Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Փիլիսոփայական մտորումներ-26 ՃԱԿԱՏԱԳՐԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ

June 28, 2025
in Յօդուածներ
0

 

            Ճակատագրականութիւնը որոշ անձերու այն տրամադրութիւնն է, որու համաձայն՝ աշխարհի մէջ, ինչպէս  նաեւ իրենց կեանքին մէջ ինչ  որ պիտի պատահի արդէն գրուած է (ուրկէ ճակատագիր բառը) եւ նախասահմանուած, նախատնօրինուած, այնպէս որ երբ պիտի գիտնանք, մեր ջանքերը նախասահմանուածութիւնը պիտի չկարենան կանխել կամ արգիլել, ընդհակառակը զայն պիտի իրականացնեն։ Այս գաղափարախօսութիւնը յաճախ ներկայացուած է աստուածաբանական ձեւով․ ապագան կարելի չէ ծածկել յստակատես Աստուծոյ առջեւ։ Ճիշդ է, որ այս գեղեցիկ եզրակացութիւնը Աստուծոյ հզօրութիւնը կ՛ապացուցանէ։ Իրականութեան մէջ այս մէկը ինքնախաբէութիւն է`  բառախաղի ձեւով դրսեւորուած։

Նախասահմանուածութեան վարդապետութիւնը յաճախ սխալ մեկնաբանուած է։ Որովհետեւ այս վարդապետութեան հետեւորդները ճակատագրականութիւնը չեն հասկնար, որպէս Աստուծոյ իրենց լարած այն ծուղակը, որուն հետեւանքով ենթական, որ կը ջանայ ըլլալ արդար, ինչ կ՛ուզէ ըլլայ արտաքին առիթները, շնորհները, նոյնիսկ հրաշքները, դատապարտուած է կրելու այն ինչ որ տնօրինուած է նախօրօք։  Այսուհանդերձ ճակատագրի ենթադրեալ խառնուածքին խորհուրդը  վերացական կուռք մըն է։ Որովհետեւ բարեբախտաբար մարդ արարածը նուազ կախեալ է իր սեփական խորքէն եւ աւելի ենթակայ է իր արարքներուն ։ Զոր օրինակ մէկը որ խորքին մէջ խաբեբայ է, պիտի վարուի հետեւելով իր խառուածքին, երբեմն նոյնիսկ խաբելով պետութիւնը, սակայն բանաստեղծ մը, որ մարդոց կողմէ փառաբանուած է յաճախ, նոյն անձն է դատաւորին դիմաց։ Այս խիստ վարդապետութիւնը բազմաթիւ ապացոյցներ կը գտնէ մեղքերու, զղջումներու, նոյնիսկ քաւութեան դիտարկումի պարագային։ Երեխան, նոյնիսկ չափահաս անհատը իրենց կատարած սխալներուն նկատմամբ ճակատագիր մը կարդալու տրամադրուած չեն։ Երբ դատական հեղինակութիւնը իր վճիռը կ՛արձակէ` իրենք իրենցմէ կը յուսահատին եւ կը վարուին այնպէս զայրոյթով, թէ ամէն ոք հաւատացած է տրուած վճիռին, որ իրենք այս վերջինին արժանի էին։

Գուշակի մը կամ վհուկի մը կատարած գուշակութիւնները երբեմն կ՛իրականանան կամ հանդիպումով կամ որոշ  նախանշաններու կանխազգաց  ծանօթութեան շնորհիւ։ Շատ անգամ կը մոռցուին նման գուշակութիւններու ձախողութիւնները եւ ընդհանրապէս կը խօսուի դրական նախատեսումներու շուրջ։ Սակայն մարգարէներու նկատմամբ ցուցաբերուած հաւատքը աւելի խոր եւ թաքնուած արմատներ ունի։

Խուսափելի արկածի մը իրականացումը աւելի կը շեշտուի երբ մանաւանդ հակում ունենանք հաւատալու, որ անհնար էր խուսափիլ անկէ։ Երբ մօտաւոր անձի մը ատելութենէն կամ շան մը հաւանական յարձակումէն կը վախնանք, մեր այս ուղղութեամբ ունեցած գաղափարն է, որ երբեմն իրականութիւն կը դարձնէ այն, որ արդէն կը սպասէինք։ Հոս ճակատագիրը որեւէ դեր կամ իմաստ չունի։ Եթէ աւետուած ապագան միայն ինձմէ է որ կախում ունի, ես շուտով պիտի յաջողիմ գտնել նշանները իմ մէջս, խուսափելու համար մօտալուտ արկածէ մը, կամ ոճրագործութենէ, ձախող կամ յիմար արարքէ մը, որոնք մեկնակէտ ունին մտացածին ենթադրութիւն։

Իրականութեան մէջ ամէն անհատ իր ուրոյն մարգարէն է։ Որովհետեւ մեր բնազդական արարքները, վերեւ յիշուած սկզբունքներուն համաձայն, ինքնեկ են եւ անմիջական։ Հետեւաբար, քանի որ բնազդը մարդուն հիմնական ձգտումն է որեւէ արտաքին երեւոյթի դիմաց, յաճախ ճակատագրապաշտական հակումը կը սխալեցնէ ենթական, զայն ընդունելով որպէս սպասուած երեւոյթ։ Բանականութիւնն է որ պիտի յստակացնէ երեւոյթին իսկական բնոյթը։

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 35 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.