Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն ու ցնցող բացայայտումներուն: Քննչական մարմիններուն հրապարակած իրեղէն ապացոյցներն ու ձայնագրութիւնները կը փաստեն, որ կանխուած է բծախնդրօրէն մշակուած ահաբեկչական ծրագիր, որուն վերջնական նպատակը իշխանութեան բռնախլումն էր։
Տակաւին տարի մը առաջ հրապարակած յայտարարութեամբ, մենք անընդունելի համարած էինք «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ստանձնած առաջնորդող դերը, մտահոգութիւն յայտնելով, որ եկեղեցւոյ՝ քաղաքական գործընթացներուն ներքաշուիլը յղի է լուրջ հետեւանքներով: Իսկ այսօր, ականատես կը դառնանք աւելի ծանրակշիռ երեւոյթի, երբ, այլ անձնաւորութիւններու կողքին, շարք մը հոգեւորականներ եւս կը մեղադրուին ահաբեկչական գործողութիւններու կազմակերպումին մէջ: Համոզուած ենք, որ եթէ օրին Մայր Աթոռը ազդու միջոցներ ձեռք առնէր, մի գուցէ հնարաւոր կ’ըլլար խուսափիլ նման անբաղձալի իրավիճակէ:
Մենք անգամ մը եւս կ’ուզենք շեշտել, որ հաւատարիմ ու զօրավիգ ենք Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի խօսքի, միտքի եւ հաւաքներու ազատութեան ու ժողովրդավարական հիմնարար իրաւունքներուն: Սակայն վերջին բացայայտումները բացարձակապէս չեն տեղաւորուիր այդ իրաւունքներու սահմաններուն մէջ ու եթէ յաջողուէր գործադրութեան դնել այդ դիւային ծրագիրը, ապա երկիրը կրնար յայտնուիլ խոր ճգնաժամի մէջ՝ համազօր 27 Հոկտեմբերի սպանդին։
Հնչակեան կուսակցութեան անունով խստիւ կը դատապարտենք բռնի իշխանափոխութեան ու առհասարակ բռնութեան իւրաքանչիւր արտայայտութիւն, հրապարակային կոչ, առաւել եւս՝ ծրագիր։ Ժողովրդավար Հայաստանի իշխանութեան մէկ ճանապարհ կայ, միայն ազատ ու արդար ընտրութիւններու միջոցաւ: Իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն բոլորն ալ պարտաւոր են գործել այդ սկզբունքներուն հիման վրայ, հայրենիքը հեռու պահելու համար անհարկի ցնցումներէ:
ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւն