«Չկայ աւելի մեծ վիշտ, քան երջանիկ օրերու
յիշողութիւնը թշուառութեան օրերուն»
Տանթէ Ալիկիէրի
Տանթէն ծնաւ Նարեկացիի մահէն շուրջ երկու դար ետք, եւ զարմանալ կարելի է, թէ որքան նման եղան հոգեւոր նոյն բարձունքներու, բայց տարբեր աշխարհներու պատկանող այս հանճարներուն ճակատագրերը։
Նարեկացին՝ լեռներու մեկուսացման մէջ իր անձկալի աղօթքներով միայնակ մաքառեցաւ մարդուն հոգիի փրկութեան համար։ Մինչ Տանթէն՝ հիւսիսային Իտալիոյ խռովայոյզ դարաշրջանին, նոյնքան մինակ մնաց իր ճշմարտասիրութեան պատճառով, հեռացուած սիրելի Ֆլորանսէն որպէս դաւաճան ու անիծեալ՝ իր իսկ հայրենակիցներու աչքին։
Երկուքին համար ալ մենութիւնը դարձաւ ոչ թէ տկարութեան պատճառ, այլ ներշնչումի աղբիւր՝ ստեղծելու այնպիսի երկեր, որոնք դարերու խորքէն մինչեւ գալիք դարերը պիտի մնան որպէս հոգիի մաքրման ուղիներ։
Գրականութեան պատմութեան մէջ քիչ են գրական այն երկերը, որոնք իրենց ազդեցութեամբ կրնան մրցիլ Տանթէ Ալիկիէրիի «Աստուածային կատակերգութեան» հետ։ Այս հուժկու չափածոյ ստեղծագործութիւնը ոչ միայն միջնադարեան Եւրոպայի հոգեւոր ու մտաւոր կեանքի գագաթնակէտն է, այլ այն գործն է, որ դարերով մարդուն օգնեց խորհիլ բարիի ու չարի, մեղքի ու փրկութեան, սիրոյ եւ արդարութեան մասին։
Լաւ ընթերցող մը, որ կը ձգտի իր մէջ զարգացնելու կեանքի եւ գրականութեան հանդէպ խորունկ հայեցողութիւն, չի կրնար շրջանցել այս անմահ գործը։
«Աստուածային կատակերգութիւնը» ոչ միայն միջնադարեան յուշարձան է, այլ հոգեւոր ու բարոյական ճամբորդութիւն, որ կը խօսի իւրաքանչիւր մարդու սրտին ու հոգիին։
Հեղինակը գլխաւոր հերոս Տանթէին կերպարով կը մագլցի դժոխքէն քաւարան եւ ի վերջոյ՝ դրախտ, միշտ ճշմարտութեան ու լոյսի որոնումով։ Այդ ճամբան մարդ արարածի հոգեւոր ինքնաճանաչումի ընթացքի խորհրդանիշն է։ Իրաւ ընթերցողը, որ կը փափաքի բացայայտել իր ներաշխարհը, կրնայ վստահիլ մեծն Տանթէին եւ քալել անոր ուղեկցութեամբ։
Տանթէի պոէմը իր էջերուն մէջ կ’առաջարկէ բարիի եւ չարի, մեղքի ու արդարութեան, մարդկային արժէքներու խոր իմաստասիրութիւն մը։ Դժոխքի շրջանները մարդկային արատներուն եւ անոնց հետեւանքներուն մանրակրկիտ քարտէսը կը ներկայացնեն։ Տանթէն մեղքը կը ցուցադրէ ոչ միայն որպէս կրօնական շեղում, այլ որպէս ոյժ մը, որ մարդը կը հեռացնէ իր իսկ արժանապատուութենէն։ Իսկ դրախտը մարմնաւորումն է հոգեւոր բարձր իտէալներուն, որոնց մարդ պէտք է ձգտի իր ամբողջ գիտակցական կեանքի ընթացքին։
Այս ամբողջը ընթերցողին առիթ կու տայ մտորելու եւ ինքն իրեն հարցնելու, թէ ո՞ւր է իր տեղը այդ մեծ քարտէսին մէջ։
«Աստուածային կատակերգութիւնը» իտալական գրականութեան հիմնասիւներէն է, բայց անոր լեզուական ու ոճական արժէքը չի սահմանափակուիր ազգայինի կամ ժամանակի մը մէջ։ Պոէմը քերթողութեան տօնախմբութիւն է իր համերաշխ կշռոյթով, խորունկ պատկերաւորութեամբ եւ բազմաշերտ խորհրդանշականութեամբ։ (Հայերէնի թարգմանութիւնը՝ Արբուն Տայեանի)
Լաւ ընթերցողը, որ կ’ուզէ իր մէջ զարգացնել գրական զգացողութիւն եւ վայելուչ խօսքի գնահատում, շատ բան կրնայ քաղել Տանթէի էջերէն, եւ հասկնալ, թէ ուր եւ ինչպէս է, որ լեզուն կրնայ վերածուիլ հոգեւոր ձայնի։
Որպէս մշակութային յուշարձան, այս բարդ, բայց հանճարեղ ստեղծագործութիւնը ժամանակի ընդմէջէն մեզի կը ներկայացնէ միջնադարեան Եւրոպայի հոգեւոր, քաղաքական եւ փիլիսոփայական աշխարհի պատկերը։ Պոէմին մէջ կենդանի կը դառնան այնպիսի դէմքեր, գաղափարներ ու հարցեր, որոնք ձեւաւորեցին Եւրոպայի պատմութեան ընթացքը։ Ճշմարիտ ընթերցողը, որ կ’ուզէ ընբռնել կամ առնուազն տեղեակ ըլլալ եւրոպական ժառանգութեան, չի կրնար անտեսել այս գործը։ Տանթէի խօսքերը դարերով կը շարունակեն ապացուցել իրենց արժէքը, որ իւրօրինակ հիմք հանդիսացաւ ժամանակակից գրական աշխարհին համար։
Պոէմին բոլոր էջերուն վրայ, որպէս մարդ էակի բարձրագոյն ձգտում, սփռուած է սէրը։
Պէաթրիչէ իր սիրոյ եւ հոգեւոր կատարելութեան խորհրդանիշով կը դառնայ Տանթէի լուսաւոր փարոսը։ Այս սէրը, սակայն, հեռու է մարմնական կիրքէն, ան հոգեւոր շողարձակում է, որ կը բարձրացնէ մարդը իր անկումէն ու կը մաքրէ զայն։
Ճշմարիտ ընթերցողը կը զգայ, թէ սէրը ինչպէս կրնայ մարդը առաջնորդել դէպի բարին ու ճշմարիտը։
«Աստուածային կատակերգութեան» ընթերցումը հրաւէր է միտքի եւ հոգիի ճամբորդութեան։ Այս ստեղծագործութիւնը ճամբայ կը բանայ ժամանակի փորձութիւնները յաղթահարած ճշմարտութիւններուն եւ բարոյական արժէքներուն համար։
Այն ընթերցողը, որ գրական նուրբ քիմք ունի եւ կ’ուզէ լուսաւորել իր հոգին, կրնայ Տանթէի հետ միասին վերապրիլ այդ անզուգական ճամբորդութիւնը եւ զգալ գրականութեան բարձունքներուն շունչը։