ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մաս կազմող Անի մայրաքաղաքի հնագիտական վայրին մէջ գտնուող հանրածանօթ Մայր տաճարը կը վերանորոգուի: Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ վերանորոգումէն ետք տաճարը պիտի գործէ որպէս մզկիթ: Հաղորդումին մէջ, սակայն, ոչ մէկ նշում կայ տաճարին եւ ընդհանրապէս քաղաքին հակականութեան մասին: Մայր տաճարը կը ներկայացուի որպէս Ֆէթհիէ մզկիթ, աւելցնելով թէ ճարտարապետը Տրդատն է: Տրդատը այն ճարտարապետն է, որ վերանորոգած է Իսթանպուլի Այա Սոֆիա տաճարին գմբէթը, որուն համար ալ ան օրին Անիէն հրաւիրուած էր Պոլիս ու ապա վերադարձած Անի: