կը դառնան անձնազոհութեան, ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան մէյմէկ օճախներ՝ լուսաւորելով մեր ուղին եւ առաջնորդելով մեզ դէպի ազգային ինքնութեան ամրապնդում եւ հարստացում:
Երկրորդ. Քսաններուն պայքարը կը միաձուլէր ազգային ու համամարդկային արժէքները՝ արժանապատուութիւն, անկախութիւն, համագործակցութեան ոգի, գերիշխանութիւն, ընկերատնտեսական արդարութիւն, հաւասարութիւն, ընկերվարութիւն, փոխադարձ վստահութիւն, հանդուրժողականութիւն եւ լայնախոհութիւն: Ահաւասիկ մարդկային գերարժէքներ, որոնց այսօր որքա՜ն կարօտ է մարդկութիւնը՝ ներառեալ հայն ու լիբանանցին: Լիբանանեան ու հայաստանեան իրականութիւններուն մէջ որքա՜ն օգտակար պիտի ըլլար Քսաններու արժանիքներուն վերակենդանացումը:
Երրորդ. Քսանները մեծ մասամբ երիտասարդ էին՝ երիցագոյնը՝ Արամ Աչըքպաշեան, միայն 53 տարեկան էր: Ըլլալով, միշտ երիտասարդ կազմակերպութիւն մը, Հնչակեան կուսակցութիւնը բազում խոչընդոտներով հանդերձ կը շարունակէ կարեւորել երիտասարդութեան դերը, եւ մեր մաղթանքն է, որ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը դասեր քաղէ Քսան նահատակ երիտասարդներէն եւ միշտ կառչելով հերոսներու պատգամին, վերջապէս գտնէ նորօրեայ իրականութիւններուն եւ ազգային սկզբունքներուն ոսկէ հաւասարակշռութիւնը:
Չորրորդ. մինչ մեր Հայաստան հայրենիքը այսօր ականատես կը դառնայ ներքին ցնցումներու եւ այնտեղ ակներեւ են տարակարծութիւններն ու փոխադարձ անվստահութիւնը, Քսանները իրենց հաւաքական նահատակութեան 110-ամեակով կու գան շեշտել միասնականութեան, ընկերասիրութեան եւ համերաշխութեան արժէքը, որուն բացակայութեան մասին դաժան օրինակներ ունինք մեր պատմութենէն եւ հայկական ու ոչ-հայկական աշխարհէն: Այդ միասնութիւնը հրամայական է այսօր աւելի քան երբեք:
Վերջապէս, Քսանները մեզի՝ որպէս անհատներ, կուսակցութիւն եւ ժողովուրդ, կը պատգամեն յանդգնութիւն, խելացի անվախութիւն, քաղաքական աչալրջութիւն, հեռատեսութիւն եւ ռազմավարական խոհեմութիւն, պատգամելով ի գործ դնել այդ արժանիքները յանուն մեր եւ մեր ժողովուրդի բարօրութեան:
Մեր հանդիսութիւնը սկսանք «Կեցցէ՛ Հայաստանը» կանչով, իսկ այժմ կը շարունակենք՝ մեծարելով այդ Հայաստանի երազով ապրած ու նահատակուած հերոսները: Բի՜ւր յարգանք Քսաններու միացեալ պայքարին ու միացեալ նահատակութեան: Փա՜ռք ու պատիւ համայն հայութեան հերոսներ Փարամազին ու 19 ընկերներուն: