Սփիւռքի կրթական տարեգրութեան մէջ, Սահակեան–Լեւոն Մկրտիչեան վարժարանը կը ճառագայթէ իբր կենդանի խորհրդանիշ մը նուիրումի, յանձնառութեան ու ազգապահպանման։ Այդ կրթօճախին հոգին, օրինակն ու զօրավիգը եղած է Բենիամին Ժամկոչեանը. ուսուցչապետ մը, որուն անունը մինչեւ այսօր ալ կը թեւածէ աշակերտներու յիշողութեան մէջ։
1931-էն մինչեւ 1974 թուական ան եղաւ դպրոցին տնօրէնը, սակայն վարչական իր պաշտօնը սոսկ թղթաբանութիւն չէր։ Ժամկոչեանը եղաւ առաջնորդ մը հայ մանուկին, պատանիին, երիտասարդին, ոգեղէն կոթող մը՝ Սահակեանի, որուն ճակատագիրը մօտ կէս դար իր ուսերուն վրայ կը կրէր։ Վարժարանը իր զաւակն էր. կ’ապրէր անոր յաջողութիւններով, կը ցաւէր անոր տագնապներով։
Տնօրէնը ներկայ էր ամեն առաւօտ՝ կանուխէն, մինչեւ գիշերային լռութեան վերջին պահերը։ Իր աչքերը կը շրջէին ամէնուր։ Կը պատմուի, թէ «այնքան արագ էր իր շարժումներուն մէջ, որ իւրաքանչիւր աշակերտ կամ ուսուցիչ կը կարծէր թէ տնօրէնը իր մօտ կանգնած՝ իր շարժումները կը դիտէ, ո՛ւր ալ գտնուէր՝ դաշտ, խաղավայր կամ դասարան»։ Սուլիչը գրպանին մէջ պատրաստ՝ կարգ ու կանոն հաստատելու, իսկ իր ներկայութիւնը զգալի՝ ամէն աշակերտի ու ուսուցիչի համար։ Աչքերով կը խօսէր, շարժումով կը պարտադրէր լռութիւն ու օրէնք։
Դպրոցը կը սկսէր մարմնամարզութեամբ, որուն կը յաջորդէր աղօթք ու բարոյախօսութիւն։ Ժամկոչեանը գիտէր, որ հայ մանուկը դաստիարակուելու կարիք ունի ոչ միայն գիրքով, այլ նաեւ հոգեպէս եւ բարոյապէս։ Հսկողութիւն կը կատարէր դասերէն ետք սերտողութեան ժամուն, նոյնիսկ շաբաթավերջին:
Ինք կը մասնակցէր աշակերտական խաղերուն իրենցմէ աւելի եռանդով եւ յաղթելու վճռականութեամբ, բայց երբ սուլիչը հնչէր՝ դարձեալ տնօրէն էր։ Երեսին վրայ կ’երեւէր պարզ ու ճիշդ այն գիծը, որ կը բաժնէր ընկերութիւնը պատասխանատուութենէ։ Անոր ներկայութիւնը կը ներշնչէր վախ, բայց հաւասարապէս՝ վստահութիւն։ Աշակերտները գիտէին, որ անոնց ետին կանգնած էր մէկը, որ զիրենք կը պաշտպանէր, կը սիրէր եւ կը պահանջէր։
Ժամկոչեան ոչ մէկ աշակերտ տուն չէր ղրկեր ուսման վճար չունենալու պատճառաւ։ Կը գտնէր ճամբայ. աննկատ կը սատարէր, կը վարձէր լաւագոյն ուսուցիչներ, կը կազմակերպէր գեղարուեստական ու երաժշտական դասընթացքներ՝ միշտ ձրի, միշտ անշահախնդիր։ Կը պատրաստէր սերունդներ, որոնք պիտի ճանչնային իրենց ինքնութիւնը ոչ միայն լեզուով, այլ՝ արժէքներով։
Շատ հաւանաբար Բենիամին Ժամկոչեանն է, որ առաջին անգամ կիրառած ըլլայ «after school»ի սերտողութեան աւանդոյթը: Աշակերտներէն ոմանք տանը յարմարութիւն չէին ունենար դաս պատրաստելու։ Ոմանց ծնողը կ’աշխատէր կամ՝ ուսեալ չէր: Պարոն Ժամկոչեան այդ բացը կրցած էր լուծել դպրոցին մէջ ուսուցումը շարունակելով երեկոյեան ժամերուն, իր իսկ անմիջական հսկողութեամբ եւ անվճար:
Տնօրէնը նաեւ բանախօս էր հաւաքներու, հանդիսութիւններու, հայրենասիրական միջոցառումներու ժամանակ։ Ան ժամադրութիւն կը յարգէր. բան մը որ մինչեւ օրս հիւանդագին մնաց «հայկական ժամադրութիւն»ներ բանաձեւումով: Հանդիսութիւնը կը սկսէր ճիշդ ժամուն՝ նոյնիսկ եթէ պատուոյ հիւրը կամ բարձրաստիճան կղերականը ուշանար։ Իր կեցուածքը վկայութիւնն էր սկզբունքային յարատեւութեան։
Սահակեան վարժարանը իր ներկայութեամբ դարձած էր ազգապահպան դարբնոց, ուր հայրենիքը միշտ ներկայ էր։ Ներգաղթի կարաւանները կը սկսէին Սահակեանէն, իսկ հայրենիքէն ժամանողներ՝ պարտադիր իրենց ուղին կը յանգեցնէին անոր բեմին վրայ։ Դպրոցը կամուրջ մըն էր Հայրենիքին ու Սփիւռքին միջեւ։
Ժամկոչեանը զաւակ չունէր, բայց ունեցաւ սերունդներ։ Սաները, որոնք մեծցած էին իր հոգիով, կը դառնային համեստ, աշխատասէր, արդար քաղաքացիներ՝ իրմէ ժառանգած արժէքներով։ Ուսուցիչ մըն էր, որ կը սորվեցնէր ե՛ւ դաս ե՛ւ կեանքի ուղի։
Երեւանի դպրոցներէն մին՝ թիւ 119-րդ վարժարանը խորհրդային տարիներուն վերանուանուած էր ուսուցչապետին անունով: Սակայն դժբախտաբար Սահակեան–Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճի բակին մէջ մինչեւ օրս չկանգնեցաւ Ուսուցչապետ Բենիամին Ժամկոչեանի կիսանդրին։ Հաւանաբար ժամանակն է այդ բացը ամբողջացնելու։
«Արարատ»՝ իբր Սփիւռքի հոգեմտաւոր կեանքի վկան, խոնարհութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կը յարգէ մեծ ուսուցչապետին՝ Բենիամին Ժամկոչեանի յիշատակը, որ իր անձը մոռնալով՝ ամբողջ էութիւնով նուիրուեցաւ հայ նոր սերունդին։
Եւ կը հաւատայ, թէ այդ յիշատակը պիտի շարունակէ շողարձակել հետագայ սերունդներու ճամբան։