«Կուշտը անօթիին վիճակէն չի՛ հասկնար», կ’ըսէ ժողովրդական իմաստութեան ասոյթը՝ առածը։
Վերջին, լաւագոյն օրինակը, Լիբանանի օրէնսդիր մարմինին, խորհրդարանի անդամներուն մեծամասնութեան եւ նախարարներէն շատերն էին, որոնք չկրցան գնահատել ոչ-բնակարանային հին վարձակալներուն վիճակը եւ առանց բաւարար ուսումնասիրութեան, անցուցին անարդար նկատուած օրէնք մը։
Լիբանանեան դրամանիշին անկումով, հարկ էր մշակել եւ հրատարակել բարեփոխուած վարձքերու նոր օրէնք մը։
Մոռացութեան տալով երկրի աննպաստ պայմանները, դրամատուներուն եւ ֆինանսական ճգնաժամը, պատերազմը, նաւահանգիստի պայթումը եւ այս բոլորին ստեղծած տնտեսական աւերը, խորհրդարանէն ներս վաւերացուցին ժողովուրդի մեծամասնութեան համար աննպաստ օրէնք մը։
Կանոնագիրը քաշքշուքի ենթարկուեցաւ հրաժարեալ եւ նոր կառավարութիւններուն, խորհրդարանին, նախագահին, Պետական Սահմանադրական խորհուրդին եւ Պետական խորհրդատու մարմինին միջեւ։
Կազմուեցաւ ոչ-բնակարանային հին վարձակալներու իրաւասու յանձնախումբ մը։ Գլխաւոր անդամներէն մին էր պարոն Պօղոս Քիւրտեան։
Վարպետ ոսկերիչներու եւ գոհարագործներու սենտիքայի հիմնադիր եւ երկարամեայ նախագահ, ինչպէս նաեւ՝ գործաւոր-գործատէր հարցերով զբաղող եռեակ անդամներու դատարանին դատաւորներէն մին է պարոն Պօղոս Քիւրտեան։
Պետական եւ մամուլի արձակուրդներուն եւ այլ հիմնական պատճառներով, որոշ յապաղումով մը լոյս կը տեսնէ այս շահեկան հարցազրոյցը։
Մի տասաներորդ պահուն, հանրապետութեան նախագահը, որ նախապէս անսահմանադրական համարած էր, վաւերացուց եւ ստորագրեց օրէնքը իր նոյնութեան մէջ։
Վերահրատակուեցաւ 12 Յունիս 2025 թուակիր թիւ 26 պետական պաշտօնաթերթին մէջ։ Օրէնքը այժմ սահմանադրական ըլլալով հանդերձ, երեսփոխանները յաջողեցան անգամ մը եւս հակաճառել եւ պաշտօնական, օրինական բողոքագիրով մը սառեցնել նոր օրէնքը։
Հարցում.- Ոչ-Բնակարանային վարձակալներու իրաւասու յանձնախումբին աշխոյժ անդամներէն մին էք։ Կրնա՞ք ծանօթացնել թէ ինչպէս կազմուած է եւ ովքե՞ր են յանձնախումբի անդամները։
Պատ.- Լիբանանի գլխաւոր հինգ նահանգներէն եկող, տասը անդամներէ բաղկացած, ոչ-բնակարանային վարձակալները ներկայացնող եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպան յանձնախումբ մըն է։
Պէյրութ, Թրիփոլի, Սայտա, Զահլէ եւ Լեռնալիբանանէն եկող 200-250 վարձակալներուն քանի մը խմբակներու խտացումն է տասը հոգինոց այս մարմինը։
Առեւտրականներէ եւ գործարարներէ կազմուած իրաւասու յանձնախումբ մը։
Հարց.- Հակիրճ կերպով գաղափար մը կրնա՞ք տալ պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուած ոչ-բնակարանային վարձքերու նոր օրէնքին գլխաւոր կէտերուն մասին։
Պատ.- Ըստ նոր օրէնքի տրամադրութիւններուն, վարձակալը երկու տարի ձրիաբար օգտագործելէ ետք, պարտաւոր պիտի ըլլայ լքել եւ տանտէրին յանձնել կալուածը։
Եթէ ոչ, նոր վարձքը կ’ըլլայ կալուածին գնողական արժէքին 8%-ը: Այսինքն, օրինակ՝ եթէ կալուածը արժէ 100 հազար տոլար, տարեկան նոր վարձքը կ’ըլլայ 8 հազար։
Առաջին տարին կը վճարուի 25%-ը։ Այսինքն 2 հազար։ Երկրորդ տարին՝ 50%-ը, 4 հազար տոլար։ Երրորդ եւ չորրորդ տարիները լմա՛ն, այսինքն՝ 8 հազար։ Չորրորդ տարուան վերջաւորութեան, տանտէրը իրաւունք կ’ունենայ, առանց որեւէ հատուցումի, դուրս հանել վարձակալը եւ վերստանձնել կալուածը։
Կալուածին գնողական արժէքը կ’որոշուի երկկողմանի համաձայնութեամբ կամ փորձագէտ մասնագէտի (խապիր) մը կողմէ։
Եթէ տարակարծութիւն ըլլայ կողմերու միջեւ, կը դիմուի պատկան դատարանի։
Հարց.- Որո՞նց կողմէ եւ ինչո՞ւ անօրինական եւ անվաւեր նկատուեցաւ վերոյիշեալ օրէնքը։
Պատ.- Ամէն բանէ առաջ պէտք է նշել որ հրատապ, անյետաձգելի պարտադրութիւն մը չկար նման օրէնք մը անցընելուն մէջ։ Խորհրդարանը, առանց բաւարար եւ խորունկ ուսումնասիրութեան, վաւերացուցած էր օրէնքը։
Երբ բողոք ներկայացուեցաւ Պետական խորհրդատու մարմինին (مجلس شورى الدولة), առանց արդիւնքը սպասելու, հաւանաբար անդրադառնալով եղած անիրաւութեան, հրաժարեալ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, վերատեսութեան ենթարկելու համար օրէնքը վերադարձուց խորհրդարան։
Նախագահի ընտրութէնէն ետք, Նաուաֆ Սալամի կառավարութիւնը հապճէպ հրատարակեց օրէնքը, որ սովորաբար ի զօրու կը դառնայ անմիջապէս։
Հանրապետութեան նախագահը, առանց մանրամասնութիւններուն մէջ մտնելու, անսահմանադրական նկատեց զայն։ Իր իշխանութեան ընթացքին, առանց իր հաւանութեան եւ ստորագրութեան նման օրէնքի մը հրատարակութիւնը վաւերական չէր կրնար ըլլալ։
Սահմանադրական պետական խորհուրդը, որուն մասնագիտութիւնն ու պարտականութիւնն է նման հարցերու քննարկումը, ուսումնասիրելէ ետք , վաւերական գտաւ եւ ընդունեց նախագահին բողոքը։
Հարց.- Դուք անձամբ եւ յանձնախումբը, կայսերական ճիգ թափեց որպէսզի 11 երեսփոխաններու բողոքագիրով մը դադրեցուի նոր օրէնքին գործադրութիւնը։ Այս մասին որոշ մանրամասնութիւններ կրնա՞ք տալ։
Պատ.- Բանակցութիւնները վարելու եւ պարտն ու պաշտշաճը տնօրինելու համար, որոշուեցաւ կազմել երեք հոգինոց խմբակ մը, որուն անդամներէն մին ե՛ս էի։ Բոլոր վարձակալներուն տեսակէտները քննարկելէ ետք, հաւանութիւն տրուեցաւ թղթածրարը յանձնել օրէնսգէտ փաստաբանի մը՝ յանձին տոքթ․ Ատէլ Եամմինին։
Որոշուեցաւ հակաճառել Պետական սահմանադրական խորհուրդին մօտ եւ բողոքագիր մը ներկայացնել, պահանջելով որ օրէնքը բոլորովին չեղեալ համարուի, իր բոլոր յօդուածներով։
Հիմնուելով Լիբանանի սահմանադրութեան եւ անոր տրամադրութիւններուն, գոյութիւն ունեցող օրէնքներուն եւ միջազգային մարդկային իրաւունքներուն վրայ, տոքթ․ Եամմին ազնիւ գտնուեցաւ պատրաստելու 49-էջանոց բողոքագիր մը։
Օրինական ըլլալու համար, պէտք էր նուազագոյն տասը երեսփոխանի հաւանութիւնն ու ստորագրութիւնը ունենալ։
Հակահոսանքը այնքան զօրաւոր էր որ շատ մե՜ծ դժուարութիւններ ունեցանք ապահովելու պատգամաւորներուն հաւանութիւնը։ Նոյնիսկ ամէնէն մօտիկները մերժեցին։ Անձամբ այցելութիւն տալով, եկան ըսելու․ «Հակառակ կամքիս, պիտի չկարենամ ստորագրել»։
Բարեբախտաբար, վերջաւորութեան յաջողեցանք ապահովել նախ՝ 11, ապա վերջին պահուն, 12-րդ երեսփոխանի մը ստորագրութիւնը։
Իւրայատուկ շնորհակալութիւն հայազգի երեսփոխան պարոն Յակոբ Թերզեանին։ Պաշտպանելով հայ համայնքի վարձակալներուն թեզն ու իրաւունքները, ոչ միայն ընդունեց ստորագրել բողոքագիրը, այլ նախաձեռնութիւնը առաւ Պետական սահմանադրական խորհուրդին մօտ անձամբ ներկայացնելու եւ իր իսկ անուան տակ արձանագրելու բողոքագիրը։
Իսկապէս շատ մեծ է թիւը հայ վարձակալներուն, որոնք խորապէս պիտի վնասուին նոր օրէնքի գործադրութեան պարագային։
Հարց.- Ընդհանրապէս ըստ յանձնախումբին եւ մասնաւորաբար ըստ Ձեզի, ի՞նչը անարդար կը գտնէիք այդ օրէնքին մէջ։
Պատ.- Ամէն բանէ առաջ պէտք է շեշտել որ նոր վարձքերու համեմատութիւնը շատ-շատ էր։ Կալուածի գնողական արժէքին 8%-ը։ Այսպէս, տանտէրը միմիայն 12 տարուայ ընթացքին լման հատուցած պիտի ըլլայ իր ներդրումը։
Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր տնտեսութիւնները շատ աւելի բարգաւաճ վիճակ մը ունին, առաւելագոյնը 3% կամ 3,3%-է։ Իսկ Զուիցերիա՝ 2% միայն։ Ուր մնաց Լիբանան, երբ եկամուտները շատ աւելի նուազ են։
Պէտք չէ՛ մոռնալ նաեւ 2019-ի Հոկտեմբեր 17-էն ի վեր տիրող խայտառակ կացութիւնը կամ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարներուն սառեցումը կամ իւրացումը։
Նոր օրէնքը բոլորովին անտեսած է նաեւ վերջին տարիներու կործանարար վիճակը։ Դրամատուներու կառոյցին անկումը, Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը, մէկուկէս տարուայ պատերազմը եւ այլն։
Անգործութի՞ւնը, անհամեմատ մե՜ծ է այլ երկիրներու հետ բաղդատած։ Քիչ աւեր գործած չէ՛ օտար, անօրէն աշխատողներու ներկայութիւնը։
բ) Ոչ-բնակարանային վարձքերու նոր օրէնքը բոլորովին չեղեալ համարած է 1967-ին հրատարակուած եւ վարձակալներուն իրաւունքները պաշտպանող թիւ 11/67 օրէնք-հրամանագիրը, ինչ որ անընդունելի է։
Թիւը մե՜ծ է այն հաստատութիւններուն-վարձակալներուն, որոնք հսկայական գումարներ վճարած են որպէս «խլու»։ Երբ դրանատուներէն պարտքի վարկ պահանջուէր, «խլուն» կը համարուէր որպէս դրամագլուխին կարեւոր մէկ մասը։ Վերոյիշեալ 11/67 օրէնք հրամանագիրը կը հաստատէ՛ր այդ արդար իրաւունքը, մինչ նորը բոլորովին չեղարկած է զայն։
գ) Լաւագոյն պարագային, առաւելագոյնը չորս տարիէն տանտէրը իրաւունք պիտի ունենայ վարձակալը դուրս դնելու։
Հաստատութիւններ կան որոնք 40-50 կամ շա՜տ աւելի տարիներէ յաճախորդութիւն կազմած են։ Ո՞ւր է ասոր հատուցումը։
Հարց.- Շնորհակալութիւն Ձեր տարած աշխատանքին եւ զոհողութիւններուն։ Իբր եզրակացութիւն, աւելցնելիք բան մը ունի՞ք։
Պատ.- Այլ երկիրներու օրինակին հետեւելով, երանի՜ լիբանանեան պետութիւնն ալ, որպէս օգնութիւն, չնչին տոկոսով կամ նոյնիսկ առանց տոկոսի, վարկ յատկացնէ թէ՛ տանտէրերուն եւ թէ՛ վարձակալներուն որպէսզի թեթեւցուցած ըլլայ կամ ձեւով մը հատուցած ըլլայ քաղաքացիներուն կրած կամ կրելիք վնասները։
Իմ առաջարկս պիտի ըլլայ նաեւ գտնել միջին եզր մը եւ արդար լուծում մը, ուր պաշտպանուած ըլլան երկու կողմերուն իրաւունքներն ու շահը։
Շնորհակալութիւն ձեր պատուարժան խմբագրութեան այս առիթը ընծայելուն համար: