Համացանցային նոր գրառումներով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շարունակեց քննադատել շարք մը հոգեւորականներու վարքագիծը: Գործածելով աւազանի անուններ, Փաշինեան նշեց, որ եթէ Կտրիճ Ներսիսեանը (Գարեգին Բ. կաթողիկոս) ապօրինի կը համարէ Վազգէն Գալստանեանի (Բագրատ սրբազան) եւ Գէորգ Աջապահեանի (Միքայէլ սրբազան) կալանաւորումը, ուրեմն «ինք եւս կը կիսէ ռազմական յեղաշրջում ընելու, մարդիկը պատին տակ գնդակահարելու եւ երկրին մէջ քաոս յառաջացնելու նշեալ անձերուն ծրագրերը»: Փաշինեան ուստի նշեց, թէ «մանաւանդ այս պարագային, Վաղարշապատ խոշորացուած համայնքի որեւէ տարածք չի կրնար փակ ըլլալ իրաւապահներու գործունէութեան համար, «մանաւանդ որ Կտրիճի եւ քանի մը այլ անձերու շնորհիւ այդ տարածքները փակ չեն շնութեան համար»: Իսկ Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, թէ «համերաշխ, եղբայրական մթնոլորտի մէջ տեղի պիտի ունենայ նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը, որ չվնասենք Եկեղեցիին»: Անոր համաձայն, Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնները չեն նշանակեր, որ իրաւապահ մարմինները պիտի իրականացնեն նոր գործողութիւններ:
Բագրատ սրբազանի փաստաբան Յովհաննէս Խուտոյեան, միւս կողմէ, բուռն յարձակում գործեց վարչապետ Փաշինեանի վրայ, զայն անուանելով «հակահայ» մը: «Ապացուցուած է, որ Քննչական կոմիտէն կեղծած է սրբազանին վերագրուած ձայնագրութիւնները, իսկ քաոսը կը ստեղծուի իրաւապահներուն կողմէ, առկայ են նաեւ նիւթեր, որոնք կը հերքեն յանցաւոր արարքներ կատարելու ոչ միայն ցանկութիւնը, այլեւ հնարաւորութիւնը», ըսաւ փաստաբանը: Անոր համաձայն, ահաբեկչական ծրագիրի մասին խօսելով, իշխանութիւնները կը փորձեն սլաքը ուղղել բոլոր հակառակորդներուն դէմ: Ան նշեց, թէ Բագրատ սրբազանին հետ որոշած են վիրաւորանքներուն եւ զրպարտութիւններուն համար բողոք ներկայացնել բոլոր օղակներու զրպարտողներուն դէմ: «Շուտով դատարան կը ներկայացուի հայցերուն առաջին տասնեակը», ըսաւ փաստաբանը: Իսկ Միքայէլ արք. Աջապահեան շեշտեց, թէ չէր կրնար ըլլալ գոյութիւն չունեցող որեւէ ծրագրի մասնակից, վեհափառն ալ չէր կրնար հովանաւորել զայն: Անոր փաստաբաններուն խումբը յայտարարեց, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը միջամտէ նախաքննութեան: «Փաշինեան դատախազութեան եւ քննչական մարմինին պատուէր կամ յանձնարարութիւն կ’ուղղէ՝ Մայր Աթոռին մէջ դատավարական գործողութիւններ կատարելու վերաբերեալ», նշուեցաւ իրաւաբաններու յայտարարութեան մէջ: