Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի, Հինգշաբթի, 3 Յուլիս 2025-ին, այցելեց Պաապտայի նախագահական պալատ, ուր տեսակցեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած տեսակցութեան ընթացքին Աուն եւ ՍԴՀԿ-ի պատուիրակութիւնը խորհրդակցեցան լիբանանեան ու տարածաշրջանային նորագոյն իրադարձութիւններուն շուրջ: Յատուկ անդրադարձ եղաւ երկրի ներքին քաղաքական ու ապահովական զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Աունի գլխաւորած կառավարութեան ծրագրերուն, մասնաւորաբար կեդրոնանալով լիբանանցիներու ընկերատնտեսական խնդիրներուն լուծումին միտող նախագիծերուն վրայ: Ժողովականները արծարծեցին Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ տիրող վիճակը եւ շեշտեցին կայունութիւնը ամրապնդելու եւ իսրայէլեան շարունակական ոտնձգութիւններուն վերջ դնելու կարեւորութիւնը: Խօսելով կառավարութեան աշխատանքին մասին, ՍԴՀԿ Վարիչ մարմինի ընկերները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին նախագահին ու կառավարութեան՝ կոչ ուղղելով իրականացնելու արմատական բարեկարգումներ, որոնք դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան քաղաքացիներու կենցաղին վրայ: Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան լիբանանահայութիւնը հետաքրքրող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներն ու Լիբանանի վրայ անոնց ազդեցութիւնը: Հնչակեան պատուիրակութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու նախագահին եւ իր նպաստը բերելու անոր նախագծած ծրագրերու գործադրութեան: