Վերահաստատելով Քսաններու «Կեցցէ՛ Հայաստանը» աղաղակը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանը Ուրբաթ, 27 Յունիս 2025-ի երեկոյեան ոգեկոչեց 1915-ին Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացած հնչակեան Քսան ղեկավարներուն նահատակութեան 110-րդ տարելիցը: ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինին նախաձեռնութեամբ, Պէյրութի Սիուֆի թաղամասի Saint Coeurs վարժարանի սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Տ. Շահէ արք. Փանոսեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պէյրութի առաջնորդական թեմի օգնական եպիսկոպոս Հ. Գրիգոր Պատիշահ, Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Մ ներկայացուցիչ վեր. Նշան Պագգալեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Տ. Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, արժանապատիւ քահանաներ, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Ասլանեան, Պէյրութի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի ներկայացուցիչ՝ Հայաստանի հիւպատոս Սեդրակ Սարգիսեան, ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Համբիկ Սարաֆեան եւ վարչութեան անդամ ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան, Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեան եւ անդամներ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տագէսեան, ՀՄՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Միսաք Նաճարեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Ճըղըլեան, Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ Ռաֆֆի Խանճեան եւ տոքթ. Ռիշար Գույումճեան, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Յակոբ Այվազեան, Պէյրութի եւ Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ Յովհաննէս Պչաքճեան եւ Գարոլ Խաչիկեան, Հնչակեան կուսակցութեան հովանաւորութիւնը վայելող միութիւններու եւ կառոյցներու ատենապետներ ու ներկայացուցիչներ, թաղապետներ, լիբանանահայ լրատուական, մարզական, մշակութային, կրթական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լիբանանահայերու բազմութիւն մը:
ՀՄՄ-ի փողերախումբին կատարողութեամբ «Քուլլունա Լիլուաթան», «Մեր Հայրենիք» եւ «Առ Հնչակ» քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի անդամ ընկ. Տիգրան Միհրանեան արտասանեց բացման խօսքը: Ան կոչ ուղղեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան փոխարէն հանդիսութիւնը սկսիլ Քսաններու վերջին՝ «Կեցցէ՛ Հայաստանը բացագանչութեամբ», ապա ընդգծեց Քսաններուն արժանիքները՝անձնազոհութիւն եւ ազգասիրութիւն, համամարդկային արժէքներ, անկախութիւն եւ համագործակցութեան ոգի: «Լիբանանեան ու հայաստանեան իրականութիւններուն մէջ որքա՜ն օգտակար պիտի ըլլար Քսաններու արժանիքներուն վերակենդանացումը», ըսաւ ան՝ մաղթելով, որ երիտասարդութիւնը շարունակէ ոգեշնչուիլ երիտասարդ Քսաններով՝ ըլլալով յանդուգն, խոհեմ եւ շրջահայեաց:
Քսաններու նահատակութեան մասին «Քսանները անմահ են» վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, հնչակեան երիտասարդութեան խօսքը փոխանցեց ՍԴՀԿ «Տխրունի» Ուս. Երիտ. միութեան ատենապետ ընկ. Սեւակ Իզմիրլեան, որ շեշտեց, թէ «Փարամազին եւ անոր 19 ընկերներուն յեղափոխական սկզբունքները եւ ուղեգիծը կը մնան այժմէական, որովհետեւ այսօր եւս կառչած կը մնանք հայ ազգը զօրացնող եւ ազգային արժանապատուութիւնը բարձր պահող բոլոր առաքինութեանց»: Ան վստահեցուց, որ հնչակեան երիտասարդութիւնը իր ուխտը վերանորոգելով կ’ամրապնդէ նուիրուածութիւնը Հայրենիքին ու մարդկային արժէքներուն: «Թող Քսանները մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ըլլան յուշարարներ՝ զոհուելու, նուիրուելու եւ կառչած մնալու ընկերվարական գաղափարախօսութեան, կերտելու համար բոլորիս երազած Հայրենիքը», ըսաւ ընկ. Իզմիրլեան:
ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, թէ մայր Արաքսի արեւելեան ափին ամբողջական Հայաստանի մէկ հատուածին վրայ անվիճելի իրականութիւն է Քսաններուն տեսած հայկական պետականութեան երրորդ հանրապետութիւնը: Ան շեշտեց, թէ այսօր որպէս ժառանգորդներ անհրաժեշտ է կառչած մնալ Հայրենիքին, աջակցիլ սահմանի անձեռնմխելիութեան, բարգաւաճումին, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան:
Անդրադառնալով լիբանանեան վերջին զարգացումներուն, ընկ. Տագէսեան վերստին ողջունեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի ընտրութիւնը, գնահատեց անոր եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի կառավարութեան դրական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ամբողջ տարածքին բանակին հեղինակութիւնը ամրապնդելով ապօրինի զէնքի երեւոյթին վերջ տալու ջանքերը: Խօսելով լիբանանահայ համագործակցութեան մասին, ատենապետը կոչ ուղղեց գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերականգնելու հայ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը Լիբանանի խորհրդարանին մէջ եւ Պէյրութի քաղաքապետութեան պարագային յաջող փորձը ընդհանրացնել նաեւ հայահոծ այլ քաղաքապետութիւններու խորհուրդներուն մէջ: «Այսօր եկած ենք հաստատելու մեր հանրութեան, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը աւելի միասնական է քան երբեւէ, իր հովանիին տակ գործող միութիւններով, կառոյցներով եւ ամբողջական կարողականութեամբ: Ան վճռած է շարունակել իր անսակարկ պայքարը յանուն Լիբանանի ինքնիշխանութեան, օրէնքի գերակայութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ լիբանանահայ համայնքի բարօրութեան ու միասնականութեան», ընդգծեց ընկ. Տագէսեան:
Ազգային ու յեղափոխական երգերով հանդէս եկան ընկ. Յովիկ Թաֆրանեանն ու յատուկ այս առթիւ հրաւիրուած հայրենի երգիչ Սմբատ Խալաթեանը:
Հանդիսութեան գլխաւոր ուղերձին մէջ, ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Համբիկ Սարաֆեան անդրադարձաւ թէ՛ պատմական իրողութիւններուն, թէ՛ մերօրեայ զարգացումներուն եւ յստակացուց շարք մը հրատապ թղթածրարներուն վերաբերեալ Հնչակեան կուսակցութեան դիրքորոշումները: Յիշեցնելով Փարամազի ամէնէն յայտնի խօսքերէն մէկը՝ «հայը մեռնում է կաթիլ առ կաթիլ: Հայը մի անգամ էլ պիտի մեռնի, որ հայը ապրի», ընկ. Սարաֆեան նշեց, թէ Քսանները մեզի կը փոխանցեն կարեւոր երեք՝ ազատագրութեան, համամարդկային պայքարի եւ անկախութեան խորհուրդները: Ան յիշեցուց, թէ հնչակեանները կը պայքարէին ոչ միայն հայութեան համար, այլ Օսմանեան կայսրութեան մէջ անարդարութեան մատնուած բոլոր ժողովուրդներուն համար, յանձնառու մնալով համամարդկային արժէքներուն: «Մեր դասակարգային պայքարը եղած է ոչ միայն հայութեան համար, այլ յանուն աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն՝ մանաւանդ անոնց, որոնք մաս կը կազմէին Օսմանեան կայսրութեան», շեշտեց ատենապետը: «Մեր նահատակներուն վերջին բառերն էին «Կեցցէ՛ Հայաստանը», որովհետեւ այդ օրերուն Հայաստան հասկացողութիւնը գոյութիւն չունէր», նշեց ընկ. Սարաֆեան՝ աւելցնելով, որ անկախութիւնը շատ չուշացաւ, իսկ այսօր մեր պարտականութիւնն է գուրգուրալ մեր անկախ հայրենիքին, մանաւանդ նորօրեայ դժուար իրավիճակներուն մէջ, որոնք կը դիմագրաւէ ոչ միայն Հայաստանը, այլեւ համայն աշխարհը: Խօսելով մեր դիմագրաւած վտանգներուն մասին, ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը բացատրեց, թէ աշխարհը այսօր փոխուած է եւ այլեւս չկայ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք տիրող վիճակը, հետեւաբար ամէնէն կարեւոր գործօններն են դիւանագիտութիւնն ու խաղաղութեան ձգտումը, այլապէս մեզի կը սպասեն արհաւիրքներ: Անդրադառնալով ներհայաստանեան վերջին զարգացումներուն եւ երկրին մէջ ստեղծուած լարուածութեան, ընկ. Սարաֆեան մաղթեց, որ Եկեղեցին միջամուխ չդառնայ քաղաքական կեանքին: «Մտահոգութիւնը այն է, որ մեր ազգային կառոյցը՝ Հայ առաքելական եկեղեցին պէտք չէ խառնուէր քաղաքական հոլովոյթներուն եւ մասնակից դարձնէր նաեւ Սփիւռքը», շեշտեց ատենապետը, անընդունելի համարելով քաղաքական գործիչներու եւ հոգեւորականներու գռեհիկ յայտարարութիւնները: Ան խօսեցաւ Հայաստանի առջեւ յայտնուած հնարաւորութիւններուն, արտաքին կապերուն մասին՝ ներառեալ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւնները: «Մենք կ’ողջունենք Հայաստան-Թուրքիա պետութենէ-պետութիւն փոխյարաբերութիւնները՝ ելլելով պետական շահերէն, զայն զանազանելով հայ-թրքական յարաբերութիւններէն», շեշտեց ան, ողջունելով Հայաստանի այսօրուայ արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնը: Ընկ. Սարաֆեան շեշտեց, որ Հայաստան պէտք է միաժամանակ լաւ յարաբերութիւններ ունենայ թէ՛ Արեւմուքին թէ՛ Ռուսիոյ հետ, ահազանգելով որ Մոսկուայի հետ խորացած կապերը խզելը կրնար փլուզել երկրին տնտեսութիւնը: Ան մաղթեց, որ Երեւան ունենայ իրապէս անկախ քաղաքականութիւն վարելու կարողութիւն, զգուշացնելով արտաքին կողմերու վրայ վստահելու հնարաւոր վտանգներէն եւ ձախողութիւններէն, որոնց ծանօթ ենք մեր պատմութեան զանազան դրուագներէն: «Մենք պիտի որոշենք մեր ապագան եւ վճռենք, թէ ինչպէս պիտի տնօրինենք մեր ռազմական վիճակը», ըսաւ ան եւ ահազանգեց, թէ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած, ուստի պէտք է աչալուրջ ըլլալ կանխելու գալիք վտանգը: Ան կոչ ուղղեց դասեր քաղելու վերջին պատերազմներէն ու վերարժեւորելու տեղի ունեցածը, փոխանակ դաւաճանութեան ամբաստանութիւններ փոխանակելու: «Մեր հիմնական մտահոգութիւնը կը մնայ Հայրենիքի սահմանի եւ ինքնիշխանութեան պաշտպանութիւնը: Այս առումով անհրաժեշտ է բարեկարգել յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ եւս», շեշտեց ատենապետը՝ աւելցնելով, որ սպառնալիքները դիմագրաւելու համար պէտք է ըլլանք համերաշխ: «Այսօրուայ իրավիճակը մեզի կը պարտադրէ ըլլալ աւելի խոհեմ եւ մեր ուշադրութիւնը չշեղել այլեւայլ հարցերով, այլ կեդրոնանալ հիմնական խնդիրին վրայ», առաջարկեց ընկ. Սարաֆեան
Ընկ. Համբիկ Սարաֆեան ուղերձին վերջին հատուածով անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ կարեւորեց, որ անոնք ըլլան կարգաւորուած, որպէսզի իւրաքանչիւրը ստանձնէ իր պարտականութիւնները՝ յանուն երկուստեք զարգացումի: «Սփիւռքը առանց հայրենիքի չի կրնար գոյութիւն ունենալ, սակայն կրնայ մասնակցիլ հայրենիքի զարգացումին, եթէ այդ հնարաւորութիւնը ստեղծուի», ըսաւ ան, զօրակցելով համահայկական խորհուրդի հասկացողութեան, որուն մաս կը կազմեն արեւմտեան եւ արեւելեան Սփիւռքի ուժերը՝ տանելու համախմբուած աշխատանք եւ զօրակցելու Հայրենիքի զարգացումին: «Քսաններէն մեզի հասած պատգամը կը մնայ այն, որ մենք պարտաւոր ենք ամէն գնով աջակցիլ մեր Հայրենիքին եւ վերջ ի վերջոյ իրականութիւն դարձնել մեր երազը», եզրափակեց ընկ. Համբիկ Սարաֆեան:
Հնչակեան սովորութեան համաձայն, հանդիսութեան պաշտօնական հատուածին փակումը յայտարարող «Ուխտի հրաւէր» երգին միացեալ կատարումը վերահաստատումն էր Քսաններու պատգամին հնչակեաններու մնայուն յանձնառութեան: Ոգեկոչումի հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինը ապա շարունակուեցաւ ազգային յեղափոխական երգերու կատարումով: