Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՐՐԱՔԻ ԴՐԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑՆԵՐԸ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

July 8, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՊԱՐՐԱՔԻ ԴՐԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑՆԵՐԸ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

 

 

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ եւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմ Պարրաք երէկ ժամանեց Պէյրութ, ուր շարք մը տեսակցութիւններ ունեցաւ լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ՝ քննարկելու համար Հըզպալլայի ապազինումին վերաբերող պայմաններուն Լիբանանի պատասխանը: Պաապտայի պալատին մէջ Պարրաք տեսակցեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ, ներկայութեամբ Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիսա Ճոնսընի: Զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային ամբողջական լուծումին վերաբերող առաջարկներ:

Պարրաք ժողովէն ետք յայտնեց, թէ «Իսրայէլի, Հըզպալլայի ու լիբանանեան բանակին միջեւ զինադադարէն ետք գործած մեքանիզմը յաջող չէր, իսկ ամերիկեան փաստաթուղթին նկատմամբ լիբանանեան պատասխանը շատ պատասխանատու է»: Անոր համաձայն, Լիբանան պարտաւոր չէ յանձնառութիւն յայտնել ապազինումի որեւէ ժամանակացոյցի, իսկ ամերիկացիները պատրաստ են աջակցելու Պէյրութին: «Իսրայէլ խաղաղութիւն կ’ուզէ Լիբանանի հետ, սակայն այդ իրագործելը մարտահրաւէր մըն է», ըսաւ Պարրաք՝ աւելցնելով, որ այդ ժամանակաշրջանը շատ կարեւոր է Լիբանանին ու տարածաշրջանին համար, ուստի պէտք է օգտուիլ հնարաւորութիւններէն: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ Պարրաքը ընդունելէ ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ դրական զրոյց վարած է, միշտ նկատի առնելով Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ազգային շահերուն պահպանումը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն՝ ընդ որում Հըզպալլային մտավախութիւնները:

Ան տեսակցեցաւ նաեւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին հետ: Վերջինս Պարրաքին տեղեկացուց, թէ միայն պետութիւնը ունի պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումին իրաւասութիւնը: «Հըզպալլա մաս կը կազմէ պետութեան, իսկ շէյխ Նայիմ Քասէմ յանձնառու կը մնայ զինադադարի համաձայնութեան եւ Թայէֆին», ըսաւ Սալամ:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԱԼԻ ԱԹՈՌԻՆ

Next Post

ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ ԹԱՅԷՖԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ ԹԱՅԷՖԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ ԹԱՅԷՖԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.