Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԱԼԻ ԱԹՈՌԻՆ

 ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ «ՄԱՍԻՍ»

July 5, 2025
in Յօդուածներ
0

 

Հայաստանի մէջ ընթացող քաղաքական զարգացումները ստացան նոր երանգ, երբ իրաւապահ մարմինները բացայայտեցին հեռուներ տանող ահաբեկչական ծրագիր մը, որուն մէջ գլխաւոր դերակատարութիւնը ստանձնած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորական, Տաւուշի թեմի առաջնորդ՝ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը։ Անցեալ տարի ան փորձած էր հանրահաւաքներու ու բողոքի այլ գործողութիւններու միջոցաւ հասնիլ իշխանափոխութեան, ուր իրմէ առաջ ձախողած էին քաղաքական ուժերուն ու համախմբումները։

Վերջին օրերուն իրաւապահ մարմինները հրապարակեցին ձայնագրութիւններ, որոնց ընթացքին Գալստանեան կը խօսի սպանութիւններու, պայթումներու, պատժիչ խումբեր կազմելու, համացանցը փճացնելու, փողով երիտասարդներ հաւաքագրելու, ոստիկանութիւնը կաթուածահար ընելու, վաճառատուներ ջարդելու եւ այլ հակաօրինական գործողութիւններու մասին, որոնց միջոցաւ կը յուսայ, որ կը յաջողի տապալել վարչապետ Փաշինեանի իշխանութիւնը։

Ծանօթանալով հրապարակուած սահմռկեցուցիչ ձայնագրութիւններուն, զարմանք կը յառաջանայ թէ ինչպէս կարելի է հայ եկեղեցականի բերնէն լսել այս աստիճանի ատելութեան խօսքեր, երբ ինք կոչուած է ըլլալու քարոզիչը սիրոյ, համերաշխութեան ու խաղաղութեան։

Նոյնքան զարմանալի է Միքայէլ արք. Աջապահեանի պահուածքը, երբ ան առիթը չի փախցներ ռազմական յեղափոխութեան մասին կոչեր հնչեցնելու եւ նոյնիսկ կը մեղադրէ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը, որ բանակէն ու ոստիկանութենէն ներս չունին իրենց համախոհներ, որպէսզի նման ծրագիր հասցնեն իր լրումին։

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը օրին նախազգուշացուցած էր «սրբազան պայքար» անուան տակ տեղի ունեցող փողոցային շարժումին մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ստանձնած դերակատարութեան ու անոր հետեւանքներուն մասին: Դժբախտաբար, սակայն, եկեղեցականի կողմէ առաջնորդուող այդ շարժումը չարժանացաւ Մայր Աթոռի ազդու միջամտութեան՝ Եկեղեցին հեռու պահելու համար քաղաքական գործընթացներէն։ Աւելին, Մայր Աթոռը կը շարունակէ պաշտպանել անպաշտպանելին ու կը մեղադրէ իշխանութիւնները՝ Եկեղեցւոյ դէմ հալածանք սկսելու մէջ։ Անոր միացած են նաեւ ընդդիմադիր ծանօթ շրջանակները, որոնց համար գերագոյն նպատակն է վերադարձ իրենց նախկին աթոռներուն։

Ժողովրդավարութիւնը, որուն հովանիին տակ կը գործէ Հայաստանի պետականութիւնը, ունի իր որոշ սահմանափակումները, երբ հարցը կը վերաբերի ներքին անդորրին ու քաղաքացիներու ապահովութեան։ Դժբախտաբար ընդդիմութիւնը, շահագործելով ժողովրդավարութեան ընձեռած ազատութիւնները, այդ առիթը կ’օգտագործէ պետութեան հիմքերը խարխլելու համար։

Տարի մը ետք տեղի ունենալիք հերթական ընտրութիւններու ընթացքին իւրաքանչիւր քաղաքացի առիթը պիտի ունենայ կողմնորոշուելու եւ իր ազատ կամքով ընտրելու իր իշխանութիւնը։ Մինչ այդ, իրաւապահ օղակները կը կատարեն օրէնքով սահմանուած իրենց գործառոյթները՝ երկիրը հեռու պահելու համար ներքին ցնցումներէ։

Հայրենիքը շրջապատուած է արտաքին թշնամիներով, որոնք պատրաստ են օգտագործելու մեր ներքին պառակտումները, իրենց օրակարգերը պարտադրելու եւ այլեւայլ պայմանները ընդունելի դարձնելու Երեւանի իշխանութիւններուն։ Հայրենասիրութեան մասին անդադար ճառողներուն մօտ կը պակսի գիտակցութիւնը, որ երբ երկիրը կը դիմագրաւէ բազում մարտահրաւէրներ, պէտք է բացառապէս գործել օրէնքի սահմաններուն մէջ ու փորձել համոզել հանրութիւնը, որ մօտալուտ ընտրութիւններուն չքուէարկեն գործող իշխանութիւններուն։ Ո՛չ եկեղեցականութիւնը եւ ո՛չ ալ քաղաքական շրջանակները լիազօրուած են Հայաստանի ժողովուրդին կողմէ նման ապօրէն գործողութիւններով կամ ահաբեկչութեամբ լուծելու իշխանութեան հարցը։

Կը մաղթենք, որ այս նոր ու դատապարտելի բացայայտումներու լոյսին տակ Մայր Աթոռը, վերաքաղի ենթարկելով վերջին տարիներուն իր վարած քաղաքականութիւնը, դասեր կը քաղէ անցեալի իր սխալներէն։

Գալստանեաններն ու Աջապահեանները չեն ներկայացներ ամբողջ հայ հոգեւորականութիւնը, որուն անդամներուն մեծ մասը հաւատարմօրէն կը կատարէ իր ծառայութիւնը՝ ի շահ իր հօտին ու ազգին։

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՎԵՑ ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐ ՄԻԱՑԱՆ ՀԱԳ-Ի ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՐԹԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.