ԸՆԿ. ՎԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ110-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ
1915-ի Յունիս 15-ին Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ հնչակեան քսան յեղափոխականներու կախաղանումը հայ Ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի ամենապայծառ էջերէն մէկն է:
Ամէն տարի մենք կ’ոգեկոչենք Քսաններու կախաղանումը՝ Փարամազի գլխաւորութեամբ, սակայն իրականութեան մէջ այդ գործով ձերբակալուածներուն թիւը 120-է աւելի էր, իսկ բանտերուն մէջ չարչարանքներու տակ սպաննուածներուն թիւը տասնեակներու կը հասնէր:
Հետեւաբար երբ Պայազիտի հրապարակին վրայ անմահացած մեր ընկերներուն յիշատակը կ’ոգեկոչենք նոյն ակնածանքով, նաեւ կը խոնարհինք բոլոր ծանօթ եւ անծանօթ նահատակներու սխրանքին առջեւ, որոնք իրենց ամենաթանկագինը նուիրեցին ազգին, հայրենիքին եւ մարդկութեան:
Քսաններու ոդիսականը, սկսեալ անոնց ձերբակալութենէն մինչեւ դատավարութիւնը եւ մահապատիժի գործադրութիւնը, լեցուն է հայրենասիրութեան, մարդասիրութեան, գաղափարապաշտութեան, պայծառատեսութեան եւ բարոյական այդպիսի ուսանելի դրուագներով, որոնք մինչեւ այսօր կը պահեն իրէնց այժմէականութիւնը:
Քսանները կախաղան բարձրացան Հայրենիքի ազատութեան երգերը երգելով: Անոնք շօշափելի փաստով չտեսան ծնունդը այդ հայրենիքին, սակայն մեծ վստահութեամբ, յանուր մարդկութեան աւետեցին արեւելքի հորիզոնին վրայ ծնունդ առնելիք Հայաստանը:
Այսօր Պայազիտի հրապարակէն դէպի արեւելք, մայր Արաքսի արեւելեան ափին ամբողջական Հայաստանի մէկ հատուածին վրայ անվիճելի իրականութիւն է Քսաններու տեսած հայկական պետականութեան երրորդ հանրապետութիւնը: Քսաններու աւետած ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութիւնը դեռ շատ երիտասարդ է, հինէն եկած եւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք յառաջացած բազմաթիւ խնդիրներ ունի լուծելու:
Հետեւաբար, մենք որպէս Քսաններու ժառանգորդներ, պարտաւոր ենք ամէն գնով կառչած մնալ մեր հայրենիքին եւ սատարել անոր սահմաններու անձեռնամխելիութեան, տնտեսական բարգաւաճման, հաստատութիւններու զարգացման, ժողովրդավարացման եւ ընկերային արդարութեան հաստատման գործին:
Քսաններու ոգեկոչման մեր տարեկան հաւաքը առիթ մըն է Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինին, սրտբաց խօսելու իր ուխտեալ շարքին, համակիրներուն եւ հանրութեան հետ: Ուստի, օգտուելով այս առիթէն, կ’ուզենք անդրադառնալ քանի մը հարցերու:
Յատկապէս վերջին երեք տարիները Լիբանանի եւ տարածաշրջանին համար եղան բաւական արիւնահոսող եւ անկիւնադարձային, մինչ Կազայի հատուածին մէջ կը շարունակուէին ռազմական գործողութիւնները, պատճառ դառնալով մարդկային աղէտի եւ Կազայի կործանումին:
Լիբանանի մէկ համայնքին ներքաշուածութիւնը այդ պատերազմին մէջ աղիտալի հետեւանքներ պատճառեց ամբողջ Լիբանանին: Ինկան հազարաւոր մարդկային զոհեր, հիմնայատակ քանդուեցան գիւղեր եւ աւաններ, լիբանանեան նոր տարածքներ ինկան Իսրայէլի բռնագրաւման տակ:
Ըստ փորձագէտներու, վերջին պատերազմի վնասները կը գնահատուին մօտաւորապէս տասը միլիառ տոլար, որուն բեռը առայժմ ամբողջութեամբ ինկած է արդէն պարտքերու տակ հիւծող Լիբանանի ժողովուրդին եւ պետութեան ուսերուն վրայ:
Երկուքուկէս տարի Լիբանանի նախագահական աթոռը թափուր մնալէ եւ մեծ կորուստներէ ետք, վերջապէս այս տարուայ Յունուարին խորհրդարանը կրցաւ ընտրել հանրապետութեան նախագահ, ապա վստահութիւն տալ օրինաւոր ընտրուած կառավարութեան կազմին:
Հնչակեան կուսակցութիւնը օրին ողջունեց նախագահ Ժոզէֆ Աունի ընտրութիւնը եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի կառավարութիւնը:
Նոր կառավարութիւնը առաջնահերթութիւն դրաւ լիբանանեան օրինաւոր զինուած ուժերու բաշխումը ամբողջ Լիբանանի տարածքին եւ յատկապէս հարաւէն ներս, ինչպէս նաեւ ապօրէն զէնքի հաւաքումը բոլոր ոչ-պետական խմբաւորումներու ձեռքէն:
Նորընտիր կառավարութեան ամենակարեւոր նուաճումներէն մէկը եղաւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան յաջող կազմակերպումը:
Այս ընտրութիւններուն Հնչակեան կուսակցութիւնը լիբանանահայ կուսակցութիւններուն հետ սերտ համագործակցութեամբ կրցաւ պահել Պէյրութի եւ Սին Էլ-Ֆիլի քաղաքային խորհուրդներուն մէջ իր ունեցած ներկայացուցիչները եւ թաղապետները: Այստեղ հարկ է հաստատել, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը պատրաստ է շարունակելու դրական եւ արդիւնաւէտ գործակցութիւնը գալ տարի կայանալիք համապետական ընտրութիւններուն ժամանակ, վերականգնելու հայ համայնքին ճիշդ ներկայացուցչութիւնը Լիբանանի խորհրդարանէն ներս: Փակագիծ բանալով կ’ուզենք նշել, որ լիբանանահայութեան միասնականութիւնը եւ ստեղծուած համագործակցութեան դրական մթնոլորտը աւելի ամրապնդելու եւ զարգացնելու նպատակով, ճիշդ կ’ըլլայ Պէյրութի յաջող փորձը ընդհանրացնել նաեւ այլ հայահոծ աւաններու տեղական ինքնակառավարման խորհուրդներուն մէջ:
Մեր անցեալ երեք տարիներու իրարայաջորդ հրապարակային ելոյթներուն մէջ խոստացեր էինք ըլլալ թափանցիկ եւ յստակ մեր շարքին, համակիրներուն եւ համայնքին հետ, նոյնիսկ մեր ներքին խնդիրները չթաքցնել հանրութենէն, քանի որ համոզուած ենք, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը լիբանանահայութեան միայն մէկ հատուածին չի պատկանիր, այլ ամբողջ համայնքին կուսակցութիւնն է եւ անոր ուժական կառոյցներէն մէկը: Հետեւաբար, Հնչակեան կուսակցութեան առողջացումն ու ուժեղացումը համայնքին ուժ կը բերէ, իսկ տկարացումը լիբանանահայութեան տկարացումին պատճառ կըլլայ:
Այսօր եկած ենք հաստատելու մեր հանրութեան, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը աւելի միասնական է քան երբեք, իր հովանիին տակ գործող միութիւններով, կառոյցներով եւ ամբողջական կարողականութեամբ: Ան վճռած է շարունակել իր անսակարկ պայքարը յանուն Լիբանանի ինքնիշխանութեան, օրէնքներու գերակայութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ լիբանանահայ համայնքի բարօրութեան եւ միասնականութեան:
Խօսելով մեր խնդիրներուն մասին, մենք շատ լաւ կը գիտակցինք ու կը տեսնենք Սփիւռքի մէջ մեր առջեւ ծառացած խնդիրները. մարդուժի պակասը, հայկական կառոյցներէն ներս հայերէնի գործածութեան նահանջը, հանրային եւ համայնքային հարցերու հանդէպ երիտասարդութեան անտարբերութիւնը, համաշխարհայնացման բացասական ազդեցութիւնը եւ նման բազմաթիւ անբարենպաստ հանգամանգներ կը խոչընդոտեն հայապահպանումը: Այս բոլոր մարտահրաւէրները մեզ կը ստիպեն վերանայելու մեր հին աշխատելաձեւերը, փնտռելու ժամանակակից լուծումներ եւ զանոնք կիրառելու մեր կառոյցներէն ներս:
Աւարտելով, Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի խօսքը, կը վերահաստատենք մեր կառչածութիւնը եւ անսակարկ յանձնառութիւնը այն բոլոր վեհ նպատակներու իրականացման, որոնց համար զոհուեցան քսան հնչակեանները եւ հազարաւոր հայորդիներ:
Անոնց մեծ երազը ազատ, ժողովրդավար, ինքնիշխան հայրենիք մը ունենալ էր:
Անոնց վերջնական երազը ազատ, ժողովրդավար, ինքնիշխան հայրենիքին վրայ արդար ընկերային հասարակարգ մը հիմնել էր:
Քսանները մեկնեցան, մեզի կտակ ձգելով անաւարտ պայծառ տեսիլք մը:
Այնքան ժամանակ, որ ամբողջապէս չէ իրականացած անոնց կողմէ մեզի յանձնուած կտակը, մեր պայքարը կը շարունակուի ուժի գերագոյն լարուածութեամբ:
Կեցցէ՛ Քսան հնչակեաններու յիշատակը:
Կեցցէ՛ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը:
Կեցցէ՛ ազատ, անկախ, ինքնիշխան, ժողովրդավար Հայաստանը: