«Պարտէզ»ի մուտքին տարեց հայ պահակը սիրալիր կը բարեւէ՝ «մարհապա շապէպ, հրամմեցէք»: Խմիչքի ու «մէզէ»ներուն բոյրը հայկական մեղմ երաժշտութեան մեղեդիին հետ՝ մեր երկրորդ դիմաւորողը կ’ըլլայ: Նորեկներուն մուտքով, սեղաններուն շուրջ գտնուողներուն խօսակցութիւնը պահ մը կ’ընդհատուի։ Զննող հայեացքներ, քովընտի փսփսուքներ կը նշմարուին: Քանի մը երկվայրկեան եւ քահքահն ու զրոյցները վերստին թափ կ’առնեն առաջուան ոգեւորութեամբ: Անխուսափելի է մուտքէն մինչեւ որոշուած սեղանը հասնիլ ու ծանօթի չհանդիպիլ: Ու օդային բարեւներով ճանչուորներ ջերմօրէն կը բարեւեն, ճեփ-ճերմակ օղիի գաւաթը վեր բարձրացնելով՝ «Ալա ռասի Ապու Գէւօ, կամ Ապու Խաչօ, Ապու Ակոբ…: Ի դէպ, հետաքրքրական սովորութեամբ, Հալէպի մէջ ընդհանրապէս (եւ յատկապէս ոչ-հայ շրջանակներուն մէջ) տղամարդիկ կը ճանչցուին ոչ թէ իրենց անձնաթղթային անուններով, այլ՝ անդրանիկ զաւկին անունով՝ անոր սկիզբը միացնելով Ապու (հայր) բառը:
Հալէպի մէջ, երեկոյեան ժամերուն, աշխատանքէն ետք «պարտէզ» երթալը գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է, որ կը ծառայէ ոչ միայն իբր ճաշարան, այլ նաեւ ընտանեկան հանգիստի ինքնատիպ ձեւ մը, ջերմ ու բացօթեայ մթնոլորտի մէջ։ Ընտանիքներ՝ մեծով-պզտիկով, իրենց տան մէջ ընթրելու փոխարէն, կը հասնին հայկական «պարտէզ»ներէն մէկը, որոնք բոլորն ալ իրենց տուներէն ինքնաշարժով առաւելագոյնը տասը-տասնհինգ վայրկեան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին։
Հոն կարելի է նաեւ կազմակերպել տարբեր միջոցառումներ՝ տարեդարձներու, կնունքներու, խօսքկապի ուրախ հաւաքոյթներ, որոնք, ուրիշ ճաշարաններու կամ զբօսավայրերու հետ բաղդատած, բոլոր «գրպաններու»ն կը յարմարի: Օրինակ «Դալար»ի մէջ ականատես եղանք 2 առիթներու՝ կնունքի եւ խօսքկապի: Իսկ «Կրթասիրաց»ի մէջ՝ նախակրթարանէն վկայականի եւ նշանտուքի հիւրասիրութեանց:
Այս գեղեցիկ աւանդութեան ծննդեան թուականէն գաղափար չունիմ, սակայն լաւ գիտեմ որ ունի տասնամեակներու պատմութիւն: Այսօր կը գործեն Ճեմարանի՝ «Տիգրանեան», Կրթասիրացի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, «Մխիթարեան»ի, «Վարդանանց»ի, «Դալար այգեստան»ի, եւ «Վասպուրական»ի պարտէզները։ Վերջին երկուքը շէնքերուն չորրորդ կամ հինգերորդ յարկին վրայ կը գտնուին, երբեմն «տանիք»ը անուանումով կը յիշուին:
Այս պարտէզները անցեալէն մինչեւ օրս հայապահպանման դիտանկիւնէն կարեւոր դեր կը կատարեն: Նոյնքան կարեւոր, որքան դպրոցները, ակումբներն ու եկեղեցին: Ոչ ոք կը գիտակցի ասոր մասին: Անոնք միասնութեան եւ հաղորդակցութեան վայրեր եղած են՝ ուր ընկերային հայ շրջանակները քով-քովի կը մէկտեղուին, հոգ չէ թէ անոնք տարբեր սեղաններու շուրջ նստած ըլլան, սակայն անպայմանօրէն պիտի գտնուին ծանօթներ, որոնք իրար սեղան պիտի այցելեն եւ որպիսութեան վերջին լուրերը առնեն, ուր ընկերային կապերը կ’ամրապնդուին, տիկիններ՝ որոնք երկար ժամանակէ իրարու չէին հանդիպած՝ պիտի երկա՜ր զրուցեն, գաղթող մէկ ազգակիցին մասին հարցնելով կամ քիչ մըն ալ… բամբասելով: Պատահական չէ, որ այս «պարտէզ»ները դարձած են հալէպահայութեան սրտաբաբախ կէտերը՝ տեղ մը, ուր կարելի է մոռնալ քաղաքին հոգերը, կրկին շնչել մտերմիկ մթնոլորտը եւ տեսնել… թէ ով՝ ուր հասած է, ով՝ որ ուղին ընտրած է։
Դժբախտաբար լիբանանահայերս այս յոյժ կարեւոր աւանդոյթէն զրկուած ենք: Մենք անբախտ ենք այս իմաստով: Բազմաթիւ միութիւններու եւ անոնց յարակից օղակներու ներկայութեան, չկայ գէթ մէկ «պարտէզ»: Փորձեր եղած են կամ կ’ըլլան, սակայն Հալէպի աւանդական շարունակական հետեւողականութիւնը եւ ոգին չգոյացաւ այստեղ:
Վստահ չեմ, թէ ուրիշ ո՞ր գաղթօճախին մէջ հայերը ունին «պարտէզ»ի այս գեղեցիկ աւանդոյթը: Լսած եմ Պաղտատի, Գահիրէի, Աղեքսանդրիոյ մասին, սակայն արդեօ՞ք տակաւին կը շարունակուի այդ սովորութիւնը, գաղափար չունիմ:
Ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր Հալէպի մէջ վայելել այդ մթնոլորտը, որոնք անցեալի անվերադարձ յուշեր կ’արթնցնէին: Խոր հրճուանք մը կ’ապրէի տեսնելով հայերը հոն մէկտեղուած, մամիկներ, ալեհերներ, գործի մարդիկ, կիներ եւ նամանաւանդ երեխաներ, որոնք բջիջայինէն ձերբազատուած կարելիութիւն ունէին ազատ խաղալու, գնդակով վազվզելու եւ իրենց «էնէրժի»ն դատարկելու:
Հետաքրքրական երեւոյթ էր հայկական պարտէզներուն մէջ տեսնել ոչ-հայ ընտանիքներ, «բարձր» դասակարգի պատկանող: Այս երեւոյթը բազմակողմանի նշանակութիւն ունի հայ համայնքին համար: Սա կը նշանակէ յատկապէս, որ ոչ-քրիստոնեայ զանգուածը ինչքա՜ն մեծ համարում եւ վստահութիւն ունի հայերու վրայ, որքա՜ն խոր են անոնց սէրն ու համակրանքը հայ գաղութին հանդէպ: Ուրեմն անոնք բարձր կը գնահատեն նաեւ հայկական ախորժելի բազմազան ճաշատեսակները, այնքան մը, որ «կ’անտեսեն» նաեւ դրացի սեղաններուն վրայի ոգելից խմիչքի շիշերուն գոյութիւնը: Բնականաբար ոչ-քրիստոնեայ շրջանակներու ներկայութիւնը հայկական միջավայրին մէջ նախանցեալ տասնամեակներուն համեմատ բաւական աւելցած է, սակայն «պարտէզ»ի ա՛յս ներկայութիւնը բազմանշանակ քաջալերական իմաստ ունի թիւով նօսրացած Հալէպի գաղութին համար:
Շատ-շատեր Հալէպէն մեկնեցան անվերադարձ: Տակաւին շնչող քաղաքէն հեռացան աշխատող ձեռքեր, մտաւոր գրիչներ, ուսուցանող շունչեր, ղեկավարող միտքեր: Թերեւս ընկերային եւ ապահովական լաւ պայմաններու մէջ են անոնք: Իրենց ապրած երկիրներուն մէջ (հայրենիքն ալ նկատի ունիմ) անոնք հաւանաբար կը գտնեն ամէն ինչ՝ բացի մէկ բանէ: Վստահ եմ, որ անոնց մեծամասնութիւնը, տարեց թէ պատանի, կին թէ տղամարդ անհուն կարօտով կը փնտռեն Հալէպի մտերմիկ օրերը եւ յատկապէս Հալէպի «պարտէզ»ները: