Զմիւռնիա (Իզմիր) 1922 Սեպտեմբեր:
Ահազարհուր վայր ու թուական մը յոյներու եւ հայոց համար: Մինչեւ օրս այդ անուան ու տարեթիւին յիշատակը կը մնայ սեւ երիզով շրջանակուած: Այդ չարագուշակ օրերուն էր, որ շէնշող, կենսախայտ, բարգաւաճ ու եռուն Զմիւռնիան ենթարկուեցաւ քեմալականներու բարբարոսական յարձակումին, լափլիզող բոցերը հրոյ ճարակ դարձուցին պատմական ու բազմազգեան վաճառաշահ ոստանը: Վրէժի ու ատելութեան մոլուցքով գազազած թուրք ամբոխը՝ խորշակի նման արշաւեց Զմիւռնիոյ վրայ՝ կոտորելով աջ ու ահեակ, չխնայելով ոչինչ, թալանելով ու կողոպտելով համարեա ամէն ինչ, խողխողելով եւ սրահարելով խուճապի մատնուած անմեղ զոհերը ամէն տարիքի: Արդարեւ, պատմութեան մէջ պատահած հազուադէպ երեւոյթ մը, երբ ընդամէնը մի քանի օրերու ընթացքին, յունաշատ ու հայաբնակ քաղաք մը կ’իյնար սուրի ու հուրի տակ, կը մոխրանային գրեթէ ամէն յուշ ու յիշատակ, կ’ածխանային եկեղեցի ու վարժարան, որբանոց ու աշխատանոց, գիրք ու մատեան, գործատուն թէ ապարանք:
Առաջին Աշխարհամարտին Դաշնակիցներուն յաղթանակէն ետք, յունական զօրքերը թափանցեցին արդէն քայքայուած օսմանեան տիրոյթներէն ներս, որ Սեւրի դաշնագիրով տրուած էր յոյներուն, ուղղուելով դէպի Անատոլուի սիրտը՝ Անգարա: Այս յառաջխաղացումը կը վայելէր յաղթական Բրիտանիոյ կանաչ լոյսն ու օրհնութիւնը: Սակայն, Սաքարիոյ գետին մօտ, ռազմական իրավիճակը կտրուկ կերպով փոխուեցաւ՝ ի վնաս յունական ուժերուն, որոնք անկանոն կերպով եւ խուճապային փախուստով նահանջեցին եւ ճակատը անպաշտպան մնաց քեմալական վայրագ խաժամուժին ընդառաջ: Եւ ահա, այդ արիւնծարաւ ամբոխը հասաւ Զմիւռնիա՝ զայն արեան բաղնիքի մէջ խեղդելու խենէշ կատաղութեամբ: Յունական մամուլը կը գրէր՝ «ինչ որ կը թողուր կրակը, կը վերջացնէր դանակը»: Անսանձելի խառնամբոխ մըն էր որ կու գար մոլեգնօրէն:
Ուշագրաւն այն էր, որ զմիւռնիացիներ մեծաւ մասամբ իրենք զիրենք կը համարէին անվտանգ ու ապահով, քանի Զմիւռնիոյ ծովափին խարիսխ նետած էին իտալական, ամերիկեան, ֆրանսական նաւեր, այսինքն՝ արեւմտեան աչքեր պիտի չթոյլատրէին թուրքերը ազատօրէն շարժելու: Աւելին, բազմազգ քաղաքին մէջ կը բնակէին արտասահմանցիներ (քսանհինգ հազար.- իտալացի, ֆրանսացի, բրիտանացի, ամերիկացի եւ այլն), նաեւ՝ քաղաքին մէջ կայք հաստատած էին դիւանագիտական օտար ներկայացուցիչներ: Բայց այս բոլորը անիմաստ էին՝ քեմալականներու համար…:
Ըստ պատմաբաններու, Զմիւռնիոյ մեծ հրդեհին եւ կոտորածին զոհ գացին հարիւր հազար յոյն եւ հայ բնակչութիւն, անտուն մնացին եօթանասուն հազար քաղաքացիներ: Այս աղէտին մասին գրուած են յուշեր, պատմագիտական գիրքեր, գեղարուեստական գործեր, նաեւ՝ պատրաստուած շարժանկարներ: Ամենավայրագ կերպով, տանջահար եւ գազանային կիրքով յօշոտուեցաւ յոյն եկեղեցւոյ մետրոպոլիտ Խրիսոսթոմոս արքեպիսկոպոսը. մինչ հայոց առաջնորդը՝ Ղեւոնդ եպս. Դուրեան կարողացաւ խոյս տալ ստոյգ սպանութենէ: Այս սրտակեղեք նախճիրի մասին, 1925-ին, պատմուածք մը գրած է ամերիկացի մեծահռչակ գրող Էռնեստ Հեմինկուէյ, որ այդ օրերուն կը գտնուէր Զմիւռնիա՝ որպէս գանատական Թորոնթօ Տէյլի Սթար թերթի թղթակից:
Թրքական եաթաղանէն ճողոպրածներ կը հասնէին ծովափ այն յոյսով, որ քրիստոնէապատկան նաւեր պիտի փրկեն զիրենք: Բայց ի՜նչ հիասթափութիւն: Քրիստոնեայ նաւապետներ ոչ միայն փրկութեան մակոյկներ չտրամադրեցին, ոչ միայն դոյզն կարեկցանք չարտայայտեցին, այլեւ՝ եռացած ջուր թափելով օգնութիւն հայցող յոյն ու հայ բեկորներուն վրայ, արգելք հանդիսացան որ անոնք մերձենան նաւերուն: Անոնք կը պատրուակէին՝ ըսելով, որ իրենք չէզոք երկիրներ են:
Այս ողբերգական պահուն կը պատահի բոլորովին անսպասելի դէպք մը: Այդ օրերուն, Զմիւռնիոյ նաւահանգիստ ժամանած էր ճափոնական առեւտրական նաւ մը՝ թանկարժէք իրերով բեռնաւորուած (մետաքս, գոհարեղէն, բարձրարժէք իրեր, յախճապակի): Ճափոնցի նաւապետը հեռադիտակով զննելով քաղաքէն մխացող ծուխը, ժողովուրդին խուճապը, դիակներով լեցուած նաւահանգիստը, խելագարած ժողովուրդին աղեկտուր ճիչերը, կ’որոշէ փրկել զանոնք՝ ինչքան որ կրնայ: Մարդկային խիղճը հանգիստ չի թողուր զինք: Եւ կը հրահանգէ բեռնաթափել նաւը եւ փրկել մահահալած խլեակները: Քեմալական զինուորներ կը հասնին նաւ՝ արգիլելու, որ ճափոնցի նաւապետը հրաժարի այդ միտքէն, նոյնիսկ կ’ունենան խստաոճ արտայայտութիւններ: Սակայն, նաւապետը կը մնայ անդրդուելի եւ ինք կը սպառնայ թուրքերուն, ըսելով՝ որ որեւէ ոտնձգութիւն իր եւ նաւուն նկատմամբ, պիտի նկատուի անարգանք Ճափոնի դրօշին ու կայսեր հանդէպ եւ սպառնալիք Ճափոնի հեղինակութեան, ինչ որ լուրջ հակահարուած կրնայ գալ այդ պետութեան կողմէ: Քեմալականներ ճարահատ նաւապետին վճռական կեցուածքէն, կը լքեն նաւը եւ գլխիկոր կը վերադառնան նաւահանգիստ: Այսպիսով, 825 յոյն եւ հայ վերապրողներ կը բարձրանան նաւ ու կը փրկուին մահուան ժանիքէն: Ճափոնական նաւը զիրենք ապահով կը հասցնէ Յունաստանի ծովափը, ուր կը շարունակեն իրենց կեանքը:
Հետաքրքրական է յիշել եւ իմանալ, որ երբ ճափոնցի նաւապետը նոյնը ընել կ’առաջարկէ քրիստնէապատկան նաւերուն եւ փրկել քրիստոնեայ խեղճ մնացորդները, անոնք նոյն անհեթեթ չէզոքութեան պատասխանը կու տան սառնասրտօրէն: Իսկ ճափոնցի նաւապետը կ’ըսէ՝ «ԵԹԷ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՍԱ Է, ՈՒՐԱԽ ԵՄ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՉԸԼԼԱԼՈՒՍ…»: Շառաչուն ամօթանք «քրիստոնեայ» կոչուած քաղաքականութեան եւ աշխարհին:
Այս իւրայատուկ պատմական դրուագին մանրամասնութեանց, ճափոնական նաւուն փրկարար արարքին եւ նաւապետին մարդկային առաքինութեան ու հայ-ճափոնական բարեկամական յարաբերութեան համապարփակ բացայայտումն ու ուսումնասիրութիւնը կը պարտինք երկու շնորհալի եւ համակրելի հայուհիներու՝ պատմաբան, դասախօս, գիրքերու հեղինակ Թեհմինէ Մարտոյեանին եւ տնտեսագէտ, միջազգայնագէտ, ճափոնագէտ Աննա Վարդանեանին. օրինակելի անձնաւորութիւններ անտարակուսելիօրէն:
Թ. Մարտոյեան լայնօրէն ուսումնասիրած եւ հրատարակած է Զմիւռնիոյ ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթեր: Բարեխիղճ գիտաշխատողը երեւան հանած եւ հրապարակած է այն մանրամասնութիւններն ու անոնց հետեւանքները, որոնք պատահեցան 1922 Սեպտեմբերին եւ փաստերու հիման վրայ հաստատած՝ թէ Զմիւռնիոյ աղէտը հայոց եւ յոյներու ցեղասպանութեանց շարունակութիւնն էր՝ քեմալական ձեռագիրով: Իր հերթին՝ Աննա Վարդանեան հետեւողականօրէն ընթացած է ճափոնական նաւուն հետագիծով, պրպտած ճափոնցիներու դրական վերաբերմունքը հայոց նկատմամբ: Կարելի է ըսել, որ ան նոր հորիզոն բացած է հայ-ճափոնական յարաբերութեանց մէջ: Եւ ոչ միայն Ճափոնի ուղղութեամբ, այլեւ՝ Յունաստանի, եւ բացայայտած այն յոյներու շառաւիղները որոնք փրկուեցան ճափոնական նաւուն շնորհիւ: Գրող Սոնա Մանուկեան այս առնչութեամբ կը գրէ՝ «Կարո՞ղ էք ասել քանի՞ պարէլ (barrel) նաֆթ արժէր նաւապետի մարդկային արարքը, եւ կա՞յ այնպիսի հարստութիւն, կաշառք, լինի ոսկի, խաւիար, դղեակ կամ լողաւազան, որի հետ կարելի է փոխել նաւապետի վեհանձնութիւնը: Խոնարհումս ճափոնացի ժողովրդին եւ իր արժանաւոր զաւակին»:
Յաւելենք, որ Թեհիմնէ Մարտոյեանի Զմիւռնիոյ ցեղասպանութեան նուիրուած գիտական մենագրութիւնը լոյս տեսաւ 2024-ին՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի հրատարակչութեամբ: Իսկ Աննա Վարդանեանի պատկերագիրքը՝ 2023-ին: Այս մասին հրապարակային միջոցառում մըն ալ կատարուեցաւ Հայաստանի յունական համայնքներու գրասենեակին մէջ (Երեւան – Տիգրան Մեծի պողոտայ), 17 Մայիս 2025-ին, ուր ցուցադրուեցաւ այս հետաքրքրական պատմութեան անիմացիոն ֆիլմը, որուն հեղինակն է յոյն բեմադիր Զախոս Սամոլադասը: