Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Ռաշայայի մէջ շրջագայած ատեն ունեցաւ շարք մը տեսակցութիւններ, որոնց ընթացքին արծարծեց լիբանանեան զարգացումները: Ան շեշտեց Թայէֆի համաձայնագրին գործադրութիւնը ամբողջացնելու եւ անոր գործադրութեան ընկերակցած թերութիւնները սրբագրելու կարեւորութիւնը: «Պէտք է կարեւորութիւն տակ կարգ մը չգործադրուած կէտերու՝ ներառեալ վարչական ապակեդրոնացումը եւ հաւասար բարգաւաճումի գաղափարները», ըսաւ Սալամ: Ան վերահաստատեց, թէ զէնքի գործածութեան մենաշնորհը լիբանանեան զինուորական ու ապահովական պաշտօնական հաստատութիւններուն է: «Այս հարցերը եթէ չլուծուին, կարելի չէ կայունութեան յանգիլ», զգուշացուց վարչապետը: Ան կայունութեան նախապայման համարեց նաեւ լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն իսրայէլեան անյապաղ նահանջը եւ բանակին տեղակայումը: