Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շեշտեց, թէ Պարաքի առաջարկներուն լիբանանեան միացեալ պատասխան մը տալը կը բխի լիբանանցիներուն ազգային շահերէն: Սալամ ընդունեց Պէյրութի քաղաքապետութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Իպրահիմ Զէյտանին: Անոնք քննարկեցին մայրաքաղաքին առջեւ ցցուած խնդիրները եւ լուծումի հնարաւորութիւնները: Զէյտան շեշտեց, որ մայրաքաղաքին մէջ կան շատ առաջնահերթութիւններ եւ քաղաքապետութիւնը մշակած է աշխատանքային ծրագիր մը՝ բարելաւելու քաղաքացիներուն կեանքը: Սալամ ընդունեց նաեւ խաղաղապահ ուժերու պատուիրակութիւնը ու քննարկեց հարաւային սահմանի դրութիւնը: Վարչապետը շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ 1701 բանաձեւին եւ բանակին ու խաղաղապահներուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդումին՝ պահպանելու համար հարաւի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը: