Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԵՑ ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐ ՄԻԱՑԱՆ ՀԱԳ-Ի ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՐԹԻՆ

July 5, 2025
in Գաղութային
0
ՎԵՑ ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐ ՄԻԱՑԱՆ ՀԱԳ-Ի ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՐԹԻՆ

 

 

28 Յունիս 2025: Այդ օր երեկոյեան Հայ աւետարանական գոլէճը տուաւ իր 98-րդ հունձքը: Եկեղեցական, կրթական եւ համայնքային պատասխանատուներու ներկայութեամբ ու իրենց ծնողաց եւ ուսուցիչներուն ուրախ եւ յուզուած նայուածքներուն դիմաց, ՀԱԳ-ի վեց շրջանաւարտները եկան ամբողջացնելու դպրոցի 1642 շրջանաւարտներու փաղանգը:

Հանդէսը սկսաւ ժամը 8-ին` հանդիսաւոր մուտքով ու շարունակուեցաւ քայլերգերու ունկնդրութեամբ (կենդանի կատարողութեամբ ՀԱԳ լարային եռեակի՝ Անտրիա Տէմիրճեան, Հրակ եւ Գէորգ Պալեաններ), առաջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ պարոն Հենրի Իշխանեանի:

Հայ աւետ. առաջին եկեղեցիի հովիւ՝ վերապատուելի Ժիրայր Ղազարեանի աղօթքէն ու տնօրէնին ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսքէն ետք, օրուան պատգամը յղեց ՀԱԳ 2004-ի շրջանաւարտ, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի Ընդունելութեանց գրասենեակի տնօրէն օրիորդ Մեղրի Խօշեան, որ յիշելէ ետք իր աշակերտական օրերը, մեծ դրուատիքով ու երախտագիտութեամբ անդրադաձաւ դպրոցի ձգած ազդեցութեան՝ իր կեանքին վրայ, ապա շրջանաւարտներուն յղեց կեանքի մէջ յաջողութեան հասնելու կենսական խորհուրդներ:

Աւարտական հանդէսին գեղարուեստական բաժինը կը բաղկանար ասմունքէ՝ «Հոգին հայկական», Ժ. Ս. Յակոբեան (6-րդ դասարանի շրջանաւարտներ Սերենա Հատտատ եւ Հրակ Թերզեան), պարէ՝ «Նազպար» (12-րդի շրջանաւարտներ Սէրլի-Ռոզի Շահինեան եւ Դալար Տագէսեան) եւ նուագէ՝ «Վարդագոյն աղջիկների պարը», «Ղափամա» եւ «Ազգ Փառապանծ» (ՀԱԳ լարային եռեակ):

Վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումէն ետք, յանուն շրջանաւարտներուն իրենց ուղերձը կարդացին Սէրլի-Ռոզի Շահինեան (հայերէն) եւ Արին Պաստաճեան (արաբերէն):

Շրջանաւարտներուն ուղղուած իր հուսկ բանքին մէջ տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, կեդրոնանալով «խաղաղութիւն» բառին վրան, թելադրեց շրջանաւարտներուն, որ կեանքի մէջ ըլլան խաղաղութեան գործակիցներ:

Գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, 1965 տարուան լիբանանաբնակ չորս շրջանաւարտներ ստացան վեթերան շրջանաւարտի վկայագիր եւ յուշատախտակ՝ ձեռամբ հովիւին եւ հոգաբարձութեան ատենապետ պարոն Ներսէս Պաղտոյեանի:

Վերապատուելի հովիւին առաքելական օրհնութեամբ աւարտեցաւ երեկոյին պաշտօնական մասը, սակայն պահը երկար շարունակուեցաւ հիւրասիրութեան մը ընթացքին:

 

Share61Tweet38
Previous Post

«ՆԻԿԻԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿ»-Ը ԵՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Next Post

ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԱԼԻ ԱԹՈՌԻՆ

Next Post

ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԱԼԻ ԱԹՈՌԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.