Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ԼՈՆՏՈՆ-ԴԱՄԱՍԿՈՍ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

July 8, 2025
in Միջազգային
0
  ԼՈՆՏՈՆ-ԴԱՄԱՍԿՈՍ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

 

Սուրիոյ արտաքին գործերու նախարար Ասաատ Շիպանի հրապարակեց նոր որոշում մը, որուն հիմամբ բարեփոխեց արաբներու եւ օտարազգիներու Սուրիա մուտքի վճարները: Ըստ նոր սակագիներուն, Լիբանանի, Յորդանանի, Մալեզիոյ եւ Մորիթանիոյ քաղաքացիները այժմ հնարաւորութիւն ունին Սուրիա մուտք գործել առանց որեւէ վճարումի: Այլ երկիրներու պարագային, Սուրիա այցելողները հնարաւորութիւն ունին ապահովելու մէկ, երեք կամ վեց ամսուայ մուտքի արտօնագիր, իսկ Իրանի քաղաքացիներուն համար արտօնագրին սակագինը 400 տոլար է՝ միայն մէկ ամսուայ համար եւ միայն մէկ այցելութեան:

Այլ գիծի վրայ, Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա ընդունեց Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործերու նախարար Տէյվիտ Լամին, որ 14 տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով այցելեց Դամասկոս: Բրիտանական կողմը վերահաստատեց աջակցութիւնը Սուրիոյ նոր կառավարութեան, տրամադրելով յաւելեալ մէկ միլիոն սթերլին: Լոնտոն Դամասկոսին տեղեկացուց նաեւ, թէ որոշած է վերականգնել դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ ամրապնդել երկկողմանի կապերը:

Ապահովական առումով, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ գիշերային յատուկ գործողութիւն մը կատարած է Սուրիոյ հարաւային Թել Քոտնա շրջանին մէջ, ուր ձերբակալած է Իրանի յեղափոխական պահակագունդին ցուցմունքներով աշխուժացող բջիջ մը: Ըստ բանակին, անցեալ շաբաթ եղած է նման երկու գործողութիւն:

Share61Tweet38
Previous Post

ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ ԹԱՅԷՖԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԲԱՆԱՎԷՃԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԲԱՆԱՎԷՃԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԲԱՆԱՎԷՃԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.