Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (3) ԺԱՆ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ՝ Հ.Մ.Մ.-Ի ԱՌԱՍՊԵԼԸ

ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ

July 3, 2025
in Յօդուածներ
0
ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (3)  ԺԱՆ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ՝ Հ.Մ.Մ.-Ի ԱՌԱՍՊԵԼԸ

 

 

Տագնապներու, յուզումնալից ցնցումներու, երբեմն ալ յուսահատ յիշողութիւններու ընդմէջէն յառնող Հալէպը իր սրտին մէջ կը պահէ վաստակաշատ, համեստ ու անձնուէր անձեր, որոնք կը շողշողան «անկրկնելի» քաղաքին հոգեմտաւոր ժառանգութեան մէջ։ Նման անձ մը եղած է Ժան Տէր Գէորգեանը՝ հալէպահայ հնչակեան շրջանակի ամենատարեց, բայց ոգիով մշտապէ՜ս երիտասարդ ընկերներէն մէկը։ Անոր դէմ առ դէմ հանդիպումս, Շաբաթ, 21 Յունիս 2025-ի յետմիջօրէին, եղաւ ոչ միայն պատիւ, այլ նաեւ ուսանելի ապրում։

Կիլիկեան ճեմարանի երկարամեայ եւ նուիրեալ ուսուցչուհի ընկերուհի Մարալ Քիւփելեան-Սնունուն սիրով ու հին բարեկամութեան նուիրումով ինծի ընկերացաւ Տէր Գէորգեանի տան այցին։

Հիւրընկալ տանտիրուհին՝ տիկին Սոնան առաջնորդեց հիւրասենեակ, ուր 87-ամեայ տարիքին վայել, բայց սրտով նորատի ու միտքով արթուն ընկեր Ժանը մեզ դիմաւորեց գուրգուրանքով ու անկեղծ ժպիտով։ Վերելակին անգործութեան եւ չորս յարկ բարձրանալուն համար ներողամտութիւն խնդրեց ու անմիջապէս յայտնեց. «Մէկուկէս տարիէ վար չեմ կրնար իջնել ոտքով… բայց դուք հոգիիս տաքութիւն տուիք»։ Հարազատի հրճուանք ապրեցաւ լսելով անունս, եւ ըսաւ. «Իմ հօրս անունն ալ Նազարէթ էր»։

Ժան Տէր Գէորգեան ծնած է 12 Դեկտեմբեր 1938-ին, այնթապցի արմատներով ընտանիքի մէջ։ Ամուսնացած է Սոնա Պէրպէրեանի հետ, Պէյրութի AUB-էն վկայեալ հիւանդապահուհի։ Ունին երկու համալսարանաւարտ դուստրեր՝ Ալինա եւ Կասիա։ Ալինան այսօր Աթէնքի մէջ Սոֆիա-Յակոբեան վարժարանին հայերէնի ուսուցչուհին է, իսկ Կասիան՝ ճարտարապետա-շինարարական մասնագիտութեամբ, կ’ապրի Հալէպ։ Երկու դստրերը իրենց հերթին հարստացուցած են ընտանեկան արժէքներու գանձարանը եւ Տէր Գէորգեաններու սերունդի շղթան այսօր կը շարունակուի չորս թոռներով:

Ժան Տէր Գէորգեան սոսկ անուն մը չէր Հալէպի մէջ։ Ան սիրով ու հպարտութեամբ պատմեց իր անցած ուղին։ Երկար տարիներ եղած է Հալէպի Հ.Մ.Մ.-ի ատենապետ, շրջանի գործունէութիւնները շաբաթական կանոնաւոր հաղորդակցութեամբ վերատեսութեան տակ առնելով՝ կեդրոնի ատենապետ ընկեր Տիգրան Սարաֆեանի հետ:

Եղած է բեմի մարդ։ Տաուտիէի հայահոծ շրջանը Հնչակեան կուսակցութեան գործունէութեան եւ մարդուժի միջնաբերդն էր, ուր հիմնուած է «Անդրանիկ» թատերախումբը։ Ընկեր Ժան «Անդրանիկ» թատերախումբին մէջ 25 տարի անընդմէջ մարմնաւորած է Վարդան Մամիկոնեանի կերպարը՝ Վարդանանց թատերախաղին մէջ։ Թատրոնը իրեն համար հայրենասիրական դաստիարակութեան մէկ երեսը եղած է։ Աւելին, ան ծառայած է Տաուտիէի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ, որպէս հոգաբարձութեան անդամ: Մտերմիկ ջերմութեամբ յիշեց նաեւ իր սիրելի հոգաբարձու ընկերը՝ երկարահասակ Կարապետ Արսլանեանը՝ հայրը հայրենիքի ուսանողական տարիներու իմ դասընկեր Գէորգ Արսլանեանի:

Տարիներ շարունակ եղած է Հալէպի ֆութպոլի ֆետերասիոնի վստահուած անդամներէն՝ իր ուսերուն առնելով թէ՛ գանձապահի, թէ՛ քարտուղարի պատասխանատու պարտականութիւնները։ Իր ջանքերուն շնորհիւ, Հալէպի ֆութպոլի հաւաքականը ինն անգամ ուղարկուած է մայր հայրենիք եւ խորհրդային երկիրներ՝ անցնելով Մոսկուա, Լենինկրատ, Տոնեցք ու Քիշինեւ։

1966-ին Հ.Մ.Մ.-ի կազմին մէջ հիմնուած էր ճազ-էսթրատային նուագախումբ մը «Ruby» անունով, որ աւելի ուշ ճանչցուեցաւ իբրեւ «Մարտօ»ին խումբը։ Անոր կազմակերպչական եւ պատասխանատու ղեկավարը եղած է ընկ. Ժան Տէր Գէորգեանը, իսկ գեղարուեստական ուղղութեամբ խումբը առաջնորդած է տաղանդաւոր երաժիշտ Սուրէն Գահվէճեան։ Խումբը իր բարձրաճաշակ ելոյթներով Հայաստանի մէջ ունեցած է ութ յաջորդական ելոյթներ Երեւանի Ֆիլհարմոնիկ մեծ սրահին մէջ՝ խուռներամ հանդիսատեսի ներկայութեամբ, եւ չորս իրարայաջորդ ելոյթներ Կիւմրիի (Լենինական) բեմերուն վրայ: «Ամէն ելոյթի բացման խօսքը ես կը կատարէի՝ տարբեր բովանդակութեամբ», աւելցուց ընկերը:

Խումբի կազմը ընդգրկած է երգիչ Մարտօն եւ Նուպար Նալպանտեանը, ինչպէս նաեւ երաժիշտներ Աւետիս Էքմէքճեան, Սարգիս Սրապոնեան, Ճորճ Գալայճեան, Անդրանիկ Սիւլահեան, Կարպիս Տաղտէվիրեան, Տիգրան Ժամկոչեան եւ Յակոբ Թիւթիւնճեան՝ իւրաքանչիւրը մասնագիտական հմտութեամբ ու նուիրումով ներդրում բերելով խումբի փայլուն գործունէութեան մէջ։

Կեանքը ոչ ոքի կը խնայէ։ Անոր կիսաւարտ մնացած բարեկամներու անունները թեւաթափ ըրած կ’արտասանէր, բայց իր հաւատքին մէջ լոյս կար։ «Բոլորը գացին, հիմա ես մնացի՝ կէս կատար», ըսաւ ան: Սակայն այսօր հոգեկան բաւարարութիւն առի», ըսաւ անկեղծ։ Իսկ ես մտածեցի՝ իր նմաններուն համար մեր երախտագիտութիւնը ոչ միայն պարտք է, այլ վկայագրութիւն մըն է վեթերանին ծառայութեանց եւ վաստակին հանդէպ։

Հալէպի համեստ բնակարանին պատերը տարիներէ ի վեր աղօթքի պէս լսած են այս վկայութիւնները։ Այդ յիշարժան օրուան հանդիպումը՝ իր սրտաբաց ժպիտով եւ ներշնչող ջերմութեամբ, կը հաղորդէր, որ ընկեր Ժան Տէր Գէորգեան թէեւ յոգնաբեկ, սակայն հոգին մինչեւ օրս պայծառացած կը մնայ հայրենասիրութեամբ ու մարդասիրութեամբ։

Ընկեր Ժան Տէր Գէորգեանը իր կեանքի ընթացքին երկարատեւ ու բազմակողմանի ծառայութիւն մատուցած է հալէպահայ համայնքին՝ մեծ նուիրումով, ազնուութեամբ։ Իր անցած ուղին վառ օրինակ է սփիւռքահայ անձնազոհութեան, որ իր մէջ կերտած է մշակութային, մարզական, հոգեւոր եւ քաղաքական բազմաժանր գործունէութիւններ։

Այսօր երբ Հալէպը մեծ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, Ժան Տէր Գէորգեանի կենսագրութիւնը զգօն յորդոր մըն է մեզի, թէ ինչպէս կարելի է սիրով, համբերութեամբ եւ հոգատարութեամբ կառուցել համերաշխ ու հզօր, օրինապահ շրջանակ։

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՆԻԿԻՈՅ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ Ա. ԺՈՂՈՎԻՆ 1700-ԱՄԵԱԿԸ

Next Post

ՈՉ-ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՁՔԵՐՈՒ ՆՈՐ ՕՐԷՆՔԸ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՎԱՐՁԱԿԱԼՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒԱՍՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԷՆ ՊԱՐՈՆ ՊՕՂՈՍ ՔԻՒՐՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

Next Post
ՈՉ-ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՁՔԵՐՈՒ ՆՈՐ ՕՐԷՆՔԸ  ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՎԱՐՁԱԿԱԼՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒԱՍՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԷՆ ՊԱՐՈՆ ՊՕՂՈՍ ՔԻՒՐՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՈՉ-ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՁՔԵՐՈՒ ՆՈՐ ՕՐԷՆՔԸ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՎԱՐՁԱԿԱԼՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒԱՍՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԷՆ ՊԱՐՈՆ ՊՕՂՈՍ ՔԻՒՐՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.