Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաահը համարեց ուժեղ եւ ազնիւ նախագահ մը: Ան յայտնեց Սուրիոյ նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցներուն չեղարկումը, որպէսզի սուրիացիները ունենան վերականգնելու հնարաւորութիւն մը: Այլ հարցով Թրամփ յայտնեց, թէ Իսրայէլ համաձայնած է Համասի հետ Կազայի մէջ 60 օր երկարող զինադադարի նախապայմաններուն:
Ռուսիոյ նախագահութիւնը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին տեղեկացուց, թէ Ուքրանիոյ մէջ հաւանական լուծումը պէտք է ըլլայ ամբողջական եւ լուծէ խնդիրին խորքային պատճառները: Քրեմլինի համաձայն, Արեւմուտքէն Ուքրանիոյ տրամադրուած օժանդակութեան դադրեցումը կրնայ արագացնել հակամարտութեան լուծումը: Նախապէս, Միացեալ Նահանգներ որոշած էր սահմանափակել Քիեւին փոխանցուած զինամթերքին ծաւալը, պաշարներու անբաւարարութեան պատճառով: Ուստի, Ուքրանիոյ իշխանութիւնները կանչեցին ամերիկեան դեսպանութեան գործակատարը եւ բողոքեցին կայացուած որոշումներէն:
BRICS երկիրներու համախմբումին լրագրողները դիմեցին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշին՝ Ատրպէյճանի մէջ իրենց ռուս պաշտօնակիցներու կալանաւորումին վերաբերեալ: Նամակին մէջ նշուեցաւ, թէ կազմակերպութեան լրագրողներուն իրաւունքները պէտք է պաշտպանուին այլ երկիրներու մէջ աշխատելու ընթացքին, անընդունելի համարելով ուժի գործածութեամբ կալանաւորումները: Յիշեցնենք, որ 30 Յունիսին Պաքուի մէջ կալանաւորուեցան ռուս լրագրողներ, երբ ատրպէյճանական ապահովական ուժերը ներխուժեցին Սփութնիք գործակալութեան գրասենեակը եւ ձերբակալեցին եօթը մարդ: