Իսրայէլեան բռնարարքները անգամ մը եւս մօտեցան մայրաքաղաքին, երբ նախանցեալ օր անօդաչու սարքեր Խալտէի մայրուղիին վրայ թիրախաւորեցին ինքնաշարժ մը: Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ գործողութիւններու կեդրոնը յայտարարեց, թէ հարուածին հետեւանքով մահացած է մարդ մը, վիրաւորուած՝ երեք ուրիշներ: