Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական ու ապահովական նորագոյն զարգացումները: Աուն շեշտեց, թէ իր նախագահութեան տարիներուն որեւէ խմբաւորում պիտի չանտեսուի, այլ անհրաժեշտ է համագործակցական եւ միասնական ոգիով յաղթահարել մարտահրաւէրներով լեցուն այս փուլը: Աուն նշեց, թէ հաղորդակցութեան մէջ է իր սուրիացի պաշտօնակից Ահմատ Շարաայի հետ՝ երկու երկիրներուն վերաբերող հարցերը լուծելու համար: «Լիբանանի մէջ կարելի չէ իրար չեղարկել», յիշեցուց Աուն: Նախապէս Պաապտա այցելած էր նաեւ Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ Ժըպրան Պասիլ: Ան պալատէն լրագրողներուն յայտնեց, որ «երբ ապօրինի զէնքը կը յանձնուի պետութեան, բանակը կը պաշտպանէ բոլորը», շեշտելով սուրիացիներու անյապաղ տունդարձին անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահը երէկ այցելեց Արդարադատութեան պալատ, ուրկէ դատաւորներուն կոչ ուղղեց վճռելու արդարօրէն եւ հիմնուելով օրէնքներուն վրայ: «Մեղաւոր չհամարէք անմեղ մը եւ անմեղ չհռչակէք մեղաւորները», ըսաւ նախագահ Աուն: