Քսաններու դրուագին մէջ խտացած են բազմաթիւ խորհուրդներ: Կ’ուզեմ առանձնացնել երեք խորհուրդ, որոնք նաեւ կապ ունին այսօրուայ մեր իրականութեան հետ: Առաջին խորհուրդը կուսակցութեան ծնունդին հետ առնչուած է անմիջականօրէն: Հայը, մինչ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ ազատագրական պայքարի ծնունդը, երկրորդական քաղաքացիի՝ ռայայի կարգավիճակով կ’ապրէր Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Եւ երբ ծնաւ յեղափոխական շարժումը, ծնաւ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ միւս կուսակցութիւնները, փոխուեցաւ հայ քաղաքացիին հոգեբանութիւնը: Փարամազի խօսքերով՝ «Հայը մեռնում է կաթիլ առ կաթիլ, հայը մի անգամ էլ պիտի մեռնի, որ հայը ապրի»:
Երկրորդ խորհուրդը կուսակցութեան՝ համամարդկային արժէքներու դաւանումն է: Երբ կը թերթատենք կուսակցութեան ծրագիրը, առայսօր այժմէական է իր համամարդկային արժէքներու վերաբերեալ մօտեցումով, համոզումով եւ հաւատամքով: Կուսակցութեան կողմէ գաղափարախօսական աշխատանք կը տարուէր Օսմանեան կայսրութենէն ներս, այն չէր պայքարեր միայն հայութեան համար, այլ՝ հոն ապրող բոլոր ժողովուրդներուն համար: Փարամազ իր յայտնի պաշտպանական ճառին մէջ ներկայացուցած է թուրք գիւղացիին տառապանքները: Շատ հետաքրքրական է, որ Կուսակցութեան հիմնական ծրագրին մէջ կար բոլոր փոքրամասնութիւններու կողմէ Օսմանեան կայսրութեան տապալումը եւ կոնֆետերատիվ հանրապետութեան ստեղծումը, ուր կ’ապրէին այս բոլոր ժողովուրդները կողք-կողքի: Այսինքն Կուսակցութիւնը ստեղծուած էր եւ մենք առայսօր կը հաւատանք համամարդկային արժէքներուն, եւ մեր դասակարգային պայքարը միայն հայութեան համար չէր, այլեւ համայն աշխարհի ժողովուրդներուն համար:
Իսկ երրորդը անկախ Հայաստանի տեսլականն էր: Այսօր մեզի համար դիւրին է պատկերացնել Հայաստանը ազատ ու անկախ, բայց երբ ետ երթանք եւ նայինք այդ թուականներուն, ընդհանրապէս Հայաստան հասկացողութիւնը գոյութիւն չունէր: Բայց մեր հերոսներուն վերջին խօսքը «Կեցցէ՛ Հայաստանը» եղաւ: Այդ մէկը իրականութիւն դարձաւ իրենց կախաղան բարձրացումէն յետոյ, բայց այդ գաղափարը, որուն համար անոնք զոհուեցան, մեր վրայ եւս պարտաւորութիւն կը դնէ գուրգուրալ մեր ներկայ հայրենիքին, մանաւանդ այսպիսի դժուար պայմաններու մէջ:
Յստակ է որ այսօր աշխարհակարգը փոխուած է. այն աշխարհակագրը որ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն յետոյ կար, այսօր գոյութիւն չունի, ամէն օր բան մը կը փոխուի աշխարհի մէջ: Եւ դժբախտաբար այսօր չեն գործեր այդ 40-ական թուականներու միջազգային կանոնները, յարաբերութիւնները, ընդհանրապէս կարգ ու կանոնը այսօր բոլորովին վերացած է: Այսօր ականատես կ’ըլլանք մէկ իրականութեան՝ ան որ բիրտ ուժի տէր է, ուրեմն նաեւ իրաւունքը իրն է: Եւ այս շատ վտանգաւոր երեւոյթ է համայն աշխարհին համար:
Ուրեմն այսպիսի պայմաններու մէջ ի՞նչն է ամէնէն կարեւորը. դիւանագիտութիւնը եւ խաղաղութեան ձգտումը: Եւ եթէ չկան այդ երկուքը, ուրեմն մեզ կը սպասեն միայն արհաւիրքներ: Այսպիսի պայմաններու մէջ ի՞նչ են մեր մօտեցումները եւ պատկերացումները Հայրենիքի առջեւ ծառացած խնդիրներուն եւ հնարաւորութիւններուն դիմաց: Աւանդաբար երբ Քսաններու մասին ելոյթներ կ’ունենայինք, աւանդական մեր մօտեցումները կը ներկայացնէինք, սակայն այսօր պայմանները եւ իրականութիւնը բոլորովին այլ են, եւ նաեւ այդ իրականութիւնը կը պահանջէ որ մենք մեր հետ եւ հանրութեան հետ անկեղծ ըլլանք:
Այն ինչ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներքին առումով կ’ապրի՝ մեզի համար անընդունելի է: Անընդունելի է տարբեր պատճառներով, սակայն պէտք է անկեղծ ըլլանք եւ իրականութեան մասին անկեղծօրէն խօսինք: Անցեալ տարի, Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ եւ խոր մտահոգութիւն յայտնեց մանաւանդ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման մէջ Մայր Աթոռի մասնակցութեան եւ նաեւ ձեւով մը հովանաւորութեան համար: Մտահոգութիւնը այն էր, որ ազգային կառոյցը, որ մեր Հայ առաքելական եկեղեցին է, Մայր Աթոռն է, պէտք չէ խառնուէր Հայրենիքէն ներս քաղաքական գործընթացներուն եւ մանաւանդ անոնց մասնակից չդարձնէր Սփիւռքը: Մտահոգութիւն էր նաեւ, որ քաղաքական դաշտէն ներս կը գործեն գրուած եւ չգրուած օրէնքներ եւ նաեւ յարաբերութիւններ, որոնք յարիր չեն ազգային կառոյցի փոխյարաբերութեան: Դժբախտաբար այդ երեւոյթը ասօր դրսեւորուեցաւ ամենատգեղ ձեւով, եւ այդ իրականութիւնը մեզի կը պարտադրէ կրկին յուսալ եւ յորդորել, որ ազգային կառոյցը, Հայ առաքելական եկեղեցին քաղաքական գործընթացի մասնակից չդառնայ, որովհետեւ հետեւանքը պիտի ըլլայ այն՝ ինչին մենք այսօր ականատես կ’ըլլանք: Անշուշտ ընդունելի եւ նաեւ ողջունելի է Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը ազգային խնդիրներուն եւ մանաւանդ համազգային հարցերուն, սակայն ընդունելի չէ երբ հոգեւորականը քաղաքական գործընթացներուն մասնակից կ’ըլլայ եւ դժբախտաբար նոյն գռեհիկ ոճաբանութեամբ կը բանավիճի քաղաքական գործիչներուն հետ: Այս չի նշանակեր, որ քաղաքական գործիչները պէտք չէ բարձրացնեն մակարդակը իրենց խօսակցութեան եւ հռետորաբանութեան: Բայց դժբախտաբար Հայաստանի մէջ քաղաքական խնդիրներու հանդէպ գաղափարախօսական պայքար եւ մօտեցում առայսօր չկայացաւ: Այդ պատճառով հարցերը շատ աւելի անհատականացած են եւ անոնց լուծումը գաղափարախօսականէ դուրս է եւ անհատական բնոյթ կը կրէ:
Հայաստանի համար այսօր հնարաւորութիւններ կան եւ անոնք կը բխին իր դրացիներու հետ փոխյարաբերութիւններէն: Առաջին հերթին պիտի առանձնացնենք արտաքին քաղաքականութիւնը. չափազանց անհրաժեշտ կը համարենք իրապաշտ եւ աւելի խոհուն քաղաքականութիւնը այս առումով: Այո՛, մենք կրնանք ազգային իղձեր ունենալ, պարտաւոր ենք ունենալ սակայն այսօր Հայաստանի համար շատ կարեւոր է իր դրացիներուն հետ ունենալ բնական եւ կանխատեսելի փոխյարաբերութիւն: Կը հնչեն խօսքեր եւ կոչեր, որ Հայաստան-Թուրքիա փոխյարաբերութիւնը պէտք չէ զարգանայ, մենք այդ մօտեցումը կը մերժենք եւ կ’ողջունենք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները: Հոս կ’ուզեմ ուշադրութիւն դարձնել Հայաստան-Թուրքիա պետութենէ-պետութիւն փոխյարաբերութեան վրայ. ատիկա հայ-թրքական յարաբերութիւն չէ եւ պէտք է յստակօրէն զանազանուի: Սակայն մեզի համար որպէս սփիւռքահայ կարեւոր է գիտակցիլ եւ հասկնալ, որ այն ինչ որ Սփիւռքի կազմաւորման եւ հայապահպանման գործօն էր, միաւորող խնդիր էր, այսօր այդ պարտաւորութիւնը Հայաստանի պետութեան վրայ դնելու բարոյական իրաւունքը չունինք: Մենք պէտք է հասկնանք, որ Հայաստանը որպէս պետութիւն պիտի փոխյարաբերութեան մէջ մտնէ ե՛ւ Թուրքիոյ հետ, ե՛ւ Ատրպէյճանի հետ, մեկնելով պետական շահերէն եւ այն պայմաններէն, որոնք հայրենիքը հնարաւորութիւնը ունի գործադրելու: Մենք չենք կրնար մեր իղձերը դնել գործադրելիութեան հնարաւորութիւններէն վեր, որովհետեւ եթէ չկրցանք գործադրել, պիտի վճարենք անոր գինը:
Այսօր իրավիճակը բոլորովին այլ է անցնող տասնեակ տարիներէն: Այսօր իւրաքանչիւր խօսք, քայլ, որոշում հետեւանք ունի, եւ այդ հետեւանքը պէտք է հաշուարկուած ըլլայ մինչեւ այդ խօսքը ըսելը եւ քայլը ընելը: Կը հաւատանք, որ այն ինչ որ այսօր սկսած է արտաքին քաղաքականութեան առումով, պէտք է շարունակուի: Պէտք է շարունակուի նաեւ փոխյարաբերութիւնը եւրոպական բոլոր պետութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի հետ: Հայաստանէն ներս կը հնչեն կոչեր, որ Հայաստանը պէտք է յարաբերութիւնները ամբողջապէս խզէ Ռուսաստանի հետ եւ միայն դէպի Արեւմուտք թեքուի: Մենք կը մերժենք նաեւ այդ մօտեցումը եւ կը կարծենք, որ այսօրուայ վարուող քաղաքականութիւնը ճիշդ է: Հայաստանը չի կրնար տնտեսապէս հազարումէկ թելերով կապուած այդ համակարգէն կտրել ինքզինք եւ ձեւացնել որ պիտի կարենայ շատ արագ զարգացնել իր յարաբերութիւնները Արեւմուտքի հետ: Երկիրը չի կրնար տուժել եւ յետոյ ակնկալել որ մէկը պիտի գայ եւ մեզի օգնէ:
Մենք, դժբախտաբար, նոյնիսկ յեղափոխական շարժման սկզբնական օրերէն, այն համոզումը ունեցած ենք, որ պետութիւններ պիտի գան մեզի օգնելու եւ փրկելու: Փրկիչներու այս հոգեբանութիւնը մեր մէջ առաջին օրէն զարգացած է, թէեւ մեր յեղափոխական գործիչները շուտով հասկցած են, որ այդ օգնութիւնը եւ աջակցութիւնը սուտ է: Կը կարծենք, որ պէտք է փոխուի այն հոգեբանութիւնը, որ դուրսէն օգնութեամբ պիտի կարենանք մեր հարցերը լուծել: Այսօր առաւել եւս կարեւոր է, որ մեր հայրենիքը իր քաղաքականութիւնը վարէ իր հնարաւորութիւններէն ու կարողութիւններէն ելլելով, եւ ներքին իր հարցերը իր ձեւով կարենայ լուծել առանց ոեւէ մէկուն հաշիւ տալու, մեկնելով իր պետական շահերէն եւ առաջնորդուելով անոնցմով: Յստակ է մեզի համար, որ 2022 թուականէն իվեր իրավիճակի յստակ փոփոխութիւն կայ, եւ ողջունելի է որ այդ գիտակցութիւնը ստեղծուեցաւ Հայրենիքէն ներս, թէ մենք ենք որ պիտի որոշենք մեր ապագան, մենք ենք որ որոշենք թէ որուն հետ ինչպէս պիտի յարաբերինք եւ ինչպէս կարենանք զարգացնել երկրի ռազմական արդիւնաբերութիւնը: Եթէ կարողացաւ Հայրենիքը շարունակել այս ընթացքով, ուրեմն հնարաւորութիւնը կայ կանխելու գալիք վտանգը, որ վստահ գոյութիւն ունի եւ չէ վերացած:
Այս ըսելով աւելի կարեւոր կը դառնայ ներքին համերաշխութիւնը: Պատերազմը դժբախտաբար շատ վէրքեր բացաւ, նաեւ իրականութիւններ պարզեց, որոնք քօղարկուած էին մեր յաղթանակի շղարշով: Այս երեւոյթը դժբախտաբար 5-րդ տարին է չենք կրցած թօթափել: Պատերազմի աւարտէն անմիջապէս յետոյ, փոխանակ պահ մը մտածելու, խոկալու, վերարժեւորելու տեղի ունեցածը եւ ճիշդ գնահատական տալու եւ ճիշդ դասեր քաղելու, առաջին օրէն իսկ մտաւ դաւաճանութեան եւ ուրացողի, ուրիշը իր պարտականութիւնը չկատարելու խօսոյթը, այդպիսով զրկելով մեզ այն հնարաւորութենէն, որ գուցէ նաեւ կարենանք փրկել Արցախը: Ամէնէն վտանգաւորը՝ դաւաճանի եւ դաւաճանութեան մեղքը բարդելու ցանկութիւնն է: Այդ մօտեցումը առայսօր կը շարունակուի եւ պատճառ դարձած է Հայաստանի ժողովուրդի բեւեռացման:
Սակայն մէկ բան յստակ է, այսօր ունինք Հայրենիք մը, որ կը ձգտի ժողովրդավարութեան եւ կը դաւանի ժողովրդավարական հասկացութիւններուն: Իշխանութիւնները ժամանակաւոր են, պետութիւնը՝ մշտական: Մեզի համար որպէս կուսակցութիւն մէկ յստակ մօտեցում կայ: Հայրենիքի մէջ իշխանափոխութիւն կրնայ ըլլալ միայն արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններով, ուրիշ որեւէ միջոց մեզի համար ընդունելի չէ: Կը յուսանք, որ այն իրավիճակը որ այսօր կայ, շուտով կը վերանայ եւ մեր հայրենիքը կը վերադառնայ իր դիմագրաւած մարտահրաւէրներու լուծման: Երկրին մէջ կան շատ լուրջ ներքին խնդիրներ, որոնք լուծման կը կարօտին: Սակայն այդ լուծումը կրնայ գալ եթէ համերաշխութիւն գոյութիւն ունենայ երկրին մէջ: Մենք չենք կրնար ընդունիլ եւ համաձայնիլ այն ծրագրին, որ վերջին շաբթուան ընթացքին պարզուեցաւ, երբ ուղղակի ծրագիր մշակուած է Հայաստանի մէջ յեղաշրջում իրականացնելու: Մեզի համար ընդունելի չէ, որովհետեւ Հայրենիքը մեծ ջանքերով հասաւ այնտեղ, ուր այսօր հասած է: Մեզի համար ընդունելի չէ նաեւ այդ խօսակցութիւնը, որ մենք որեւէ ձեւով պէտք է զիջինք մեր ինքնավարութենէն եւ ինքնիշխանութենէն եւ որեւէ ձեւով միացած ըլլանք միութենական հանրապետութեան կարգավիճակով: Նման մօտեցում, նման համոզում մենք չունինք, չենք հաւատար, որովհետեւ ինչպէս Քսանները պայքարեցան անկախ Հայաստանի համար, ինչպէս բոլոր կուսակցութիւնները եւ հայ ժողովուրդը իր անկախութեան համար պայքարեցաւ, ուրեմն մենք պիտի կարենանք մեր հայրենիքը պաշտպանել, գուրգուրալ, զարգացնել եւ ամրապնդել ժողովրդավարական սկզբունքները: Եթէ մենք կը ձգտինք որ մեր Հայրենիքը ապագային յառաջ երթայ, շատ կարեւոր է այդ ժողովրդավարական սկզբունքները ամրապնդել, որովհետեւ մենք մեզ կը տեսնենք Եւրոպական միութեան մէջ ապագային, ուրեմն մենք այսօրուընէ պիտի կարենանք այդ արժէքները ամրապնդել, հաւատալ անոնց եւ անոնցմով գործել:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, մենք բազմիցս բարձրաձայնած ենք մեր մտահոգութիւնը այդ յարաբերութիւններու ոչ-բարւօքութեան մասին: Մենք հաւատացած ենք, որ Սփիւռքը, այսօր եւս իր ներուժով կրնայ մասնակից ըլլալ Հայրենիքի բարօրութեան ու բարգաւաճման: Կը հաւատանք որ այդ աշխատանքը թերի մնացած է եւ պէտք է շարունակուի եւ զարգանայ: Սփիւռքը յաւերժ երեւոյթ չէ՛: Պիտի գայ այն օրը, երբ Սփիւռքը գոյութիւն պիտի չունենայ, բայց յամենայն դէպս մեզի համար շատ կարեւոր է հասկնալ եւ գիտակցիլ, որ մեր վերջին հանգրուանը Հայրենիքն է: Սակայն այնքան ժամանակ որ մենք Սփիւռքի մէջ կ’ապրինք, ունինք պարտաւորութիւններ մեր հանրութեան եւ ժողովուրդին նկատմամբ: Հայապահպանումը կը մնայ կարեւոր պարտականութիւն, սակայն այսօրուան առաջնահերթութիւնը կը մնայ Մայր Հայրենիքը, եւ մենք պատաւոր ենք մտածել ու շնչել հայրենիքով: Որպէս կուսակցութիւններ ունինք մեր պարտաւորութիւնները, իսկ Հայաստանի պետութիւնը ունի իր պարտաւորութիւնը: Չափէն աւելի կարեւոր է, որ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները ըլլան կարգաւորուած եւ իւրաքանչիւրը կատարէ իր պարտաւորութիւնները, տեղի ունենայ:
Մենք որպէս կուսակցութիւն կը ջատագովենք համահայկական խորհուրդի հասկացողութիւնը, ըստ որուն՝ սփիւռքեան կուսակցութիւնները, յարանուանութիւնները համախմբուած աշխատանք տանին, որպէսզի կարենանք Հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու այն բաժինը որ կրնանք մեր վրայ վերցնել, կատարել: Այդ առումով մենք կը շարունակենք հայրենի իշխանութիւններուն հետ այս խօսակցութիւնը եւ անոնց կը յորդորենք օր առաջ այդ քայլը առնեն: եւ մեզի համար ընդունելի չէ որ խզում տեղի ունենայ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ, եւ այն կապը որուն մենք կը ձգտէինք եւ երկար տարիներ աշխատանք տարած ենք որ ստեղծուէր, թուլանայ:
Մեր հիմնական մտահոգութիւնը կը մնայ նաեւ Հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը: Իսկ այդ ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու համար, ուզենք կամ չուզենք նաեւ Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւնները պիտի կարենանք կարգաւորել: Թշնամին նենգ է եւ կը շարունակէ իր պահանջները ներկայացնել մեր հայրենիքին, մանաւանդ «Զանգեզուրի միջանցքի» առումով: Հակառակ Հայաստնաի պետութեան յստակ մօտեցման, որ միջանցքը մեզի համար կարմիր գիծ է եւ արտատարածքային միջանցք տրամադրելու ցանկութիւն չունինք, Ատրպէյճանը կը շարունակէ այդ յոյսերը ունենալ եւ կը փորձէ ճնշում բանեցնել մեր վրայ, որպէսզի կարենայ այդ նպատակին հասնիլ: Մենք, որպէս ժողովուրդ, պատրա՞ստ ենք համերշխութեամբ եւ համագործակցութեամբ դիմագրաւելու այդ վտանգը եւ այդ մարտահրաւէրը: Դժբախտաբար մենք զբաղած ենք իրար դէմ պառակտիչ գործողութիւններով: Ներրքին հարցեր, ներքին տարակարծութիւններ կրնանք ունենալ, ներքին քաղաքական պայքարը ընդունելի է, սակայն թշնամի հակառակորդը պէտք է տեսնէ մէկ ժողովուրդ, մէկ պատգամ, մէկ մօտեցում: Եթէ չկրցանք այդ իրականացնել, ուրեմն մեզ կը սպասէ դժուար օրեր:
Հայրենիքի տեսլականը եւ երազը կար եւ առայսօր կը մնայ: Մեզի համար մեր պատգամը եւ նաեւ Քսաններէն մեզի եկած պատգամը կը մնայ այն, որ մենք ամէն գնով պարտաւոր ենք աջակցիլ եւ զօրավիգ կանգնիլ մեր հայրենիքին եւ վերջիվերջոյ իրականութիւն դարձնել մեր Քսաններուն երազը: