Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՆԻԿԻԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿ»-Ը ԵՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Լ. Շ.

July 5, 2025
in Յօդուածներ
0
«ՆԻԿԻԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿ»-Ը ԵՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

 

Նիկիոյ մէջ հաւաքուած երեք հարիւրէ աւելի քրիստոնեայ հայրապետերն ու աստուածաբանները, երկարատեւ քննարկումներէ, թեր ու դէմ կարծիքներէ եւ վերլուծումներէ ետք՝ իվերջոյ հասան եզրակացութեան մը։ Այդ եզրակացութիւնը Արիոս երէցի տեսակէտին կտրուկ ժխտումն էր։ Նիկիոյ ժողովը Արիոսն ու անոր հետեւորդները աղանդաւոր (հերետիկոս) հռչակեց, դատապարտեց ու նզովեց։ Արիոս վտարուեցաւ եկեղեցիէն ու շուրջ տասը տարի ետք մահացաւ Կ. Պոլսոյ մէջ, յառաջացեալ տարիքին։

Եկեղեցին հարկ տեսաւ, այսպէս, ինքզինք ու իր հաւատքը պաշտպանել սխալ կամ անճիշդ ուսուցումի մը դէմ, որ այս պարագային Քրիստոսի աստուածութեան ուրացումն էր։

Արդարեւ, Նիկիոյ ժողովին կարեւոր իրագործումը եղաւ դաւանական բանաձեւի մը որդեգրումը։ Ասով, քրիստոնեայ աշխարհը վերահաստատեց Աստուծոյ եւ անոր որդւոյն՝ Քրիստոսի մասին իր տեսակէտը, սեղմ ու խտացեալ շարադրանքով մը, որ ծանօթ է «Նիկիական հանգանակ» անունով։ Ասիկա մեր հայ հաւատացեալներուն քաջածանօթ   «Հաւատամք»-ն է, որ ամէն Ս. Պատարագի կ՛արտասանուի կամ կ՛երգուի եկեղեցիներու բեմերէն։ Եկեղեցի յաճախողները գոց գիտեն այս «Հաւատամք»-ը ու անոր արտասանութեան կը մասնակցին ձեռնամած (ափերը իրարու միացուցած) ու բարձրաձայն, բեմը կանգնած սարկաւագներուն ու դպիրներուն երգեցողութեան հետ համահունչ…։

 

Հաւատա՜մք ի մի Աստուած,

ի Հայրն ամենակալ,

յարարիչն երկնի եւ երկրի,

երեւելեաց եւ աներեւութից։

Եւ ի մի տէր Յիսուս Քրիստոս, յՈրդին Աստուծոյ,

ծնեալն յԱստուծոյ Հօրէ, Միածին,

այսինքն՝ յէութենէ Հօր… եւ այլն։

 

«Նիկիական հանգանակ»-ը յստակօրէն կը շեշտէր Քրիստոսի աստուածային բնութիւնը. «Նոյն ինքն ի բնութենէ Հօր»։ Այսինքն, Աստուած ինչ բնութիւն որ ունի՝ նոյն բնութիւնը ունի Քրիստոս ի՛նք։

Արիստակէս եպս. այս բանաձեւը բերաւ Հայաստան, ուր անիկա որդեգրուեցաւ անվարան։

Նիկիոյ Ժողովը, որ Արիոսի հարցէն զատ, միջանկեալ, քննարկումի առարկայ դարձուցած էր եկեղեցական ինչ-ինչ հարցեր, հաստատեց շուրջ քսան կէտերէ բաղկացած կանոններու շարք մըն ալ, որ կը գտնենք Թաւրիզի երբեմնի համբաւաւոր առաջնորդ Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեանի «Հայոց եկեղեցական իրաւունքը» երկհատոր գործին մէջ (Շուշի, 1903-1905, վերատպուած՝ Թեհրան, 2005)։ Այդ կանոններուն մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէին մա՛նաւանդ եկեղեցականներու կենցաղին վերաբերեալ պարտաւորիչ օրէնքներ, որոնք,– սկզբունքով,– կիրարկելի են մինչեւ մեր օրերը։ Զորօրինակ, կուսակրօնութեան հարցին մասին Նիկիոյ ժողովը պարզած է իր տեսակէտը։

Այսքանէն ետք, եկէ՛ք բացատրենք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «հանգանակ»։

Եթէ բառարան բանանք, հոն պիտի կարդանք, թէ այս բառը կը նշանակէ «բանաձեւուած հաւատալիք»։

Շատ գործածական բառ մը չէ «հանգանակ»-ը։ Այնուհանդերձ, մեր ընթերցողներուն ծանօթ ըլլալու է «դրամ հանգանակել» կամ «հանգանակութիւն կատարել» ըսելաձեւերը։ Այսինքն՝ բարի ու շինիչ նպատակի մը համար նիւթական հասոյթ ժողվել։ Ուրեմն, բառիս այս մեկնակէտէն ելած՝ «հանգանակել» պիտի նշանակէ ժողվել, քով-քովի բերել, հաւաքել։ «Նիկիական հանգանակ»-ն ալ, հետեւաբար, դաւանական գաղափարներու եւ տեսակէտներու համադրական մէկտեղում մըն էր, կէտերու հաւաքում, ամփոփում եւ խմբագրում։ Ա՛յս է իմաստը «հանգանակ»-ին։

Միայն քիչեր գիտեն, թէ այսօր մեր արտասանած «Հաւատամք»-ը ճիշդ ու ճիշդ նոյնը չէ Նիկիայէն բերուած «Հանգանակ»-ին։ Միջուկը նոյնն է անշուշտ՝ իր ընդհանուր գաղափարներուն մէջ, եւ սակայն հոն կատարուած են որոշ յաւելումներ, յաջորդող դարերուն, Տիեզերական Բ. ժողովին (381, Կ. Պոլիս) ընդունուած դաւանական կարգ մը հաստատումներուն ալ ներմուծումով։ Ուրեմն, այժմու «Հաւատամք»-ը լրացուած տարբերակն է 325-ի «Նիկիական հանգանակ»-ին։

«Նիկիական հանգանակ»-ը, հին դարերուն, բացատրուած ու մեկնաբանուած կը գտնենք Խոսրով եպս. Անձեւացիի (Ս. Գրիգոր Նարեկացիի հայրը, Թ. դար), Յովհաննէս Սարկաւագ վարդապետի (ԺԱ.-ԺԲ. դար) եւ Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի  (ԺԲ. դար) գործերուն մէջ։ Ասոնք գրաբարով են ու մատչելի չեն ժամանակակիցներուս։

Սակայն մեր օրերուն, այս մասին ամէնէն համապարփակ ու մանրազննին ուսումնասիրութիւնը կը պատկանի մեր եկեղեցւոյ ժամանակակից մեծ աստուածաբաններէն հոգելոյս Զարեհ արք. Ազնաւորեանին (1947-2004)։ Կիլիկեան Ս. Աթոռին հասցուցած այն բացառիկ ու տիպար դէմքն էր Զարեհ սրբազան, որ իր անձին վրայ կը մեկտեղէր մաքրակենցաղ հոգեւորականի ու խորահմուտ մտաւորականի բոլոր ստորոգելիները։ Իր գործը՝  «Մեկնութիւն Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հաւատամքին», 450 էջանի ծաւալուն աշխատասիրութիւն մըն է, լոյս տեսած՝ Հալէպ, 2008-ին, Վաղինակ վրդ. Մելոյեանի խմբագրութեամբ։ Այստեղ, հեղինակ սրբազանը, նախադասութիւն առ նախադասութիւն եւ նոյնիսկ բառ առ բառ սեւեռումի ու աստուածաբանական քննարկումի կ՛ենթարկէ «Նիկիական հանգանակ»-ը, զայն ուղղակի «մաղէ կ՛անցընէ», վերբերելով միաժամանակ իր ամէն մէկ հաստատումին ետին կանգնող պատմութիւնը, այդ հաստատումին խորքային իմաստը…։

*

Ինչ որ բացատրեցինք այստեղ՝ պատմութիւն էր, պատմական դրուագներու յիշեցում։

Թերեւս անտեղի պիտի չըլլայ շեշտել այս առթիւ, որ մեր կապուածութիւնը մեր եկեղեցիին՝ հաւատքի հարց է։ Մէկը կրնայ յիսուն տարի շարունակ եկեղեցի յաճախել կանոնաւոր հերթականութեամբ, ամէն Ս. Պատարագի ձեռնամած ու վերացած արտասանել «Հաւատամք»-ը, բայց չկարենալ բացատրել անկէ տո՛ղ մը անգամ…։

Արդէն, ի՞նչ է «հաւատք» ըսուածը։ Անիկա անշօշափելի, աներեւելի բաներու մասին համոզուած ըլլալ չի՞ նշանակեր…

                                                                                                 

 

Share61Tweet38
Previous Post

«ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՆՔ ՄԵՐ ԿԱՌՉԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆ ԲՈԼՈՐ ՎԵՀ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱԿԱՆԱՑՄԱՆ, ՈՐՈՆՑ ՀԱՄԱՐ ԶՈՀՈՒԵՑԱՆ ՔՍԱՆ ՀՆՉԱԿԵԱՆՆԵՐԸ»

Next Post

ՎԵՑ ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐ ՄԻԱՑԱՆ ՀԱԳ-Ի ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՐԹԻՆ

Next Post
ՎԵՑ ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐ ՄԻԱՑԱՆ ՀԱԳ-Ի ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՐԹԻՆ

ՎԵՑ ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐ ՄԻԱՑԱՆ ՀԱԳ-Ի ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՐԹԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.