Քրիստոնեայ աշխարհը կը պատրաստուի նշելու Նիկիոյ Տիեզերական Ա. Ժողովին 17-րդ դարադարձը, տրուած ըլլալով որ անիկա գումարուած էր 325 թուականին, այսինքն՝ ճի՛շդ 1700 տարի առաջ։
Արդէն, առաջին ազդանշանը տրուեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) եկեղեցիներուն կողմէ։
Անցնող Մայիսին, Գահիրէի մէջ մէկտեղուեցան հայ, ասորի եւ ղպտի դաւանակից քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը (Արամ Ա. կաթողիկոս, ԱՖրամ Բ. պատրիարք, Թաուատրոս Բ. պապ) ու մեծահանդէս արարողութիւններով վերահաստատեցին իրենց համակամութիւնն ու դաւանական միութիւնը, որուն հիմքը, կ՛ըսեն անոնք, խարսխուած է Նիկիոյ Տիեզերական Ա. Ժողովի հաւատոյ բանաձեւին ու դաւանաբանական տեսութիւններուն վրայ։
Գահիրէի երկօրեայ հաւաքները (17-18 Մայիս) ունեցան երկու երես՝ միասնական խորհրդաժողովներ եւ միացեալ Ս. Պատարագ։ Այս վերջինը, ղպտիներու Ս. Մարկոս մայր տաճարին մէջ, հոն ներկայ եղողներուն համար երկա՜ր տարիներ պիտի մնայ անմոռանալի դէպք մը, տպաւորիչ աննախընթաց երեւոյթ մը։
Միջինարեւելեան այս երեք եկեղեցիներու գործակցութիւնը նոր չէ։ Առնուազն քսանհինգ տարիէ անոնք պարբերաբար կը մէկտեղուին Անթիլիասի, Դամասկոսի կամ Գահիրէի մէջ ու սերտօրէն կը համակարգեն իրենց գործունէութիւնն ու տեսակէտները։ Այս անգամուան հանդիպումը, սակայն, զգեցաւ արտասովոր բնոյթ ու փայլք եւ պարզեց «շռնդալից» պատկեր մը՝ շնորհիւ Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի յոբելենական դարադարձին, որ իր շուքին տակ պահեց միջեկեղեցական բոլոր ձեռնարկները, որոնց մասնակցեցան երեք քոյր եկեղեցիներէն մեծաթիւ հոգեւորականներ։
Հոգեւոր երեք պետերու այս վերջին հանդիպման վաղորդայնին հրապարակուեցաւ միացեալ ընդարձակ հաղորդագրութիւն մըն ալ։ Հոն կը շեշտուէր, թէ քրիստոնեաները Միջին Արեւելքի բնիկ ու արմատացած տարրերէն են, գործունեայ եւ արդիւնաբեր։ «Մենք ամրօրէն կառչած պիտի մնանք այս հողատարածքին՝ հակառակ Միջին Արեւելքը պատուհասող մարտահրաւէրներուն եւ հակառակ արտագաղթին», կը հաւաստիացնէին հոգեւոր պետերը։ Անոնք կ՛ակնարկէին նաեւ իրենց ապրած երկիրներու քաղաքական իրավիճակին, սա՛ տողերով. «Փառք կու տանք Աստուծոյ՝ որ ընդհանուր կայունութիւն կը տիրէ Եգիպտոսի մէջ. կը յուսանք որ նոր նախագահի մը ընտրութիւնն ու նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը Լիբանանի մէջ՝ կը դառնայ սկիզբը խաղաղութեամբ ու բարօրութեամբ լեցուն փուլի մը. նմանապէս, ուշադրութեամբ կը հետեւինք Սուրիոյ նոր ղեկավարութեան ճիգերուն արդիւնաւորման, որ պիտի վերահաստատէ անդորրութիւնը, ապահովութիւնն ու միութիւնը եւ պիտի երաշխաւորէ բոլոր քաղաքացիներուն իրերահաւասար իրաւունքները»։
*
Մեր ժողովուրդին լայն հատուածները (ներառեալ՝ կարգապահ հետեւողականութեամբ եկեղեցի յաճախողները), սակայն, դոյզն գաղափար մը ունի՞ն, թէ ի՞նչ էր սա Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովը, եւ կամ ինչո՞ւ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ան յաչս քրիստոնեայ աշխարհին։
Եկէ՛ք նախ ճշդենք Նիկիա քաղաքին աշխարհագրական դիրքը քարտէսի վրայ։
Նիկիան, որ այն հին դարերուն Հռոմէական կայսրութեան մէջ էր, ներկայիս կը պատկանի Թուրքիոյ եւ կը կոչուի Իզնիք։ Փոքր քաղաք մըն է, Պոլսէն 90 քլմ. դէպի հարաւ-արեւելք, համանուն լիճի ափին։ Կ՛իյնայ Պուրսա նահանգի սահմաններէն ներս։ Հեռու չէ մեր երբեմնի հայաբնակ Պարտիզակէն ու Արմաշէն։ Մենք այդ շրջանը կը կոչենք Բիւթանիա։
Իսկ ի՞նչն էր Նիկիոյ ժողովին գումարման դրդապատճառը։
Օրմանեան պատրիարք իր «Ազգապատում»-ին մէջ կու տայ Արիոս Աղեքսանդրացիի մը անունը եւ կ՛ըսէ որ այս իմաստասէր-եկեղեցականը,– երէց մը,– սկսած էր պաշտպանել այն տեսութիւնը, թէ «Յիսուս Քրիստոս չէ Որդի Աստուծոյ մարդացեալ, այլ գերագոյն արարած մը, եւ թէ իրեն տրուած Որդի Աստուծոյ կոչումը բառական իմաստով առնելու չէ»։
Յստա՛կ է Արիոսի միտքը. Քրիստոս աստուածորդի չէ, այլ՝ գերմարդկային տիպար մը, ժամանակակից ամէնէն կատարեալ մարդը։ Այս տեսակէտը կը հակասէր Աւետարանին եւ թիւր մեկնաբանութիւններով կը շեղեցնէր հաւատացեալները քրիստոնէական ուղիղ վարդապետութենէն։
Արիոսի տեսակէտը բուռն կողմնակիցներ ունեցաւ եկեղեցական դասուն մէջ, որովհետեւ դարը աղանդներու աճման ու տարածման դար մըն էր։ Վէճերը ընդհանրացան, հակառակութիւնները սաստկացան, մինչեւ որ Կոստանդիանոս Ա. Մեծն կայսրը որոշեց համընդհանուր ժողով մը գումարել այս նիւթը քննարկելու եւ եզրակացութեան մը յանգելու նպատակով։ Այդպէս է որ գումարուեցաւ Նիկիոյ ժողովը, որ համաքրիստոնէական բնոյթ կրելուն համար պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ իբրեւ Տիեզերական Ա. Ժողով։ Թուական՝ Յունիս 325։
Հետաքրքրական է որ այս ժողովին հրաւիրուեր ու իր մասնակցութիւնը բերեր է նաեւ Հայ Եկեղեցին։
Այդ թուականին հայոց կաթողիկոսը Գրիգոր Լուսաւորիչն էր, իսկ թագաւորը՝ Տրդատ Գ.-ը։ Երկուքն ալ հրաւէր ստացան ժողովին մասնակցելու, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով չկրցան ընդառաջել։ Անոնք իրենց փոխանորդ ու ներկայացուցիչ նշանակեցին Արիստակէս եպիսկոպոսը՝ Գր. Լուսաւորիչի կրտսեր որդին, որ տարիներէ իվեր արդէն իր հօր հայրապետական գործերուն գլխաւոր աջակիցն ու օգնականն էր։ Ան գրաւոր յանձնարարական մը ի ձեռին՝ անձամբ Նիկիա մեկնեցաւ ու Հայաստանը ներկայացուց այդ պատմական համաժողովին, որպէս մէկը հոն ներկայ 318 հայրապետներէն։
Իսկ ի՞նչ եղաւ ժողովին արդիւնքը։ Պիտի տեսնենք։
(նիւթը կը շարունակենք մեր յաջորդ սիւնակով)