Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտնեց, թէ Հայաստանի մէջ ռուսական հեռատեսիլի կայաններուն հեռարձակումին դադրեցումը քննարկելու իր առաջարկին նկատմամբ ռուս գործընկերներուն մեկնաբանութիւնները ցոյց կու տան, թէ անոնք չեն հարցներ «ինչու Ալէն Սիմոնեան արձակած է այս կոչը»: Ըստ Ազգային ժողովի նախագահին, ռուս-հայկական յարաբերութիւնները փճացնելու աշխատանքը տանողներն են ոչ թէ արեւմտեան կամ առասպելական գործակալները, այլ ռուսական որոշ պետական հեռատեսիլի կայաններ, լրագրողներ եւ խմբագիրներ: Տալով շարք մը օրինականեր, Սիմոնեան շեշտեց, թէ ռուսական լրատուամիջոցները կասկածի տակ կը դնեն Հայաստանի գերիշխանութիւնը, անկախութիւնն ու նոյնիսկ գոյութիւնը: «Ի՞նչ կ’ընէիք, եթէ Հայաստանի պետական հեռատեսիլի կայանէն հաղորդավարները վիրաւորէին Ռուսիոյ նախագահն ու ղեկավարութիւնը, քննարկէին Ռուսիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ յայտարարէին, թէ Ռուսիան պէտք չէ գոյութիւն ունենայ», հարց տուաւ Ալէն Սիմոնեան:
Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց, թէ Արեւմուտքին մօտենալով, Հայաստան կը վնասէ սեփական շահերուն: «Հայաստան դէպի Արեւմուտք կը կողմնորոշուի, յաճախ անտեսելով իր ազգային շահերը՝ օրինակ դուրս գալով Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան հետ համագործակցութենէն», նշեց Մոսկուա: Յայտարարութիւնը շեշտեց, թէ ռուսերը կը զգան Արեւմուտքի կործանարար ազդեցութիւնը Հայաստանի մէջ եւ կը ցաւին, որ Երեւան չի դիմադրեր, յաճախ վնաս հասցնելով սեփական ազգային շահերուն: